կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2021-12-27 22:32
Հասարակություն

Օրուան հրամայականն է՝ յեղաբեկել «յեղափոխութիւն»ը

Օրուան հրամայականն է՝ յեղաբեկել «յեղափոխութիւն»ը

«Դուք այն ժողովուրդն էք, որը ոչ մի դէպքում չպէտք է ընկճուի ու ծնկի գայ՝ ում դէմ էլ որ լինի, արտաքին թշնամուն թէ ներքին… Մենք Արցախում զիջելու բան չունենք»

Վահան Յովհաննիսեան

Դեկտեմբեր 24-ի մամլոյ իր ասուլիսով Նիկոլ Փաշինեան ոչ միայն շարունակեց անցեալի իր անփառունակ սոփեստութիւնները, այլեւ՝ պետութեան առաջնորդի անյարիր իր անճարակութեամբ, յառաջ մղեց այն թեզը, ընդ որում` մենք Արցախը որպէս Ատրպէյճանի անքակտելի մաս պէտք է ընդունինք եւ յարգենք Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Փաստօրէն, ոտնակոխեց Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց ազգային անվտանգութեան հիմնարար արժէքները ու ստորադասեց արցախահայութեանյ ազգային ինքնորոշման իրաւունքը։

Սեփհական ձախողութիւնները կոծկելու համար դաւաճաններ փնտռելու վհուկներու որսը կամ ամօթալի պարտութեան համար դաւաճաններու որոնումը դարձած է Փաշինեանի վերջին յոյսը։ Դեռ աւելին՝ պարտուողական ընթացքը կը շարունակուի, Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային սահմաններու զիջումներու շքերթով, ուր թիզ առ թիզ թշնամիին կը յանձնուին Սիւնիքի սահմանամերձ տարածքները։

Անցնող երեք տարիներուն, դիւանագիտական ռազմավարութեան եւ աշխարհառազմավարական ընդհանուր հայեցակարգի Փաշինեանի եւ իր խմբակիցներուն կողմէ թշուառ ընկալումը՝ հայրենիքին համար դարձան կործանարար, իսկ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը՝ ջլատեց, մասնատեց, պառակտեց ազգը եւ քանդեց համերաշխութեան եւ միասնութեան ամրակուռ պատուարը ու խորտակեց Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ազգադրոշմ հայեցակէտը։ Այսօր, ազգը պէտք է գիտակցի, որ իր փրկութիւնը՝ դրածոյ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը յեղաբեկելն է, կացութիւնը յեղաշրջելն է։ Այլընտրանք գոյութիւն չունի։

Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի գոյատեւելիութեան ու ապագայ կենսագործունէութեան հիմնախարիսխն է Արցախի պատմական տարածքը, այն ինչ որ կը պարփակէր 11 հազար քառակուսի քիլոմեթր աշխարհագրական տարածք, բարձունքներով, լեռնաշղթաներով ու ջրային պաշարներով, այն Ազատ ու անկախ Արցախը՝ որ երեք տասնամեակ դիմակայած էր ե՛ւ թշնամիին եւ արտաքին աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական ծաւալապաշտական սադրանքներուն։

Այսօրուան կամ վաղուան երկրի վարչապետ, առաջնորդ կամ նախագահ, հիմնովին պէտք է ըմբռնեն այն վերահաս աղէտը, որ ցեղասպանութիւնն ու հայատեացութիւնը կը շարունակուին ու պիտի շարունակուին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին դէմ։

Այս իշխանութեանց կեանքի երկարաձգումը արհաւրալից հետեւանքներու դուռ պիտի բանայ։ Բանակցութիւններ վարելու դիւանագիտութենէ զուրկ, չորս տարի ետք, խաղաղապահներու ժամկէտի աւարտէն ետք, պիտի համակերպին Արցախի մնացորդացը յանձնելու Պաքուին, որուն պիտի յաջորդէ՝ Արցախի վերջնական հայաթափումը, այսինքն՝ Հայոց արեւելից կողմանց դարպասի վերջնական անէացումն ու չքացումը։

Պէտք է դուրս գալ քաղաքականապէս թոյլ ու զիջող այս իրավիճակէն ու ազգային գաղափարախօսութենէ իտէալազուրկ հասարակութեան հատուածին ի վերջոյ տարհամոզել, որ այս իշխանութեանց ճանապարհը կը տանի միայն մէկ ուղղութեամբ՝ քաղաքական ինքնասպանութեան։

Սպառնալիքներու թերագնահատումը կորստաբեր պիտի ըլլայ։ Այսօր, աւելի քան երբեք, օրուան գերխնդիրն ու հրամայականն է՝ թաւշեայ կեղծիքներու եւ խարդաւանանքներու «յեղափոխութիւն»ը յեղաբեկել։

«Հորիզոն»-ի խմբագրական

horizonweekly.ca