Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ Հայ Դատի Յանձնախունբերու նախաձեռնութեամբ զեկուցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2021, երեկոյեան ժամը 10:00-ին Երեւանի ժամով (Երեկոյեան 7:00 Կեդր. Եւրոպայի ժամով):
Հանդիպումը կայացաւ առցանց Zoom հարդակին վրայ: Հանդիպման մասնակցեցան Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ գործող կազմակերպութիւններու, համայնքային կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ համակիրներներու աւելի քան 55 մասնակիցներ:
Օրուայ զեկուցաբերներն էին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանը, Վիեննայի հայ աառաքելական համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Անտրէաս քահանայ Իսախանեանը, ով անձնապէս ներգրաուած էր պատերազմական օրերուն Արցախահայութեան եւ բանակի համար մարդասիրական օժանդակութիւններ հաւաքելու աշխատանքներուն եւ Հ.Յ.Դ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի նախագահ Կիրո Մանոյեանը:
Զեկուցական հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութիւններու մէջ տեղի ունեցած բոլոր ներքին եւ արտաքին զարգացումներուը սկսած պատերազմի հետեւանքներէն ու սահամանները գծելու գործընթացէն, ռազմագերիներու եւ անհետ կորածներու հարցերու հետ կապուած զարգացումները մինչեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տարածաշրջանին մէջ օր ըստ օրէ աճող վտանգին եւ զայն դիմակայելու համար զոյգ հանրապետութիւններու որդեգրելիք ռազմավարութիւնները: Բացի այդ շրջանի գործող միութիւնները ծանօթացան երկրի դէմ ծառացած խնդիրնեու լուծման ՀՅԴ-ի որդեգրելիք եւ ձեռնարկելիք քայլերուն եւ լուծումներուն մասին:
Զեկուցաբերներու փոխանցաց ընթարցակ տեղեկութիւններէն վերջ նաեւ տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին, որտեղ մասնակիցները իրենց յուզող եւ մտահոգող բոլոր հարցերը ուղեցին օրուայ զեկուցաբերներուն, որոնք իրենց կարգին ամմենայն մանրամասնութեամբ եւ թափանցիկութեամբ փորձեցին փարատել մասնակիցներու մտահոգութիւնները:
Հանդիպումը աւարտեցաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ նահատակներուն յիշատակը յարգելով: