Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ուրբաթ, 17 Մայիս 2019-ին, իրիկուան ժամը 9:00-ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական հաւաք, որուն ընթացքին հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Բիւրոյի անդամ ընկեր Ռաֆֆի Տօնապետեան: Հաւաքին ներկայ էին ՀՅԴ-ի Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւններու ընկերները, ԳԵՄ-ի, ինչպէս նաեւ քոյր միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ատենապետ ընկեր Սարգիս Նոխուտեան, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցան Բիւրոյի երկու անդամները:
Նախ խօսք առաւ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ընդհանուր ակնարկով մը անդրադարձաւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն, 2018-ի ժողովրդական շարժումէն սկսեալ եւ այդուհանդերձ Դաշնակցութեան որդեգրած քաղաքականութեան ու կեցուածքներուն՝ իւրաքանչիւր հանգրուանի: Ան սպառիչ կերպով բացատրութիւն տուաւ անցուդարձերուն եւ անոնց հետեւանքներուն մասին, ՀՅԴ-Հայաստանի իշխանութիւն յարաբերութիւններուն, ժողովուրդին եւ երիտասարդութեան իրավիճակին, Հայաստանի իշխանութեան վարած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ անոնց հանդէպ Դաշնակցութեան դիրքորոշումներուն մասին:
Արցախի առնչութեամբ ընկեր Յակոբ նոյնպէս անդրադարձաւ Քառօրեայ պատերազմէն ի վեր անցուդարձերուն, Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան եւ յայտարարութիւններուն, եւ անոնց հակադարձութիւններուն՝ Հայաստանի իշխանութեան, Արցախի կառավարութեան եւ Դաշնակցութեան կողմէ:
Ընկեր Յակոբ անդրադարձաւ նաեւ Դաշնակցութեան կողմէ Ջաւախքի մէջ տարուած աշխատանքին, Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ իրականցուած ծրագիրներուն՝ ի խնդիր հայրենի մեր ժողովուրդին բարգաւաճման եւ նոր սերունդի դաստիարակման:
Սփիւռքի հարցով, ընկեր Յակոբ զեկոյց տուաւ կարգ մը գաղթօճախներուն մասին. տեղ-տեղ գաղութներու նօսրացման, մինչ այլ տեղեր գաղութներու աշխուժացման եւ նոր համայնքներու կազմակերպման անդրադառնալով, ան յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր գաղթօճախի իրավիճակին համաձայն նոր ծրագիրներ կը մշակուին՝ նոր սերունդի հայապահպանման, երիտասարդութեան քաղաքականացման եւ ազգային կեանքին մէջ ներգրաւման նպատակաւ:
Ընկեր Ռաֆֆի Տօնապետեան, իր կարգին, նախ անդրադարձաւ անցնող շրջանի իրադարձութիւններուն արժեւորման ու անոնցմէ քաղելիք դասերուն անհրաժեշտութեան, ապա յաւելեալ մանրամասնութիւններ տուաւ սփիւռքի կազմակերպական կեանքին մասին, հոգեւոր եւ ազգային կառոյցներուն վստահուած դերակատարութեանց, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մարդուժը լաւագոյնս օգտագործելու՝ ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ:
Ընկեր Ռաֆֆի կարեւորութեամբ շեշտեց քարոզչական ոլորտին մասին: Ան յայտնեց, թէ մարտահրաւէրները շատ են, սակայն հարկ է մամուլով, ընկերային ցանցերով եւ այլ միջոցներով նպատակաուղղուած աշխատանք տանիլ, որպէսզի մեր հայրենի ժողովուրդը տեղեակ պահուի Դաշնակցութեան ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան մասին:
Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին զեկուցավարներուն եւ ստացան համապատասխան լուսաբանութիւններ:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
horizonweekly.ca