Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հուրրա… հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր առաջին սեքս սկանտալը. Եւ գրեթէ առաջին սեռային յեղափոխութիւնը:
Անժիկի մասին աղմուկը այնքան բարձր էր, որ հնարաւոր չէր խուսափիլ. բոլորս լսեցինք ու կարդացինք ու ծիծաղով փորձեցինք ներողամտաբար մօտենալ Անժելային: Միաժամանակ հարիւր հազարաւոր հայեր «Երկիր Մեդիաեյի» վրայ անհամբեր սպասեցին Անժելա Սարգսեանի պատասխաններուն (նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ կապ չունի կը վստահեցնեն մեզ նախագահական պալատէն – հետաքրքրական է ինչքան շատ մարդ Սարգսեան ազգանունը կը կրէ) «Կռուախնձոր» ծրագրի տուած սուր հարցերուն պատասխանելով Անժելան վերջնականապէս պիտի յստակացնէր մեզ յուզող հարցերը, պատմէր իրականութիւնը համացանցի վրայ իր սիրականի կողմէ տարածուած մերկ նկարներուն, ամուսնու հանդէպ անհաւատարմութեան, դաւաճանութեան, մայրութեան եւ շատ շատ կարեւոր այլ բաներու մասին:
Մեղքս չթաքցնեմ, ես ալ անպայման ուզեցի տեսնել եւ լսել Անժելային: Թէեւ չյաջողեցայ գտնել սկանատալային մերկ նկարները բաւարարուեցայ լսելով զրոյցը սակայն եկուր տես որ Անժելայի հարցը այդպէս ալ չէ փակուած, քանի Անժելայի սիրականի մայրը որոշեր է իր կարգին սկանատալային յայատարութիւններ ընել եւ բացայայատել «Անժիկի իսկական մերկութիւնը»:
Ինչո՞ւ կը խօսիմ Անժելայի մասին. որովհետեւ բարձրացուած աղմուկը, սոցիալական ցանցերու վրայ հարիւրաւոր, հազարաւոր ակնարկները կը վկայեն նիւթի այժմէականութեան մասին: Գրեթէ ամէն մարդ տեսակէտ ունի: Նոյնիսկ տեղ մը կարդացի, որ կան մարդիկ, որոնք զզուած են «Երկիր Մետիա» կայանէն եւ որոշած են ՀՅԴ շարքերէն դուրս գալ…. այո՛, ՀՅԴի շարքերէն դուրս գալ, ճիշդ կարդացիք:
Սակայն հետաքրքրական է, որ արտայայտուած մտքերուն, բարկութեամբ ու նողկանքով գրուած ակնարկներուն մէջ միշտ ու միշտ կը կրկնուին մի քանի բառեր. Հաւատարմութիւն, դաւաճանութիւն, սեքս, ընտանիք, ամօթ: Մէկ երկու մէջբերում.
«Նա դաւաճանել է իր ամուսնուն եւ դա նրանց անձնական ու ընտանեկան գործն է ամօթալին ոչ թէ սեքսն է այլ դաւաճանութիւնը»:
«…Այ եթէ, եթէ դաւաճանութեան խնդիր չլինէր ապա սեքսը կարող էր քննարկուել որպէս բնական պահանջ, նորմալ…»:
«Այս բոլորի մէջ կայ մէկ հետաքրքրական երեւոյթ, աղջիկներու, փոխուած ու հանգիստ վերաբերմունքը սեքսի նկատմամբ»:
«Ինչպէս ենք խեղդւում կարծրատիպերի մէջ, անհնարին է պատկերացնել…»
21-րդ դար, եւ տակաւին հայ ժողովրդի սովորութային համակարգը «բեթոնի» նման կը շարունակէ մնալ կարծր: Այդ համակարգի համաձայն կին թէ տղամարդ պէտք է դաստիարակուին իրենց դերին «լիարժէք» ծառայելու արմատացած գիտակցութեամբ: Բայց տարօրինակ զուգադիպութեամբ համակարգը միայն ու միայն պարտաւորութիւններ կը բեռցնէ հայ կնոջ վրայ:
Հայ կինը պարտաւոր է հետեւիլ ընդունուած աւանդական յստակ չափանիշներու: Որո՞նք են այդ չափանիշները. հնազանդութիւն, հաւատարմութիւն, տնային աշխատանքներու նուիրուելու պատրաստակամութիւն, հայրիշխանական եւ նոր ընտանիքի մշակութային միջավայրին յարմարուողութիւն: Երեւի այսքանը կը բաւէ, աւելին ցանկագրելու կարիք չկայ, հասկնալու համար որ հայ կինը մեր հասարակութեան մէջ երկրորդ կարգի արարած է:
Երբեւիցէ մտածե՞ր ենք որ ինչ կրնայ ըլլալ եթէ պահ մը, կախարդական գաւազանով այս սովորութային համակարգը գլխիվայր ընենք: Եւ ահա ծուխի ետին կամաց կամաց կը բիւրեղանայ նոր հայ տղամարդը՝ հաւատարիմ, հնազանդ, տնային աշխատանքներու նուիրուելու պատրաստակամ, շրջապատի կարիքներուն եւ յատկապէս կնոջ ընտանեկան հրամայականներուն յարմարուող:
Կը պատկերացնէ՞ք: Իհարկէ ոչ, քանի որ ամէն օր հակառակին փաստը կը տեսնենք:
Կինը մանկութենէն կը դաստիարակուի ընտանիքի շահերու պաշտպանութեան եւ հաւատարմութեան ու աւանդոյթներու պահպանման, հնազանդութեան ոգիով:
Ամուսինին՝ տղամարդուն հնազանդիլը մինչեւ այսօր մեր հասարակութիւնը կը համարէ կնոջ կարեւոր պարտականութիւններէն մէկը: Ամուսնական հաւատարմութիւնը կնոջ կարեւորագոյն պարտականութիւնը եւ պարտաւորութիւնը կը նկատուի, եւ փոքր իսկ նահանջը ենթակայ է հասարակութեան կողմէ դաժան վերաբերմունքի, նոյնիսկ՝ պատիժի: Կինը պիտի լուռ համբերէ, հանդուրժէ ամուսնոյն բոլոր «սանձարձակութիւններըե, քանի որ մենք, մեր հասարակութիւնը, կնոջմէ կը պահանջենք աւելի հանդուրժող ըլլալ, ողջախոհ ըլլալ:
Քանի կինը ամուսինին պատիւը կը նկատուի, եւ չես գիտեր ինչու այդ պատիւը ունի սեռային բնոյթ, կնոջ վարք ու բարքի սեռային իտէալին բնորոշ կը նկատուի պարկեշտութիւնը, հաւատարմութիւնը, զիջողականութիւնը եւ սեքսը:
Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, նոյնիսկ նորաստեղծ սփիւռքի տարածքին կը շարունակէ գերիշխել ընտանիքի նահապետական կենսաձեւը: Յատկապէս հարսերու նկատմամբ կիրառուած սահմանափակումներու համակարգը անհասկնալի է: Կը բաւէ մտնել Երեւանի, Աբովեանի, Գիւմրիի, կամ Արցախի որեւէ տուն, ինչու ոչ նաեւ Պուրճ Համուտի կամ Կլենտէյլի հայերու տուները՝ հասկնալու համար թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ այնտեղ:
Նահապետական հայ ընտանիքէն ներս դեռ եւս կը գործէ աշխատանքի սեռային բաժանման յստակ համակարգ: Օր մը իմ շատ սիրելի ընկերներէս մէկը՝ ատամնաբոյժ ուսանած, աշխատանքի չերթալը բացատրեց հետեւեալով ձեւով. «Լսեր է՞ք այս ասացուածքը: Տղամարդը դուրսի պատ է, կինը՝ ներսի»:
Նայեցէք մեր հայրենական տնտեսութեան հիմնական ճիւղերուն եւ կը հասկնաք շատ բան: Քանի՞ կին կայ բնագիտութեան կամ երկրաչափութեան ոլորտի մէջ. քանի՞ տղամարդ կ՛աշխատի երեխաներու հետ մանկապարտէզի մէջ:
Անժելա Սարգսեանի չարչրկուած պատմութիւնը իր մէջ կը պարունակէ մեր հասարակութեան համար ամէնէն աւելի թապու նկատուող նիւթերէն մէկու ազատականացման փաստը: Յատկապէս ամօթի, պատիւի, հայ ընտանիքի գաղափարներու արդիականացումը արդէն մեր կամքէն անկախ ինքզինք կը պարտադրէ:
Վերջ ի վերջոյ մեծ գաղտնիք բացայայտած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ մեր հասարակութիւնը արդէն տասնամեակներէ ի վեր կ՛ապրի երկակի բարոյական արժէքներու համակարգով, մէկը տղամարդոց համար, միւսը՝ կիներուն: Տղամարդուն համար արտօնուած է ամէն բան, կնոջ համար արգիլուած է ամէն ինչ:
Նիւթի մասին տեսակէտ ունեցող տղամարդ մը հետեւեալը կը գրէ սոցիալական ցանցին վրայ.« Հայ կնոջ մէջ հոգի չկայ, դեպրեսիւ (ճնշող-Խմբ.) ու անհրապոյր է հայ կինը արեւելեան եւ եւրոպացի կնոջ մի տարօրինակ խառնուրդ է, որը, գուցէ, որպէս կին եւ մայր յուսալի է, բայց որպէս կողակից՝ անհետաքրքիրե ։Ահա ինչ կը պատասխանէ Հայ կինը:
«Մեղաւոր է հայ տղամարդը, որ երբեք ազնիւ չէ իր կնոջ հետ, նոյնիսկ ամենաազատամիտ հայ տղամարդը հոգիով ու մտածելակերպով արեւելքցի է… ու եթէ հայ կնոջ մէջ խառնուած է եւրոպացին ու արեւելքցին, ապա հայ տղամարդը մնացած է նոյն բռնի արեւելքցի ռամիկը, որ բարձրաձայն կը դատէ ազատամտութեան ու ազատ բարքերու մասին, բայց մտքով կըսէ, որ անոնք իհարկէ չեն վերաբերիր իր քրոջ ու կնոջ»:
Կրկին այստեղ առաջատարը հայ կինն է: Կիներու եւ տղամարդոց հաւասար իրաւունքներու եւ հնարաւորութիւններու ապահովումը ժողովրդավարական, իրաւական, սոցիալական պետութիւն կառուցելու եւ քաղաքացիական հասարակութիւն կերտելու ամէնէն կարեւոր նախապայմանն է:
Թերեւս մենք արդէն բռներ ենք նորմալ հասարակութիւն ըլլալու ճամբան:
Թերեւս մեր հասարակութիւնը սեռային յեղափոխութեան շեմին է.
Երբեմն յեղափոխութիւնները կը սկսին անշշուկ:
ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ