Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողէն՝ ծանօթ իբրեւ «Զանգակ» իր անուանումով, կարճ հեռաւորութեան վրայ, Նէա Զմիռնիի կեդրոնական ընդարձակ հրապարակին կից գտնուող Քարիլու հրապարակին վրայ, իր տեղը գտաւ հայ-յունական բարեկամութիւնը խորհրդանշող գեղեցիկ յուշարձան մը։
Յունական մարմարով քանդակուած կոթողը գործն է հայրենիք ծնած ու երկար տարիներ Թեսաղոնիկէի մէջ ստեղծագործած անուանի քանդակագործ եւ նկարիչ Արամ Թորոսի։ Յուշակոթողը իրագործուեցաւ շնորհիւ Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան բազմամեայ գործակցութեան։ Անոր գաղափարը իրականութիւն դարձաւ Նէա Զմիռնիի հայազգի փոխքաղաքապետ Վակէլի Խաչատուրեանի առաջարկին եւ քաղաքապետին ու քաղաքապետութեան խորհուրդի որոշումին վրայ, իսկ ելոյթը կազմակերպուած էր քաղաքապետութեան եւ կոմիտէի համատեղ ջանքերով։
Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անկախ պետականութեան հռչակման 105-ամեակի նշանակալից օրը, աննախընթաց հայ եւ յոյն բազմութիւն մը ներկայ եղաւ հրապարակին վրայ, յարգելու համար երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան նուիրուած կոթողի բացումը։
Ներկայ էին Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիս, փոխքաղաքապետ Վակէլիս Խաչատուրեան, նախկին նախարար եւ այժմու երեսփոխան Խարիս Թէոխարիս, քաղաքապետական խորհուրդի բազմաթիւ անդամներ, Հայաստանի մէջ Յունաստանի առաջին դեսպան եւ հայ-յունական բարեկամութեան լիկայի փոխնախագահ Լէոնիտաս Խրիսանթոփուլոս եւ այլ անձնաւորութիւններ։
Հայկական կողմէն իրենց ներկայութեամբ ելոյթը պատուեցին յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Յովսէփ թ.ծ.վ. Պէզազեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Հ.Հ. փոխ դեսպան տիկ. Աննա Մկրտչեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան եւ անդամները, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ անդամները, շրջաններու կոմիտէներու, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչները։
Բացման խօսքը կատարեց ընկ. Արշալոյս Սափրիչեան, որ հայերէն եւ յունարէն լեզուներով անդրադարձաւ օրուան զոյգ իմաստներուն։ Ան մասնաւորապէս շեշտեց.
«Շնորհաւո՛ր Մայիս 28: Այսօր հայերուս կարեւորագոյն ազգային տօնն է: Դարերու ստրկութենէն ետք, ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք, ահռելի պայմաններու տակ, 1918-ի այս օրը հայ ազգը մէկ բռունցք դարձաւ ու փիւնիկի նման կոտորածի ու աւերի մոխիրներէն յառնելով, իր անձնուրաց ղեկավարութեամբ ու գոյատեւման անկոտրում կամքով, կերտեց ազատ ու անկախ Հայաստանը:
«Մենք մեզ ճանչնանք Սարդարապատէն», կը յորդորէ մեր մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ: Մենք մեր ձեռքով կը կերտենք մեր ներկան ու ապագան: Մեր ինքնորոշման ու ազատ ապրելու տենչանքը սոսկ քմահաճոյք չէ՛, այլ մարդկային հիմնական իրաւունք: Արցախի մէջ մեր հայրենակիցները ուխտած են ապրիլ ու արարել ազա՛տօրէն իրենց պապենական հողերուն վրայ: Ո՛չ ոք կրնայ իրենցմէ խլել այդ իրաւունքը: Սարդարապատի խենթերը վկայ, մենք կրկի՛ն ոտքի պիտի կանգնինք ու յաղթանակի դրօշ պիտի պարզենք:
Սիրելի հայրենակիցներ,
Երբ ամբողջ աշխարհը անտարբեր կը մնայ Արցախի մէջ կատարուող նոր ոճիրին դիմաց, յոյժ կարեւոր է կատարել այսօր մեր ազգային տօնի օրը, բացումը այս նոր յուշարձանին, որ կը խորհրդանշէ յոյն եւ հայ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը:
Մենք դարեր շարունակ զուգահեռ ուղիներով քալած ենք: Դառն ճակատագիրը զրկեց հայերս ու յոյները մեր տուն ու տեղէն: Գաղթական հասած ենք հիւրընկալ Յունաստան ու բաժնած ենք ցաւը, կարօտն ու պատառ մը հացը մեր եղբայրներուն՝ յոյներուն հետ:
Գրեթէ հարիւր տարի ետք, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի ջանքերուն եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան ազնիւ աջակցութեան շնորհիւ, այսուհետեւ քաղաքի ամենաբանուկ հրապարակին վրայ կը զետեղուի յուշարձան մը, որ կը պատուէ մեր ազգերու միջեւ բարեկամութիւնն ու համերաշխութիւնը:
Շնորհակալ ենք Նեա Զմիռնի: Շնորհակալ ենք պարոն Ծուլաքիս: Շնորհակալ ենք պարոն Խաչատուրեան»:
Իր սրտի խօսքը հրաւիրուեցաւ արտասանելու փոխքաղաքապետ Վակէլիս Խաչատուրեան, որ յուզումով անդրադարձաւ յուշակոթողի իրականացման ամբողջ ծրագիրին։ Ան նշում կատարեց աւելի քան 24 տարի շրջանի հայ գաղութին եւ Հ.Յ.Դ. մարմինին հետ սերտ գործակցութեան մասին, որուն շնորհիւ բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացան, աւելի մօտ բերելով հայ եւ յոյն ժողովուրդներու անքակտելի բարեկամութիւնը։ Ան յայտնեց, թէ իրեն համար սրբազան պարտականութիւն եւ բարոյական մեծ պատասխանատուութիւն է իր հանրային դիրքերէն ծառայել հայ տարրը ու երկու ժողովուրդներու հասարակաց պատմութիւնը։
Հ.Յ.Դ. «Ա. Մանուկեան» կոմիտէին կողմէ յունարէն խօսեցաւ ընկ. Սերգօ Գույումճեան, որուն խօսքը կու տանք առանձին։
Ապա, յուշակոթողի քանդակագործ Արամ Թորոս, իր շնորհակալութեան խօսքը արտասանեց, որ ուղղուած էր քաղաքապետութեան եւ կոմիտէին։
Պաշտօնական բացումէն առաջ, օրուան նախագահուհին ներկայացուց յուշակոթողի իմաստը ու անոր վրայ տեղ գտած պատմական ու ազգային խորհրդանիշները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ հեղինակի՝ արուեստագէտ Արամ Թորոսի կենսագրութեան։
Յուզումի եւ ոգեւորութեան մթնոլորտին մէջ, Թեմակալ Առաջնորդը, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետը եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ ընկ. Արման Գրիգորեան միասնաբար կատարեցին յուշարձանի բացումը, ժողովուրդի ջերմ ծափահարութիւններուն տակ։ Յուզումը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ լսուեցան Հայաստանի եւ Յունաստանի ոգերգները։
Յայտագիրի վերջին մասը կը պարունակէր գեղարուեստական բաժին, որուն մաս կազմեցին Համազգայինի «Նանօր» պարախումբի անդամները հայկական աւանդական երեք պարերով, պարուսուցութեամբ Էտկար Էկեանի եւ Աննա Պօղոսեանի։ Ներկայացուեցան «Ցնծութիւն», «Նինօ» եւ «Հզօր Հայաստան» պարերը, որոնք խանդավառեցին ներկաները։
Ապա, յոյն երգչուհի Անտրոմախի Քսենու եւ արուեստագէտներ Խրիսթոս Քումուսիս ու Անտրէաս Քալողերաս յաջողութեամբ կատարեցին հայկական եւ յունական ծանօթ երգեր։
Օրուան նախագահուհիին փակման խօսքով վերջ գտաւ հայ եւ յոյն բարեկամութեան նուիրուած յուշակոթողի բացման յուզիչ արարողութիւնը։
Արուեստագէտ եւ քանդակագործ Արամ Թորոս
Արամ Թորոս ծնած է Երեւան։ Փոքր տարիքէն ան ցոյց տուաւ բացայայտ սէր եւ տաղանդ գծագրութեան ու քանդակագործութեան արուեստին հանդէպ։ Իր պատանեկան տարիներէն ան նաեւ ծանօթ դարձաւ իր յօդուածներով արուեստի պարբերաթերթերու մէջ։ Իր ուսումը կատարեց Հայաստանի արուեստի բարձրագոյն ուսումնարանէն ներս։
Աւելի քան 27 տարիէ ի վեր հաստատուած է Թեսաղոնիկէ եւ անդամ է Հիւսիսային Յունաստանի քանդակագործներու ու գծագրիչներու միութիւններուն։
Իր գլխաւոր իրագործումներէն եղած է Խալքիտիքիի եկեղեցւոյ մը սրբանկարներու լրիւ վերականգնումը, իսկ զանազան քանդակներ զետեղուած են շրջանի այլ եկեղեցիներու մէջ։
Մաս կազմած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու Յունաստանի եւ արտասահմանի մէջ, ինչպէս նաեւ իր անհատական ելոյթներով գրաւած է արուեստասէր հասարակութեան ուշադրութիւնը։ Արժանացած է յատուկ մրցանակի Փարիզի մէջ ցուցադրած իր գործերուն համար, իսկ 2023-ին Յունաստանին մէջ ան ստացաւ առաջին եւ երկրորդ պարգեւը իր մարմարեայ ստեղծագործութիւններուն համար։
Ի՞նչ կը խորհրդանշէ յուշակոթողը
Յունական սպիտակ մարմարով քանդակուած յուշակոթողը իւրայատուկ ստեղծագործութիւն մըն է, որուն վրայ կ՚արտացոլան հայ մշակոյթի ամէնէն յատկանշական նմուշները։ Արեւը՝ որպէս լոյսի, բարութեան եւ արդարութեան խորհրդանիշ, զոյգ Մասիսները, Նուռը՝ որպէս վերածնունդի ու բարօրութեան նշան, Որթատունկը՝ որպէս Հայաստանի անուշ գինիի հազարամեայ գանձ, Արծիւը՝ հայ ժողովուրդի քաջութեան ու խիզախութեան խորհրդանիշ։ Խոր Վիրապը կը յիշեցնէ, թէ հայ ժողովուրդը 301 թուականին առաջին ընդունեց քրիստոնէական հաւատքը, իսկ Արցախի խորհրդանիշը՝ Մամիկն ու Պապիկը, կը կանգնի մեր խրոխտ լեռներուն վրայ, հայը կը կապէ իր արմատներուն ու կը յիշեցնէ, թէ «Մենք ենք մեր սարերը»։
Մայիս 28-ի տօնը նշուեցաւ Յունաստանի մէջ
Շաբաթ, 27 Մայիսի երեկոյեան, Ֆիքսի «Ա. Մանուկեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ խրախճանք, նուիրուած Անկախ Հայաստանի հռչակման 105-րդ տարեդարձին։ Ելոյթը կազմակերպուած էր Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբին կողմէ։ Ներկայ եղան Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի, շրջանի կոմիտէի, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, երիտասարդական եւ պատանեկան խումբերու անդամները եւ շրջանի հայութիւնը։
Բացման խօսքը կատարեց ընկ. Սամուէլ Սամուէլեան, որ անդրադարձաւ Մայիս 28-ի խորհուրդին ու պատմական արժէքին, ապա ան յայտնեց հայ կազմակերպ երիտասադութեան յանձնառութիւնը տէր կանգնելու Հայաստանի ու Արցախի ինքնիշխանութեան, դէմ ըլլալով ատրպէյճանական ամէն տեսակի ոտնձգութիւններուն։
Պատանեկան միութեան անդամներուն կողմէ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր յեղափոխական երգերով։ Ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ հայրենասիրական երգերով։
Կիրակի, 28 Մայիսին, Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան 105-րդ տարեդարձին առիթով։ Պատարագիչ հոգեւորականները անդրադարձան անկախութեան իմաստին, վեր առնելով 1918-ի հայոց պետականութեան ստեղծման հերոսապատումը։
Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին եւ օրուան պատշաճ քարոզով խօսեցաւ մայիսեան անկախութեան խորհուրդին մասին։