կարևոր
3337 դիտում, 9 ամիս առաջ - 2024-01-23 12:31
Քաղաքական

Ակնարկ. Ուղենշային Յայտարարութիւններ` Պաղեստինեան Պետութիւն Առաջադրող

Ակնարկ. Ուղենշային Յայտարարութիւններ` Պաղեստինեան Պետութիւն Առաջադրող

Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի ամէնամեայ հանդիպման ընթացքին Քաթարի վարչապետը յայտարարած է, որ հուսիներու վրայ ամերիկեան եւ բրիտանական յարձակումները կրնան միայն վատթարացնել Կարմիր ծովուն մէջ անվտանգութեան իրավիճակը, եւ որ այնտեղ անվտանգութեան խնդիրներու իրական լուծումը իսրայէլական յարձակումներու դադրեցումն է Կազայի մէջ:

Ըստ անոր, Արեւմուտքի ռազմական միջամտութիւնը վերջ չի դներ հուսիներու յարձակումներուն եւ չի զսպեր զանոնք: Ընդհակառակը, միայն կ՛ուժեղացնէ յարձակումները: Իսկ լուծումը` Կազայի հակամարտութեան լիցքաթափումն է:

Այս յայտարարութեամբ պարզ կը դառնայ, որ հուսիներու յարձակումները Կարմիր ծովու ռազմավարական անցքերուն ուղղութեամբ պիտի շարունակուին, ոչ իբրեւ հակայարձակում ամերիկեան եւ բրիտանական հարուածներուն, այլ մինչեւ Կազայի խնդիրի հանգուցալուծում:

Փաստօրէն Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւս կը յայտնէր, որ ամերիկեան յարձակումները հուսիներուն վրայ հիմնական ազդեցութիւն պիտի չունենան: Իր համոզումով` հուսիները պիտի շարունակեն արգելակել նաւային երթեւեկները:

Տրուած ըլլալով, որ այդ հանգուցալուծման պահը տակաւին տեսանելի չէ, հետեւաբար Կարմիր ծովու ռազմական իրադարձութիւնները պիտի շարունակուին: Բնականաբար հուսիական յարձակումները պիտի հակադարձուին ամերիկաբրիտանական ուժերուն կողմէ, Կարմիր ծովու այդ հատուածը թէժ պահելով կամ նոյնիսկ պատերազմական գօտիի վերածելով: Այդ անցքի անկայունութիւնը ամէնէն շատ կը հարուածէ Իսրայէլը, որուն համար կարեւոր կենսաճանապարհ կը շարունակէ մնալ Կարմիր ծովը:

Պաշտօնական Տոհայի հանգամանքը կարեւոր է: Քաթարը ոչ միայն տնտեսական ցանցակէտ է, այլ նաեւ աշխարհաքաղաքական ուժերու ռազմայենակէտեր տրամադրած երկիր, որուն շնորհուած է գործընթացներուն միջնորդելու, որոշումներ երաշխաւորելու կարգավիճակ: Թէ՛ Իրանի եւ թէ՛ Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական ծոցի երկիրներու հետ համագործակցող թէ՛ Անգարայի հետ սերտ յարաբերութիւններ մշակող եւ թէ՛ Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած միաժամանակ` Համասի ղեկավարութեան նստավայր յատկացուցած եւ Համասը ֆինանսաւորող երկիր:

Քաթարի վարչապետը չի պարզաբաներ, թէ ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ Կազայի հակամարտութեան հանգուցալուծումը: Այդ պատկերացումի ընդհանուր բանաձեւը կը հրապարակէ Սէուտական Արաբիան. փաստօրէն պաշտօնական Ռիատը յայտարարած է, որ Ռիատ-Թել Աւիւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը պայմանաւորուած է պաղեստինեան պետութեան կայացումով:

Պաղեստինեան պետութիւնը իբրեւ օրակարգ կ՛արծարծուի նաեւ Արեւմուտքի մէջ: Այս մասին կը թուի, որ կ՛առարկայանայ միջազգային օրակարգ, որուն նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ է Եւրոպական Միութիւնը:

Եւրոպական Միութեան տասը կէտերէ բաղկացած ծրագիրը կը նախանշէ քանի մը քայլ, որոնք կարող են ի վերջոյ խաղաղութիւն բերել Կազայի հատուածին, ստեղծել անկախ Պաղեստինի պետութիւնը, կարգաւորել յարաբերութիւնները Իսրայէլի եւ արաբական աշխարհի միջեւ եւ երաշխաւորել երկարաժամկէտ անվտանգութիւն տարածաշրջանին մէջ:

Հոս եւս զուգահեռ են Կազայի հակամարտութեան լուծումը, Պաղեստինի պետութեան ստեղծումը, որով ալ պայմանաւորուած է տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: Իսկ այդ կայունութեան համար կը հասկցուի, որ օրակարգի վրայ կու գան տարածաշրջանի երկիրներ-Իսրայէլ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը: Այլ խօսքով` Սէուտական Արաբիոյ առաջ քշած բանաձեւը, որ առաջադրուած է նաեւ Տաւոսի մէջ:

Այս խորապատկերին վրայ Իրանը կը յայտարարէ, որ պատրաստ է յաւելեալ թափ տալու Եւրոպական Միութեան հետ իր համագործակցութեան, առընթեր հարուածելով փաքիստանեան յենակէտեր: Իսրայէլն ալ իր կարգին կը հարուածէ Դամասկոսի մէջ իրանեան յենակէտեր եւ հարաւային Լիբանանի մէջ թիրախային գործողութիւններ կը սաստկացնէ իրանամէտ կազմակերպութեան ղեկավարներու դէմ:

Թել Աւիւի շահերէն չեն բխիր Կարմիր ծովու ռազմական բախումները: Չեն բխիր նաեւ Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւնները. եւ` Եւրոպական Միութեան 10 կէտնոց ծրագիրը:

«Ա.»
aztagdaily.com