|
Փոխարժեքներ
05 10 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 361.81 |
| EUR | ⚊ | € 405.3 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.2671 |
| GBP | ⚊ | £ 478.42 |
| GEL | ⚊ | ₾ 139.08 |
ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ ընկեր Հրանդ Մարգարեանի դէմ կատարուած խուժանավայել արարքը կը դատապարտենք ըստ էութեան եւ Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջենք բացայայտել ու պատժել ենթակաները, որոնց վարքն ու բարքը ծանօթ է արդէն բոլորիս` ատենէ մը ի վեր:
Հակառակ պարագային` պատասխանատուութիւնը բնականաբար կ‘իյնայ ներկայ կառավարութեան ու վարչապետին ուսերուն:
Ընկեր Հրանդ Մարգարեանի դէմ ուղղուած այս ցածոգի աքթը ուղղուած է իւրաքանչիւր դաշնակցականի դէմ, աշխարհի չորս ծագերուն:
Ներքին միասնութեան սիրոյն աչք փակած ենք յաճախ մեզի դէմ տարուող արշաւին, որուն ետին կը կանգնին միեւնոյն մանկլաւիկները, որոնց «թաքուն» հովանաւորը ծանօթ է մեզի` երբեմնի իր կեղտոտ ու ապազգային գործելաոճով …
Հետեւաբար, կա՛մ կը դադրեցուի այս հոլովոյթը, կա՛մ խնդրոյ առարկայ իւրաքանչիւր կողմ կը կրէ իր պատասխանատուութիւնը:
ՀՅԴ Շուէտի Կոմիտէ