կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-24 16:36
Սփյուռք

«Մենք Հոս Ենք, Այս Երկրի Հիմնադիր Համայնք Ենք, Եւ Այս Երկրին Պարտաւորութիւնն Է` Լիբանանեան Պետութիւն Եւ Բոլոր Համայնքներ, Նոյն Ձեւով Վերաբերելու Մեզի Հետ». Յ. Բագրատունի

«Մենք Հոս Ենք, Այս Երկրի Հիմնադիր Համայնք Ենք, Եւ Այս Երկրին Պարտաւորութիւնն Է` Լիբանանեան Պետութիւն Եւ Բոլոր Համայնքներ, Նոյն Ձեւով Վերաբերելու Մեզի Հետ». Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երկուշաբթի, 22 յունիս 2020-ին, «Վանայ ձայն»-էն հարցազրոյցի մը ընթացքին, զոր վարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Լիբանանահայութեան դէմ վերջերս ոմն Մունիր Հասանի եւ այլ անհատներու հնչեցուցած անարգական արտայայտութիւններուն եւ Հասանի ու Մերտինցիներու արաբական-լիբանանեան միութեան դէմ Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ աւելի քան 30 հայ ու ոչ հայ իրաւաբաններու կողմէ ներկայացուած դատական հայցին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Այս եւ նման հարցերու մէջ սորված ենք ըլլալ հանդարտ, որովհետեւ արագ հակազդեցութիւնները ամէնէն դիւրինը կը նկատուին, իսկ անհաշիւ կեցուածքները մեզ կրնան առաջնորդել այնպիսի հետեւանքներու, որոնք նուազագոյնը օգտակար չեն ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ` համայն հայութեան եւ Հայաստանի: Պոռալով հակազդելն ու կոտրտելը ամէնէն դիւրին եւ արագ հակազդեցութիւններն են»:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ թրքական թափանցումը նորութիւն չէ:

«Յիսունական թուականներուն` Քամիլ Շամունի օրերուն, Թուրքիոյ նախագահը այցելեց Լիբանան: Այդ շրջանին օրերը աւելի լաւ էին, լիբանանեան պետութիւնը դիմած էր միջոցառումի մը, որ լիբանանահայերը պատշգամ չելլեն, որպէսզի յատուկ վերաբերում չըլլայ: Այսինքն` մենք կը խօսինք այն օրերուն մասին, երբ Պաղտատի ուխտը կար, Պաղ պատերազմի օրեր էին եւ այլն: Թուրքիոյ ներկայութիւնը միշտ ալ եղած է, հետեւաբար անիկա նորութիւն մը չէ: Այսօրուան նորութիւնը այն է, որ մարդիկ աւելի արագ կը գիտնան` ընկերային ցանցերուն միջոցով, եւ արագ կը հակազդեն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ներկայութիւնը զգալի էր: Ճիշդ է, որ զուտ հակահայ նպատակներով չէր, եւ չէ նաեւ այսօր:

Ընկեր Աբօ Աշճեանը առեւանգողները թուրքերն էին, եւ մենք հակազդեցինք: Պատերազմի օրերուն թրքական գաղտնի սպասարկութիւններուն կազմակերպութեամբ կատարուեցան նաեւ հակահայ արարքներ, որոնք սակայն գործադրուեցան լիբանանցիներու կողմէ:

Գիտենք օրինակ, որ Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ եւ անոր մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին պայթումը Թուրքիոյ թելադրանքով եղած է: Նոյնը պատահած է Գամիշլիի եւ այլ վայրերու մէջ», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ շրջանային առումով, Թուրքիա տասնամեակներ առաջ` 1990-ականներուն նոյն արտայայտութիւնները ունեցած է` Հալէպի եւ Իրաքի մէկ մասը թրքական հողամաս նկատելու մասին: Օրին` Թուրկութ Էօզալի եւ Թանսու Չիլլերի արտայայտութեամբ, այսօր` Էրտողանի, որոնք նոյն մետալին տարբեր երեսներն են:

«Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան հարցին, պէտք է գիտնալ, որ Լիբանանի մէջ հինէն ի վեր թրքածին – օսմանածին անհատներ եղած են: Օսմանեան կայսրութիւնը դարեր շարունակ Լիբանանի մէջ եղած է` զայն գրաւելէ ետք: Կան ընտանիքներ, որոնք խառն ամուսնութիւններու պատճառով ունին օսմանցի նախնիներ, որոնք կը պատկանին սիւննի համայնքին: Համայնք մը, որուն հետ մենք հարց չունինք: Ժամանակի ընթացքին հիւսիսի մէջ երկու գիւղեր աւելի ցուցական ձեւով հաստատեցին իրենց թրքածին ըլլալու իրողութիւնը, սակայն անոնք միաժամանակ լիբանանցիներ են եւ անոնց հետ նոյնպէս հարց չկայ:

Ինչպէս որ մենք հայածին լիբանանցիներ ենք, անոնք թրքածին են, ուրիշներ քրտական արմատներ ունին: Լիբանանի ժողովուրդին մեծ մասը համայնքային պատկանելիութիւն ունի: Ինչպէս մենք մեր պապենական հողերէն եկած ենք Լիբանան` Ցեղասպանութենէն ետք եւ Ցեղասպանութենէն առաջ, ուրիշներ եւս եկած են Եմէնէն, Արաբական թերակղզիէն, Իրաքէն, Սուրիայէն եւ այլ վայրերէ:

Այսօր յստակ է, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւններն ու թրքական պետութիւնը կ՛ուզեն քաղաքական – տնտեսական դերակատարութիւն ունենալ Լիբանանի մէջ` այնպէս ինչպէս այսօր անոնք քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական ներկայութիւն ունին Սուրիոյ մէջ, Իրաքի մէջ ու հասած է մինչեւ Լիպիա:

Երբ մենք կ՛ըսէինք, որ ծրագիրը այսքան մեծ է` մարդ չէր հաւատար, կամ նուազագոյնը կ՛ըսէին, որ այս բոլորը ծնունդ է հինէն եկած ձեր մտայնութեան, կանխատրամադրուածութեան, որ դուք Թուրքիան կը նկատէք թշնամի, սակայն նման բան գոյութիւն չունի: Փաստօրէն այսօր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա, Լիպիոյ մէկ մասը, Եգիպտոս, Սուրիա կը շօշափեն նոր օսմանցիութեան կամ թրքական տրամադրութիւնները, որոնք կը դրսեւորուին Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ծրագիրներով` Միջին Արեւելքի մէջ, հասնելով Լիպիա, որպէսզի ան կարենայ ափրիկեան ցամաքամաս հասնիլ եւ ծովային յաւելեալ մօտիկութիւն ստեղծել եւրոպական ցամաքամասին հետ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ Լիբանանի մէջ մեր վկայած վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, թէ իրանեան ներկայութիւնը հաւասարակշռելու համար, անոր զուգահեռ թրքական ներկայութիւնն ու թափանցումը յաւելեալ արժէք ստացած է եւ անիկա առնչուած է համայնքային որոշ կապուածութեան, այսինքն` Լիբանանի սիւննի համայնքին:

«Հոս կ՛ուզեմ ըսել, որ հանդիպում մը ունեցայ նաեւ ներքին գործոց նախարարին հետ, որ սիւննի համայնքին կը պատկանի: Փաստօրէն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այս բոլորէն դժգոհ է:

Այն ինչ որ պատահեցաւ պատկերասփիւռի «Ժատիտ» կայանին վրայ, հաղորդավար Նշան Տէր Յարութիւնեանի յայտագիրին ընթացքին, իբրեւ հակազդեցութիւն նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի մէկ միտքին, թրքական արտայայտութիւններու դուռ բացաւ: Սակայն պէտք է հասկնալ, որ յայտագիրի մը ընթացքին նման հակազդեցութիւն չըլլալու պարագային ալ Թուրքիա տրամադիր է շահագործելու հայկական գործօնը, որպէսզի ներքին անհամութիւններ եւ անհանգստութիւններ ստեղծէ:

Բոլորիս համար ծանօթ իրականութիւն է, որ փողոցը հանգիստ չէ: Բոլորս գիտենք, որ պզտիկ հայհոյանք մը, դրօշակ մը, անտեղի արտայայտութիւն մը կամ անտեղի խափանարարութիւն մը` կրնայ միջհամայնքային լարուածութիւն ստեղծել: Իսկ մենք` իբրեւ հայեր, Լիբանանի մէջ մեր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ պատերազմէն առաջ եւ մինչեւ օրս, ինչքան զգուշ ենք նման դաւի մը մէջ իյնալէ: Անշուշտ չենք վախնար, փա՛ռք Աստուծոյ, մենք ունինք այնպիսի՛ երիտասարդներ, որոնք իրենց քաջութեամբ եւ խիզախութեամբ դաս կու տան ուրիշներու, բայց մենք նման հարցերու մէջ միջամուխ ըլլալու յաւելեալ արիւն չունինք: Լիբանանի, հայութեան եւ Լիբանանի բոլոր համայնքներուն համար մենք պարտաւորուած ենք պահելու այսօրուան համայնքային համակեցութիւնը եւ չհարուածելու զայն: Այդ էր պատճառներէն մէկը, որ կոչ ուղղեցինք մեր ժողովուրդին չիյնալու այս թակարդին մէջ:

Ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած երկու յաւելեալ վիտէօ սիրտ պաղեցնելէ անդին ոչինչի կը ծառայէ, իսկ եթէ Լիբանան հաստատուած գաղթական մը` Մերտինէն եկած, կը յանդգնի ըսել, որ հայերը գաղթական են` այո՛, Լիբանանի անունը գաղթականներու երկիր է: Բոլորն ալ Լիբանանի մէջ գաղթական են, իսկ ո՛վ որ շատ դժգոհ է Լիբանանէն եւ անպայմանօրէն կը փափաքի իր օսմանեան, թրքական սէրը, կապուածութիւնը, արմատները վերագտնել եւ կը տեսնէ, որ այդ երկիրը աւելի հանգիստ է, ապա լիբանանցիները դժգոհ չեն ըլլար, եթէ անոնք լքեն Լիբանանը եւ երթան հոն, ուր հանգիստ կը զգան:

Զիս մտահոգողը այն չէ, թէ Մունիր Հասանը եւ անոր նմանները ի՛նչ կ՛արտայայտուին, որովհետեւ այդ յայտարարութիւնները կը յանձնուին ներքին գործոց նախարարին, գաղտնի սպասարկութիւններուն, աւելի ուշ այդ մասին պիտի գիտնայ նաեւ պաշտպանութեան նախարարը, մօտիկ ապագային հանրապետութեան միւֆթի` շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանին հետ նոյնպէս հանդիպում մը պիտի ունենանք:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին Թրիփոլիի մէջ թրքական դրօշակներ ծածանեցնելու եւ այլ երեւոյթներու պատճառով ալ այցելեցի հիւսիսի միւֆթի Մալեք Շաարի, որ անձամբ հաստատեց, որ համայնքային խնդիր գոյութիւն չունի:

Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, անիկա համայնքային հարց չէ: Ո՛չ մենք կը հարուածենք կամ յանցաւոր կը նկատենք Լիբանանի սիւննի համայնքը` Ցեղասպանութեան հարցով, անոնք գործակից են մեզի: Ո՛չ ալ իրենք պէտք է մտածեն, թէ որովհետեւ ցեղասպանը թուրք է եւ պատահած է, որ ան իսլամ է, իսկ իսլամութիւնը ամբողջութեամբ հեռու է ցեղասպանութենէն: Ցեղասպանն ու ոճրագործը այդպէս են, անկախ իրենց համայնքէն:

Եթէ պատահէր, որ յայտագիրի ընթացքին Ուիամ Ուահապի խօսակից հաղորդավարը ըլլար մարոնի մը, յոյն ուղղափառ մը, կամ Եգիպտոսէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Իրաքէն կամ Սուրիայէն սիւննի համայնքի զաւակ մը, ապա անոնք Նշանին արտայայտութենէն շատ աւելի սուր կրնային հակազդել եւ համայնքային խնդիր չէր ստեղծուեր: Ինչո՞ւ Նշանին համար համայնքային հարց պիտի ստեղծուի եւ ինչո՞ւ երբ հայ մը հրաւիրուի պատկերասփիւռի կայան մը, լրագրողները պէտք է անպայման նոյն անհեթեթ հարցումը հարցնեն, թէ Լիբանա՞նը կը նախընտրես, թէ՞ Հայաստանը:

Այս բոլոր հարցերուն մէջ հիմնականը զգօնութիւնն է եւ զգուշ ձեւերով հարցերուն մօտենալն է», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Անդրադառնալով ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն շրջանառութեան մէջ դրուած ձայնային յղումներուն, որոնց համաձայն լիբանանահայութեան դէմ ջարդը սկսած է եւ պէտք է Լիբանանէն Հայաստան երթալ ու այդ նպատակով Ազգային առաջնորդարանին մէջ անունները արձանագրել, երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ անոնք անիմաստ արտայայտութիւններ են, որոնք ամբողջութեամբ անճիշդ են:

«Ո՛չ Հայաստանը ներկայիս նման ծրագիր ունի, ո՛չ ալ լիբանանահայութիւնը նման տրամադրութիւն ունի: Ո՛վ որ կ՛ուզէ երթալ, կ՛երթայ հոն, ուր կը փափաքի: Իսկ ո՛վ որ չ՛ուզեր, հոս կը մնայ: Ստեղծուած այս խուճապը անիմաստ է: Սիրելի՛ հայորդիներ, մենք հոս ենք, այս երկրի հիմնադիր համայնք ենք: Մեր այս երկրին մէջ ապրած ենք: Այս երկիրը մեզի ընդունած է, եւ մենք անոր տասնապատիկը երախտապարտութեամբ տուած ենք: Հաւասարազօր քաղաքացիներ ենք: Ո՛չ ոքի կ՛արտօնենք մեզ գաղթական նկատել: Պատիւ ունինք, որ գաղթական ենք: Երանի բոլոր գաղթականները մեզի պէս ըլլան եւ աշխատին երկիրը հարստացնելու, շէնցնելու եւ կառուցելու: Վիզը ծուռ քաղաքացիներու հոգեվիճակը չունենանք: Մենք Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան տակ ճորտ, ստրուկ ժողովուրդը չենք այլեւս: Մենք այս երկրին մաս կը կազմենք: Մենք այս երկրին մէջ ճիգ եւ ջանք ունինք, եւ այս երկրին պարտականութիւնն է, պարտաւորութիւնն է` լիբանանեան պետութիւն եւ բոլոր համայնքները, նոյն ձեւով վերաբերելու մեզի հետ, այնպէս ինչպէս մենք կը վերաբերինք ուրիշներու հետ, այնպէս ինչպէս կը պահանջենք, որ բոլորը վերաբերին բոլորին հետ:

Հետեւաբար սիրելինե՛ր, ո՛չ Մունիրներ, ո՛չ ալ Մունիրներուն հայրերն ու զաւակները, ո՛չ եղբայրներն ու քոյրերը, մեզի սարսափեցնելու վիճակին մէջ պէտք է ըլլան: Երբեմն մենք կը մոռնանք, որ մենք հայ ենք, խիզախ ժողովուրդ ենք:

Խուճապի մատնուելու կարիք չկայ, որովհետեւ այսօր մեզմէ աւելի լիբանանեան պետութիւնը մտահոգ է այդ արտայայտութիւններով: Մենք իրաւական բոլոր քայլերուն դիմած ենք, եւ կ՛ուզեմ նաեւ տալ այլ օրինակ մը. այսպէս կոչուած յեղափոխական երիտասարդ մը, որ հիւսիսի մէջ ձերբակալուած է, լիբանանեան գաղտնի սպասարկութիւններուն կատարած հարցաքննութեան ընթացքին խոստովանած է, թէ ինք թրքական գաղտնի սպասարկութիւններէն դրամ կը ստանայ` քանդելու համար Պէյրութը», հաստատեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ լիբանանահայութիւնը եւ անոր ղեկավարութիւնը արթուն են եւ զգաստ:

«Իսկ Հայաստանի պետութեան եւ դեսպանին միջամտութիւնը պահանջողներուն կ՛ըսենք, որ Հայաստանի պետութիւնը իր դիւանագիտական կապերով եւ միջոցներով կրնայ իր հայեցողութեամբ օգտակար ըլլալ: Սակայն մենք չենք ակնկալեր, չենք ալ ուզեր, որ Հայաստանի պետութիւնը Լիբանանի հայութեան քաղաքական ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլայ: Երբ կը քննադատենք, թէ այլ համայնքներ, որոնք կապուածութիւն ունին այլ երկիրներու, որոնք միջամուխ կ՛ըլլան լիբանանեան ներքին հարցերուն, ապա չենք փափաքիր նոյն սխալին մէջ իյնալ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ լիբանանահայութեան սիրոյն:

Մենք չենք փափաքիր, որ հայ պետական քաղաքական այրեր կամ կիներ կեցուածք ունենան այս հարցերուն մասին: Բնականաբար կը մտահոգուին, պէտք է մտահոգուին: Սակայն այդ մօտեցումը, որ կաթողիկոսը ո՞ւր է, առաջնորդը ո՞ւր է, մերժելի է: Այս հարցը համայնքային խնդիր չէ, որ հոգեւոր պետերը միջամտեն: Այս հարցը զուտ քաղաքական խնդիր է, եւ քաղաքական ուժերը զգաստ են: Տակաւին այդքան յարգանք կը վայելենք այս երկրին մէջ, որ կրնանք այս հարցերուն պարագային պէտք եղած կեցուածքները ունենալ:

Երեսփոխան Բագրատունի վերահաստատեց միջհամայնքային տագնապ ստեղծելու միտումով լարուած թակարդներէն խուսափելու կարեւորութիւնը: «Աստուած մի՛ արասցէ, եթէ մենք այդ երիտասարդին վիտէօ հրապարակած նոյն գիշերը ցոյցեր կազմակերպէինք եւ մեր երիտասարդներէն մէկուն ականջը արիւնէր, ի՞նչ շահած կ՛ըլլայինք: Չսորվեցա՞նք տակաւին, որ Լիբանանի մէջ զիրար կը սպաննեն եւ յետոյ իրարու հետ կը համբուրուին: Տակաւին տասը օր առաջ Շիյահի եւ Այն Ռըմմանէի մէջ գիշերը իրարու վրայ կրակեցին եւ առաւօտեան գացին իրարու մօտ եւ համբուրուեցան: Տակաւին կռուիլը եւ բախումներու մէջ ներքաշուելու մարմաջը ցոյց կու տան, որ անոնք անցեալի բարդոյթներէն դուրս չեն ելած, իսկ համբուրուիլը անկեղծ չէ:

Մենք մեր պատմութենէն բաւական բան սորված ենք: Մենք գիտենք ինչպէս կը խնայենք մեր ժողովուրդը, բայց դարձեալ կը կրկնեմ, որ մեր երիտասարդները այնքան խիզախ են, որ երբ ժամը հնչէ` գիտեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք եղած ձեւով պիտի պատասխանեն նման հարցերու:

Այսօր մենք օրէնքի եւ արդարադատութեան սահմաններուն մէջ ենք», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Երկրին տնտեսական իրավիճակին եւ ժողովուրդին մօտ տիրող ընդհանուր յուսահատական մթնոլորտին մասին հարցումի մը պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ տնտեսական իրավիճակը անտարակոյս վատ է, եւ արտակարգ տնտեսական իրավիճակ է, որուն իբրեւ հետեւանք մենք բնաւ պիտի չվերադառնանք 2017-2018 տարեշրջաններուն եւ անկէ առաջ մեր առօրեայ ապրելակերպին:

«Այո՛, այսօր մարդիկ պիտի չկարենան տարին երեք-չորս անգամ ճամբորդել` պտոյտի երթալ: Պիտի չկարենան երկու տարին անգամ մը ինքնաշարժը փոխել, միջազգային վաճառանիշներով հագուստներ հագուիլ, շաբաթը երկու անգամ ճաշարան երթալ եւ ապրիլ այն կեանքը, որ ապրեցանք տարիներ, ու այսօր կը հասկնանք, թէ անիկա իրականը չէր, այլ` խաբուսիկը: Մենք այդ բոլորը կ՛ապրէինք դրամատուներու հաշուոյն` տոկոսներով, դրամատնային վարկերու ընդմէջէն, որպէսզի մեր առօրեային մէջ ուրախ ըլլանք:

Արտօնեցէ՛ք ըսելու նաեւ հետեւեալը, որ այդ վիճակին մէջ մեր հայորդիները կրթաթոշակ չէին վճարեր եւ զեղչ կը խնդրէին: Միաժամանակ Ս. պսակի արարողութիւնը կը կատարէին` հարսանեկան խրախճանքներով, սակայն Ազգային առաջնորդարանէն զեղչ խնդրելով կամ դիմելով «Ազգային ինքնութեան ֆոնտ»-ին:

Նոյն ատեն հայ ուսանողները շաբաթը երեք անգամ իրենց ժամանակը կ՛անցընէին Մար Մխայէլի փապերուն մէջ, սակայն կրթաթոշակի դիմումներ կը կատարէին զանազան ֆոնտերու եւ հաստատութիւններու մօտ:

Այո՛, շատ կը ներեն մեր հայորդիները, սակայն անկեղծօրէն պիտի ըսեմ, որ այդ շփացածութիւնը վերջ գտած է:

Հոս անշուշտ քաղաքացիին մօտ կը ծագի այլ հարց, թէ իրենք ի՞նչ յանցանք ունին այս բոլորին մէջ, եթէ պետութեան որոշումի շրջանակներուն մէջ եղած են գողեր, որոնք նիւթական իւրացուցած են:

Այսօր վատ վիճակի մէջ ենք: Լալէ եւ բախտը անիծելէ ետք, իւրաքանչիւրը իր իմաստութեան կը վերադառնայ` համոզուելով, որ ինքը լուծումներ պէտք է գտնէ: Այսօր իւրաքանչիւր հայ մարդ առաջին հերթին պարտաւոր է իր ընտանիքին նկատմամբ հոգածութիւն ցուցաբերել: Եթէ օրինակ ընտանիքին մէջ չորս հատ բջիջային հեռախօս կայ եւ չորս ինքնաշարժ, կարելի չէ այդպէս շարունակել: Ստիպուած ենք մոռնալ անցեալը: Եթէ լաւ օրերը մեզ հեռացուցած էին հայութենէն եւ առաջնորդած դէպի օտար վարժարաններ, ուր հազարաւոր տոլարներ կը վճարէինք իբրեւ կրթաթոշակ, ապա պիտի համեստանանք եւ վերադառնանք հայկական վարժարաններ, որոնք համեմատաբար աւելի մատչելի են: Մենք պէտք է վերադառնանք մեր միութիւնները, որոնք բացառիկ կերպով կ՛օժանդակեն մեր ժողովուրդին: Վերջին հաշուով մենք պետութեան աշխատանք կը կատարենք: Մինչեւ պետութիւնը կարենայ 100 կամ 200 հազար լ. ոսկիի օժանդակութիւն տրամադրել կարիքաւորներուն, մենք այդ բոլորը կատարեցինք, ինչպէս նաեւ պետութեան մօտ` վարչապետարան, ներքին գործոց նախարարութիւն եւ այլ շրջանակներու մօտ միջամտեցինք, որ համայնքային դրութեամբ պետութեան բաշխելիք գումարներուն մէջ ընդգրկուին նաեւ հարիւրաւոր հայեր», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ինք համոզումով եւ ուրախութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք Լիբանանի այս դժուարին պայմաններուն մէջ իրենց ձեռքը բացին եւ օգտակար եղան` միութիւններու ճամբով, կաթողիկոսարանի, Ազգային առաջնորդարանի, միւս համայնքներուն ճամբով:

«Ուրիշներ անհատաբար կատարեցին օժանդակութիւն եւ վիտէոներ տարածեցին այդ մասին: Ինչո՞ւ: Մենք ստիպուեցանք վիտէօ պատրաստել, որովհետեւ ժողովուրդը չի գիտեր, թէ այդ ամբողջ աշխատանքը կը կատարուի: Անկեղծօրէն կ՛ըսեմ, որ մենք ոչ մէկ ակնկալութիւն ունինք մեր կատարածին համար: Եթէ ուրիշներ երկու տարի ետք կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար քուէներ ապահովելու համար կատարեցին օժանդակութիւնները, ապա այդ քուէն շնորհաւոր ըլլայ անոնց: Մենք մեր ժողովուրդին սէրը ունինք. անոնք կը փափաքին իրենց քուէն տալ` կու տան, չեն ուզեր` չեն տար: Մենք կը շարունակենք մեր ժողովուրդին հետ մնալ: Կ՛ուզեն երեսփոխան ընտրուինք` կ՛ընտրուինք, չեն ուզեր` չենք ընտրուիր: Չեն ուզեր նախարար ունենալ` չենք ունենար: Բայց մնայուն կերպով ժողովուրդին հետ ըլլալը տարբեր բան է, եւ կացութիւններ շահագործելով ժողովուրդին քով սէր եւ գուրգուրանք փնտռելը` տարբեր բան:

Այսօր ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կ՛ըսեմ, որ Լիբանանի հայութիւնը առանձին չէ: Գիտէինք, չենք զարմանար, որ այսօր ինչո՞ւ մարդիկ մեզի հետ են: Երբ տասնամեակներ շարունակ Լիբանանը զօրակցած է Լիբանանէն դուրս բոլորին` Սուրիայէն սկսեալ մինչեւ Իրաք եւ Եգիպտոս:

Վերադառնամ մինչեւ 40-ական թուականներ, երբ Պաղեստինէն գաղթականներ եկան Լիբանան, մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, ուր մեր մտաւորականութիւնը, մեր երիտասարդները գացին` միութիւններու մէջ աշխատեցան. Լիբանանի մէջ թրծուած մեր երիտասարդները, խմբագիրները, տնօրէնները, ուսուցիչները, գործավարները, բոլորը:

Երբ Հայաստանը մեր կարիքը ունեցաւ` հոն էինք, Արցախը պէտք ունեցաւ` դարձեալ հոն էինք: Եւ այսօր հպարտօրէն կ՛ըսեմ, որ այո՛, մեզի հետ են Արեւմտեան Ամերիկայէն մինչեւ Քանատա, Աւստրալիա, Արժանթին, Պրազիլ, Ուրուկուէյ, մինչեւ Իրաք, Կիպրոս, եւրոպական մեր տարբեր համայնքները, մինչեւ Արցախ ու Հայաստան:

Արցախի կողմէ Լիբանանի հասած նուիրատուութիւնը` Ազգային առաջնորդարանին ճամբով, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եկած օժանդակութիւնը` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին ճամբով, աննկատ պէտք չէ մնան:

Գումարներու մասին չեմ ուզեր խօսիլ. մէկ տոլարն իսկ 100 տոլար կ՛արժէ, երբ զօրակցութիւնը կու գայ սրտով ու համոզումով:

Արեւմտեան Ամերիկա, Քանատա, Հարաւային Ամերիկա, Եւրոպա, միջինարեւելեան երկիրներ, որոնք բոլորն ալ տագնապի մէջ են, անհատ բարերարներ սիրով, նուիրումով եւ իրենց յարմար տեսած ձեւով կ՛ուզեն օժանդակել Լիբանանի հայութեան:

Այս բոլորը ինչո՞ւ խուճապ պիտի ստեղծեն լիբանանահայութեան մօտ:

Առաջին հերթին մեր միութիւնները` բոլոր միութիւնները` ՀՅԴ-ի կողքին, Բարեգործական միութիւն, Ռամկավար եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները, հայ կաթողիկէ համայնքը, հայ առաքելական եւ աւետարանական համայնքները, ոգի ի բռին կ՛աշխատին ծառայելու ժողովուրդին:

Երկրորդ հերթին Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք մեր կողքին են:

Երրորդը` ցաւ ի սիրտ պիտի ըսեմ, որ մեր ժողովուրդին մօտ կայ վատ սովորութիւն մը, որ ապերախտութիւնն է: Մեր պարտաւորութիւնն է օժանդակել բոլորին եւ շնորհակալութեան խօսքեր չենք ակնկալեր, սակայն ապերախտութիւնը անընդունելի է մեզի համար: Զիս ոչ ոք անասուններու դէմ տրամադրուած մարդ թող նկատէ, սակայն անընդունելի է, որ կարիքաւորին մեր տրամադրած սննդեղէնի կտրօնով կատուի ճաշ գնուի:

Այսօրուան կացութիւնը պատեհապաշտութեան կացութիւն չէ: Օժանդակութիւն ստանալու եւ մուրացկանութեան միջեւ տարբերութիւնը մեծ է, սիրելի՛ ժողովուրդ: Կատարեալ անկեղծութեամբ կ՛ըսեմ այս բոլորը:

Պատի՛ւ բոլոր բարերարներուն, որոնք օժանդակութիւն կը կատարեն, իսկ անոնք, որոնք չեն օժանդակեր, պէտք է իմանան, որ եթէ լիբանանահայութիւնը տկարանայ, ապա Լիբանանի մէջ անոնց ունեցուածքներն ու ինչքերը եւս անապահով կը դառնան: Անոնք պէտք է գիտնան, որ եթէ իրենց հաստատութիւնները քանդուին, վաղը իրենց հաստատութիւններուն մէջ աշխատող հայ պաշտօնեայ պիտի չգտնեն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանահայութիւնը ամուր է եւ ամուր կը մնայ: «Համագաղութային իմաստով մենք վերակազմակերպուելու հրամայականին դիմաց կը գտնուինք: Մեր առաջնահերթութիւնները ճշդելու պարտաւորութիւնը ունինք: Եթէ անցեալին իբրեւ միութիւններ, յարանուանութիւններ եւ կուսակցութիւններ կրնայինք հանգիստ պայմաններով ամէն ինչ կատարել, այսօր պիտի ճշդենք առաջնահերթութիւնները:

Այսօրուան առաջնահերթութիւնը կարիքի մէջ եղող մեր ժողովուրդի դասակարգին օժանդակելն է, որպէսզի ապրին:

Կ՛ուզեմ նաեւ նուրբ հարցի մը անդրադառնալ եւ անկեղծանալ հաստատելով, որ դրամանիշի արժեզրկումէն անդին մերժելի է հոգիի եւ արժանապատուութեան արժեզրկումը: Հետեւաբար մենք համոզուած ենք, որ անհատին ֆիզիքական գոյութիւնը կը պահպանենք` հաւաքականութեան ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելով, իսկ հաւաքական ամրութիւնը կը պահպանենք բոլորին ճիգերով:

Այսօր շքանշան եւ դափնեպսակ ստանալու օրերը չեն, այլ` միայն գործի, աղմուկէ ու խուճապէ հեռու, իսկական գործի օրերն են:

Մեր ազգային կառոյցները եւ մեր ժողովուրդը առանձին չեն: Առաջնահերթութիւնը մեր ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութիւնն է, երկրորդը` դպրոցներն են, որոնք ամէն գնով պիտի աշխատինք պահել եւ որոնց աշակերտութեան թիւը պարտաւոր ենք աւելցնել: Օտար դպրոց յաճախող մեր աշակերտները պարտաւոր են վերադառնալ մեր ազգին գիրկը, որպէսզի իբրեւ համայնք ամուր մնանք:

Լաւ նայեցէ՛ք ձեր շուրջը, երբ զանգը հնչէ Լիբանանի մէջ` ամէն մարդ իր համայնքին կը վերադառնայ: Չհաւատանք փողոցը հնչող այն կարգախօսներուն, որ Լիբանանը համայնքներէ վեր է: Մենք նման մթնոլորտի մէջ դերակատար չենք կրնար ըլլալ: Այն օրը, երբ երկրին մէջ համայնքային դրութիւնը ջնջուի, մենք պարտաւոր ենք ըլլալ այնքան զօրաւոր, որպէսզի համալիբանանեան համայնքին մէջ նաեւ կարենանք ունենալ աւելի քան այն դերակատարութիւնը, որ այսօր ունինք», հաստատեց ան:

Անդրադառնալով երկրին քաղաքական կացութեան` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երկրին քաղաքական կացութիւնը խճճուած է, որովհետեւ արտաքին ուժեր կը միջամտեն լիբանանեան քաղաքական ներքին հարցերուն, եւ անոնց պատճառով քաղաքական տագնապները աւելի կարծր կերպով կը դրսեւորուին:

«Երկիրը տակաւին փտածութեան մէջ է: Այն բոլոր արտայայտութիւնները, թէ իբրեւ քաղաքացիներ կ՛ուզենք ապրիլ արժանավայել կերպով, ընկերային արդարութեամբ, փտածութենէ զուրկ երկրի մը մէջ, վերջ տալ պետական գանձի իւրացման եւ մսխումին, քննելի չեն, վիճելի չեն` իրականութիւններ են: Ցաւալին սակայն այն է, որ այս կարգախօսները կը կրկնեն անոնք, որոնք փտածութեան եւ պետական գումարներու իւրացման խորհրդանիշներն են:

Քաղաքական իմաստով մեծագոյն խնդիրներէն են Լիբանան-Իսրայէլ թշնամական յարաբերութիւններն ու Հըզպալլայի զէնքի խնդիրը: 17 հոկտեմբերի ցոյցերէն քանի մը օր ետք, որոշ շրջանակներ սկսան խօսիլ Դիմադրութեան զէնքին, լիբանանեան օրինականութեան ու սահմաններու հսկողութեան մասին: Այսօր կը խօսուի ՄԱԿ-ի բանաձեւերու գործադրութեան, Լիբանան-Սուրիա սահմանագծումին, նաւթի առումով Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին, իրանեան եւ թրքական միջամտութիւններուն մասին, եւ այս բոլորին կը միանան բնականաբար 2011-ին բռնկած Սուրիոյ պատերազմը, ամերիկեան պատժամիջոցները, Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւնները, շրջանին մէջ ռուսական թափանցումը: Այս բոլորը խնդիրներ են, որոնք անկեղծօրէն ո՛չ միայն քաղաքացիին համար անհասկնալի են, այլ երբեմն նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն համար ալ անորոշ են ու անհասկնալի:

Ամէն պարագայի սակայն, այս բոլորը մնայուն չեն: Վաղը եթէ համաձայնութիւն գոյանայ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ` Լիբանանի բնական հարստութիւններէն նաւթին եւ բնական կազին շուրջ, Սուրիոյ վերաշինութեան թղթածրարին շուրջ, հարցերը մեծաւ մասամբ կը լուծուին, եւ շատ բան կրնայ փոխուիլ:

Այս ժամանակաշրջանին մէջ կարեւորը գլուխը ամուր պահելն է, որ կը նշանակէ ի մտի չունենալ 2000-ական թուականներու օրերը: Մենք խնայողութեան ժամանակաշրջանի մէջ ենք, գօտիները սեղմելու օրերու մէջ ենք, եւ ամէնէն կարեւորը` լրջանալու ժամանակաշրջանի մէջ ենք:

Պարտաւոր ենք լրջութեամբ խնդիրներուն մօտենալ, յատկապէս` մեզի նման հաւաքականութիւն, որ ո՛չ միայն լիբանանահայութեան խնդիր է, Լիբանանի մէջ իբրեւ հայ համայնք գոյատեւելու խնդիր ունի, այլ համայն աշխարհին մէջ գոյատեւելու խնդիր ունինք` իբրեւ հայ, իբրեւ հայրենիք, եւ իբրեւ սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ապրող հայերու միացեալ հաւաքականութիւն:

Այսօր մենք մեր ուժին վրայ կասկածելու իրաւունքը չունինք: Կրնանք ներքին խնդիրներ ունենալ, իրարմէ դժգոհ ըլլալ, վերաբերում ունենալ` իրարու նկատմամբ, անկեղծօրէն կրնանք իրարու բաներ ըսել, սակայն այդ բոլորը ոչ մէկ ձեւով իրենց ժխտական անդրադարձը պէտք է ունենան ո՛չ լիբանանահայութեան եւ ո՛չ ալ Լիբանանի հայութիւնը սիրող սփիւռքեան կամ հայաստանեան մեր հաւաքականութիւններուն վրայ եւ ո՛չ ալ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն վրայ, ուր եթէ սփիւռքը իր պատասխանատուութեան բաժինը ունի, հայրենիքը եւ մեր հայրենի իշխանութիւնները իրենց առաւելագոյն բաժինը ունին, որովհետեւ մեր հայրենիքը նաեւ Հայաստանն է: Երբ կը խօսիմ Լիբանան հայրենիքին մասին, կը խօսիմ իբրեւ հարիւր առ հարիւր լիբանանցի, որուն սիրտը որքան Լիբանանին կապուած է, նոյնքան ալ Հայաստանին եւ հայրենիքին կապուած է, եւ որուն սրտին մէկ բաժինը նաեւ սփիւռքին կապուած է, որուն մէկ կարեւոր բաժինը նախկին լիբանանահայեր են եւ կապուածութիւն ունին Լիբանանի եւ այդ կապուածութիւնը պէտք է պահեն:

Անոնք պէտք է գիտնան, որ եթէ համահայկական հսկայ շղթային մէկ կարեւոր օղակը, ցարդ պողպատեայ օղակը քանդուի, ապա այդ շղթան ամբողջութեամբ կը քանդուի: Հետեւաբար իւրաքանչիւր հայու պատասխանատուութիւնն է այդ շղթան ամուր պահել», ընդգծեց ան:

Յ. Բագրատունի հարցազրոյցը եզրափակեց հաստատելով, որ ինչպէս պատերազմի ընթացքին ժողովուրդը կրնար հանգիստ քնանալ, որովհետեւ արթուն պահակներ կային, այսօր եւս այդպէս է:

«Անոնք կրնան հանգիստ քնանալ, որովհետեւ իսկապէս արթուն պահակներ կան: Ո՛չ միայն «Քորոնա»-ի հարցով: Մարդիկ կարծեցին, թէ մենք կը կատակենք, երբ ըսինք, որ մենք ձեր տուները կը հասնինք: Պատահեցան պարագաներ, երբ քաղաքացիներ մեր ակումբները հեռաձայնեցին եւ սննդեղէնի որոշ տեսակներ ուզեցին. մեր տղաքը տարին անոնց տուները: Երբ կը յայտարարենք, որ մենք ձեր տուները կու գանք, հոգիով կ՛ըսենք, լրջութեամբ կ՛ըսենք: Երբ կ՛ըսենք` հանգիստ քնացէ՛ք, մենք արթուն ենք, իսկապէս արթուն ենք, եւ զգուշ ենք ու զգօն: Մեր ժողովուրդը մեզի վստահած է, իսկ եթէ արթուն չըլլանք` ժողովուրդը ինչո՞ւ պիտի վստահի մեզի:

Կոչ կ՛ուղղեմ մեր ժողովուրդին, որ իսկապէս ամուր մնայ, որովհետեւ ամրութիւնը հոգիի, սրտի եւ ուղեղի մէջ է: Մենք արթուն ենք, մեզի հետ արթուն կը մնան մեր հայրենակիցները, այն ատեն, որ մենք տկարանանք իբրեւ պատասխանատուներ, այն ատեն մեզի հաշուի թող կանչեն: Սքանչելի մեր այս ժողովուրդին դիմաց մեզի համար տկարանալը անկարելի է: Մեր ժողովուրդը արժանի է մեր կատարած աշխատանքին հազարապատիկին, իսկ այն, ինչ որ բոլոր մակարդակներու վրայ մեր պատասխանատուները կը կատարեն, հաւատացէ՛ք, որ մեր ունեցած կարելիութիւններէն եւ կարողութիւններէն հազարապատիկ նաեւ աւելին է», ըսաւ ան:

Հարցազրոյցը արտագրեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
aztagdaily.com