Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Երեք տարի առաջ, 2018 Մայիսի «յեղափոխութեան» պատրուակով կատարուած իշխանափոխութենէն ետք, Յուլիսի Երեւանի քաղաքապետական արտահերթ ընտրութիւններու աւարտին եւ Դեկտեմբերի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու նախօրեակին,Նոյեմբերի սկիզբը գրուած յօդուածով մը հարց կու տայի, թէ «Ինչո՞ւ չի գար յեղափոխութիւնը»։
Այդպէս ալ «յեղափոխութիւնը» չեկաւ։ Չէր կրնար գալ, որովհետեւ առանց հաւաքականութեան ինքնահաստատման ու զայն յուզող հարցերը հիմնաւորող գաղափարական յստակ տեսութեան եւ քաղաքական գործի բիւրեղացած ծրագրի, որեւէ յեղափոխութիւն դատապարտուած է ձախողութեան, վփրածուելու իշխանական ուժի ձեռքբերման այլակերպութեան, կամ մինչեւ իսկ ինքնուրացման։
Մեր պարագային, յանկերգուած «յեղափոխութիւնը» յեղափոխութիւն չէր, իսկ իրենք զիրենք «յեղափոխական» յորջորջողները յեղափոխականներ չէին։ Տեղի ունեցածը պարզապէս իշխանութեան տիրանալ էր եւ այդ ճամբով սեփական յղփացումներու առիթներ ստեղծել էր։ Յղփացումները, բնականաբար, միայն նիւթական չէին, այլ էին նաեւ սեփական ազդեցութեան տարածում, կամայականութեան սանձարձակութիւն եւ քաղաքական ուժի անկաշկանդ շահագործում։
Հայաստանի մէջ մենք գործ ունինք վերջին երեսուն տարիներուն հաստատուած քաղաքական յոռի մշակոյթի մը հետ, որ կը գերազանցէ երրորդ աշխարհի մէջ յամեցող ընկերա-քաղաքական ընկալումները։ Հայրենիքն ու հայրենի ժողովուրդը լուռ ու մունջ կ՚ենթարկուին ղեկավարող շրջանակի մը կողմէ սեփական տիրութիւնը պարտադրող իշխանական մշակոյթի մը, որուն արմատները պէտք է որոնել համայնավարական մենատիրութեան փորձառութեան մէջ։ Փորձառութիւն մը, ուր Հայաստանի իւրաքանչիւր նոր իշխանաւոր աւելի բիւրեղացուց այս տիրակալական ախտը։
Երեք տարի առաջ հայրենի ժողովուրդը վստահաբար յոյս ունէր, որ այս տիրակալական մշակոյթին վերջ կը դրուի։ Բայց այդ յոյսը չիրականացաւ, չէր կրնար իրականանալ, որովհետեւ նիկոլականները իշխանութեան կու գային ոչ թէ այս մշակոյթը քանդելու, այլ զայն աւելի ամրապնդելու ու խորացնելու։
Հեգնականը այն էր որ, ի տարբերութիւն նախորդող երեք իշխանութիւններէն, որոնք առնուազն կը փորձէին հեռաւորութիւն պահել պոլշեւիկեան ղեկավարման սկզբունքներէն, նիկոլական իշխանութիւնը հայրենիքի ղեկավարումը վերադարձուց 1920-ական թուականներու պոլշեւիկեան տիպի ղեկավարման մեթոդաբանութեան։ Այսօր Նիկոլ Փաշինեան, Արարատ Միրզոյեան եւ Տիգրան Աւինեան չեն տարբերիր իրենց պոլշեւիկ նախահայրերէն՝ Սարգիս Կասեաններէն եւ Աւիս Նուրիջանեաններէն։
Այս նոյնացումը այդքան ալ ձեւական չէ։ Նմանութեան եզրերը որքան շատ են, նոյնքան խորքային են։ Վերցնենք հետեւեալ երեք բնագաւառները։
Ազգային բնագաւառէն ներս հայ ժողովուրդը ապազգայնացնելու եւ ռուսականացնելու հայ պոլշեւիկներու նախաձեռնութիւնները անհամար են։ Այս բնագաւառէն ներս նոյնքան անհամար են նիկոլականներու նախաձեռնութիւնները։ Մեր ազգային արժէքները, մշակոյթը եւ պատմութիւնը նսեմացնելու նիկոլական ճիգերը հանրայայտ են այսօր։ Թուրքին եւ ազերիին հետ եղբայրանալու նիկոլականներու արկածախնդրութիւններ կը գլեն ու կ՚անցնին իրենց պոլշեւիկ պապերու նոյնանման փորձերը։ Այս եղբայրացումը այնքան զօրաւոր է, որ նիկոլականներու թրքասիրութիւնը սահման չի ճանչնար – բառին գործնական իմաստով եւս։ Շուշին կ՚ուզեն, Շուշին կու տան։ Հայաստանէն հող կ՚ուզեն, ուզուածը կու տան։ Մեղրիէն ճանապարհ կ՚ուզեն, անպայման պիտի տան...։ Նոյնիսկ պոլշեւիկ պապերը նիկոլականներու այս յանդգնութիւնը չէին ունեցած։
Իշխանութեան բնագաւառէն ներս հայ պոլշիւիկները հաւատարիմ մնացին իրենց մարքս-լենինեան «պրոլետարիատի դիկտատուրային»։ Նիկոլականները, կապկելով իրենց պոլշեւիկ նախահայրերու ղեկավարման ոճը, «պրոլետարիատի դիկտատուրայի» փոխարէն հաստատեցին «իմքայլականներու դիկտատուրա»։
Պետութեան մակարդակի վրայ պոլշեւիկեան գաղափարական հիմքերէն մէկն է պետութեան վերացումը։ Պոլշեւիկներու համոզումն է «պետութեան ընդհուպ անհետացումը»։ Նիկոլականները ապացուցեցին, որ պետութեան անհետացումի սկզբունքը կը սկսի պետութեան ձախողութեամբ՝ հասնելու համար ազգային պետութեան վերջնական քանդումին։ Ինչպէս պոլշեւիկներուն համար, նոյնպէս նիկոլականներուն համար վախճանական նպատակը ազգային պետութեան քանդումն է։
Հայ պոլշեւիկներու օրով «բախտաւոր» էր հայրենի ժողովուրդը այնքանով, որ Խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնը ձեւով մը պաշտպան կը հանդիսանար, որպէսզի ամբողջական քանդում տեղի չունենար։
Նիկոլականներու Հայաստանը, սակայն, նման պաշտպան չունի։ Հետեւաբար քանդումի վտանգը միայն պետութեան չէ, այլեւ հայրենիքին ու ժողովուրդին։ Արդէն քանդումը սկսած է հայրենի պետութեան ձախողումով։ Այսօր մենք ունինք ձախողած պետութիւն, որուն պիտի յաջորդեն միւս քանդումները։
Այս գծով հետաքրքրական էր վերջերս Ամերիկացի բարեկամի մը հետ ունեցած զրոյցս։ Կը խօսէինք Հայաստանի պարզած խեղճ վիճակի մասին։ Դառն էին Ամերիկացի բարեկամիս խօսքերը։ Դառն էին, որովհետեւ կը սիրէր Հայաստանն ու հայութիւնը, զօրակցած էր հայրենիքի բարելաւման մեր աշխատանքներուն։ Անհաւատալի էր իրեն համար Հայաստանի այսպիսի անկումը։
Կացութեան մասին իր վերլուծումը որքա՜ն դիպուկ էր եւ ցաւ պատճառող։ Ըսաւ հետեւեալը.- Խաբուեցաք ազատականութեան լոզունգներէն, բայց աւելի վատը՝ այդ լոզունգներով խաբեցիք նաեւ ձեր ժողովուրդը։ Փոխանակ տնտեսութիւնը զարգացնելու՝ քանդեցիք զայն։ Փոխանակ ձեր պաշտպանական զէնքերը հզօրացնելու եւ արդիականացնելու՝ թուլցուցիք ձեր բանակը։ Փոխանակ ամուր կառչելու ձեր ազգային արժէքներուն՝ օտարասիրութեամբ զբաղեցաք։ Փոխանակ պատասխանատուութեան հրաւիրելու երկրին պատասխանատուները, ձեզ կառավարողները ժողովո՛ւրդը հրաւիրեցին պատասխանատուութեան։ Ամբողջ պատերազմի տեւողութեան խաբեցիք ժողովուրդը։ Պարտուեցաք, բայց կը շարունակէք ըսել ,թէ յաղթեցիք...
Լուռ էի։ Ի՞նչ կրնայի ըսել։
Մեկնելէ առաջ Ամերիկացի բարեկամս ըսաւ, «Պարզապէս, այսօր Հայաստան ձախողած պետութիւն է։ Եթէ բան մը չընէք, պիտի ստանաք ձախողած ժողովուրդ մը։»
Նիկոլականները «յեղափոխութիւն» խոստացան, փոխարէնը ձախողած պետութիւն ստեղծեցին։
Բայց մեր ժողովուրդը ձախողած չէ։ Պէտք չէ եւ չի կրնար ձախողիլ, այլապէս կը քանդուի ե՛ւ հայրենի պետութիւնը ե՛ւ հայրենիքը։
Սեդօ Պոյաճեան
Լոս Անճելըս
Փետրուար 2, 2021