Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արցախեան շունչն ու ոգին, բոյրն ու մշակոյթը, աւանդութիւններն ու բարբառը 29 փետրուար 2024-ի ամբողջ օրուան ընթացքին տիրական էին Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի մէջ, որուն աշակերտները, ուսուցչական կազմն ու տնօրէնութիւնը խօսուն ու գործնական կերպով իրենց կարօտն ու սէրը, կապուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը արտայայտեցին Արցախի նկատմամբ` ոչ միայն դպրոցական օր մը նուիրելով Արցախին, այլ նաեւ` առաւելագոյն չափով փորձելով զայն ապրող ներկայութիւն դարձնել մանկամսուրէն մինչեւ աւարտական դասարաններ:
Արդարեւ, առաւօտեան ճեմարանի աշակերտները հաւաքուեցան տարրական բաժինի բակը, ուր վարժարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ըսաւ, որ դպրոցին մէջ տարբեր նախաձեռնութիւններու եւ առիթներու օրեր նշելու ծիրին մէջ կայացող մշակութային-ազգային օրը այս տարի նուիրուած է Արցախին: Ան նշեց, որ թէեւ բոլորս գիտենք, թէ Արցախը հայաթափուած է այսօր, արցախահայութիւնը բռնի կերպով լքած է իր տունն ու հողը, բայց Արցախը մեր հայկական պապենական հողերն են, հայոց պատմութեան մէջ իր տեղը, դերն ու արժէքը ունի, Արցախը հարուստ է` իր պատմութեամբ, ժառանգութեամբ, մշակոյթով, կոթողներով, եւ ան կը մնայ արցախահայութեան ու համայն հայութեան հարազատ հողը: Ասկէ մեկնած` տնօրէնը կարեւոր նկատեց Արցախը վերապրեցնելը, որուն նպատակով ալ Ճեմարանի մէջ տարբեր նախաձեռնութիւններով պատրաստուած են Արցախի օրուան համար:
Ապա ան յայտարարեց օրուան յայտագիրներու մեկնարկը` Արցախի քայլերգով: Աշակերտները միասնաբար երգեցին քայլերգը, որուն ուսուցումը արդէն իսկ կատարուած էր նախապէս, դասերուն զուգահեռ:
Ապա իւրաքանչիւր բաժինի մէջ ընթացք առին զանազան աշխատանոցներ, եւ բոլոր աշակերտները ամբողջ օրը անցուցին Արցախով: Ծրագիրը կ’ընդգրկէր` դասախօսութիւն, զարգացման մրցում, երգի ու պարի ուսուցում, ձեռային աշխատանք եւ խոհանոց:
Տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն Արցախը ներկայացուցին Ճեմարանի շրջանաւարտները` Նարօտ Մերտխանեան եւ Սանան Խաչերեան: Միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն` Եղիա Թաշճեան եւ Լութֆիկ Այվազեան ներկայացուցին Արցախի հարցը` աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումներուն զուգահեռ: Շաքէ Պաղտասարեան եւ Սեւան Կարապետեան-Ադամեան աշակերտներուն սորվեցուցին Արցախի նուիրուած երգեր:
Արփի Մանկասարեան խօսեցաւ արցախեան խոհանոցի իւրայատկութիւններուն մասին, իսկ Հուրի Զաքարեանի հետ աշակերտները կատարեցին ձեռային աշխատանքներ:
Նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները Արցախի մասին իրենց գիտելիքները ամրապնդեցին զարգացման մրցումներու ընդմէջէն:
Օրուան ընթացքին մշակութային ծրագիրներու ծիրին մէջ «Ղարաբաղ իմ» երգը հնչեց բոլոր բաժիններուն մէջ, միաժամանակ բոլոր աշակերտները սորվեցան հայկական պար մը եւ պատրաստուեցան օրուան փակման ժամու շուրջպարին:
Արցախի խորհրդանիշներով ձեռային աշխատանքներ կատարուեցան տարրական, նախակրթարան եւ միջնակարգ բաժիններուն մէջ, իսկ արցախեան խոհանոցի գործնական աշխատանք կատարուեցաւ տարրականի եւ նախակրթարանի մէջ, մինչ արցախեան խոհանոցի իւրայատկութիւններուն մասին դասախօսութիւն տեղի ունեցաւ միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններուն մէջ:
Այս առիթով աշակերտները, ուսուցիչները եւ արցախեան օրուան մասնակիցները արտայայտեցին իրենց կարծիքն ու տպաւորութիւնները:
10-րդ դասարանի աշակերտ Լորի Բակլայեան ըսաւ, որ իբրեւ հայ` կարեւոր է, որ ամէն մարդ իր ինքնութիւնը գիտնայ, պահպանէ ազգային աւանդութիւնները, լեզուն, պարը, երգը: Արցախի մասին ան ըսաւ, վստահաբար որ յոյսը վառ կը մնայ, եւ մեր մէջ կ՛ամրապնդուի հաւատքը, որ Արցախը օր մը ետ պիտի առնենք:
11-րդ դասարանի աշակերտ Հրակ Գէորգեան պատմեց, որ ունեցած են արցախեան հաճելի օրը` նշելով. «Արցախի նուիրուած այս օրը շատ կարեւոր է մեզի, յատկապէս նաեւ աւելի փոքր սերունդին համար, որովհետեւ իրենք են ապագան` մեզի հետ, մենք միասին պիտի ազատագրենք Արցախը, պիտի վերականգնենք անոր անկախութիւնը, պիտի տեսնենք միացեալ Հայաստանը անկախ, եթէ մեզմէ առաջ եկող սերունդները կրցան ազատագրել Արցախը, ուրեմն մենք ալ կրնանք ատիկա կատարել: Փոքր սերունդին մէջ միշտ վառ պէտք է պահենք գիտակցութիւնը, որ Արցախը մե՛րն է, միշտ հայկական եղած է, եւ մենք պիտի չյանձնուինք, պիտի չտապալինք, այլ միշտ լաւին պիտի ձգտինք:
«Թէկուզ այսօր Արցախը մեր ձեռքը չէ, բայց կարեւոր է, որ մենք հաւատանք, թէ մերը պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան դարաւոր պատմութիւն ունեցող, հայկական կարեւոր կեդրոններ պարփակող տարածք է, հայրենիք է, մայր Հայաստանի ողնայարն է, ուստի շատ կարեւոր է, որ միշտ ու միշտ յիշենք Արցախը, մեր արցախցի քոյրերն ու եղբայրները եւ պայքարինք Արցախին համար», հաստատեց Հ. Գէորգեան:
Պաղտիկ Պաղտասարեան` 10-րդ դասարանէն, ըսաւ, որ շատ հաճելի օր մը անցուցած են դպրոցին մէջ. «Կը կարծեմ, թէ շատ կարեւոր է Արցախի օր ունենալը, կը յուսամ, որ ամէն տարի կը կրկնուի այս օրը: Շատ կարեւոր է ցած ու բարձր դասարաններու աշակերտները միշտ կապի մէջ ըլլան արցախեան աւանդութիւններուն, արժէքներուն եւ կեանքին հետ, որպէսզի անիկա մեր մէջ ապրի ու մոռացութեան չմատնուի»:
Հայոց պատմութեան ուսուցիչ Ամալեա Մկրտչեան յայտնեց, որ թէեւ Արցախը ամէն օր մեր սրտին մէջ է, ամէն օր կ՛արթննանք ու բարի լոյս մը կը յղենք հայրենիքին, բայց կարեւոր էր նաեւ զայն շօշափելի կերպով ապրեցնել աշակերտներուն մօտ: «Երբ մտածեցինք Արցախի օրուան մը նախաձեռնել, թէկուզ մեր սրտին այդքան մօտ ու կարեւոր ըլլայ անիկա, սրտի թրթիռով կը սպասէինք այդ օրուան, բայց ներքուստ մտահոգ էինք, թէ ինչպէ՞ս պատգամը պիտի հասցնենք, աշխատանքային ձեւը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ եւ այլն, նաեւ մէջս կար այդ մտածումը, թէ այս բոլորը Արցախին համապատասխան տեղի պիտի ունենա՞յ: Փա՛ռք Աստուծոյ, եկաւ այդ օրը, յաջողութեամբ կատարուեցաւ ամէն բան, աշակերտներուն խանդավառութիւնը եւ ոգեւորութիւնը յաւելեալ ներուժ փոխանցեցին մեզի: Շատ լաւ էր արցախեան օրը:
«Հաստատեմ, որ մեզի համար Արցախի էջը փակուած չէ, այլ նոր էջ մը բացուած է յատկապէս երիտասարդութեան դիմաց, որ պիտի պայքարի Արցախի համար, իսկ այդ ոգին մենք է, որ յառաջիկայ սերունդներուն պիտի փոխանցենք: Յոյսով եմ, որ կրկին տէրը կը դառնանք մեր պապենական հողերուն:
«Արցախեան օրուան ընթացքին բնականաբար նկատելի էր որոշ տխրութիւն` Արցախի կորուստին համար, բայց տիրական էր նաեւ յոյսը, որ բաւական մեծ է, որովհետեւ երբ մենք տարբեր աշխատանքներու, զարգացման մրցումի ընթացքին կը խօսէինք Արցախի մասին, հարցումներ կ՛ուղղէինք աշակերտներուն, նկատելի էր, որ անոնք լաւատեղեակ էին Արցախի արժէքներուն, կեանքին եւ ոգեւորութեամբ կը խօսէին այդ բոլորին մասին: Յոյսը շատ աւելի մեծ էր յուսահատութենէն ու տխրութենէն: Յոյսով եմ, որ այս սերունդը կրկին տէրը պիտի դառնայ Արցախին», դիտել տուաւ Ա. Մկրտչեան:
Արաբերէնի ուսուցիչ Մայա Ֆարհաթ եւս տուաւ իր վկայութիւնը. «Արցախի վերաբերող տարբեր աշխատանքներ կատարեցին աշակերտները, պարեցին, երգեցին: Ունիմ այն զգացումն ու տպաւորութիւն, որ շատ կարեւոր է դասէն դուրս նման նախաձեռնութիւններ կատարել, որովհետեւ արցախեան օրուան ընթացքին աշակերտները խօսեցան իրենց զգացումներուն, մտածումներուն մասին, ըսին` ինչ որ գիտեն Արցախի մասին, նաեւ իրենց չգիտցածը սորվեցան:
«Ինծի համար նման նախաձեռնութիւն մը շատ կարեւոր էր, բայց նաեւ յուզիչ ու ազդեցիկ էր, առիթ էր գիտնալու, թէ աշակերտները ինչպէ՛ս կառչած են իրենց հողին, հայրենիքին, երբ միասնաբար Արցախին նուիրուած երգեր երգեցին, նկատելի էր անոնց յուզմունքը, ոմանց աչքերէն նոյնիսկ արցունք հոսեցաւ, կարծես լիովին ապրեցան արցախեան կեանքով, անոր նկատմամբ իրենց սէրը դրսեւորեցին տարուած աշխատանքներուն ճամբով»:
Արցախի օրուան հիւր Սեւան Կարապետեան-Ադամեան նախ հաստատեց, որ Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին այս նախաձեռնութիւնը իսկապէս գնահատելի է, շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իրեն ալ առիթ տրուեցաւ մաս կազմելու արցախեան օրուան աշխատանքներուն` երգարուեստի մարզին մէջ: «Իմ պարտականութիւն էր երաժշտական հակիրճ տեղեկութիւններ տալ ազգագրական, աշուղական, ժողովրդական մեր երգերուն մասին: Աւարտին փորձեցի աշակերտներուն սորվեցնել «Ղարաբաղ» երգը, զոր բոլորը միասին պիտի երգեն: Իսկապէս շատ ուրախ ու հպարտ էին աշակերտները, նախ` որովհետեւ Արցախը մերն է, չի կրնար ուրիշին ըլլալ, եւ այդ ոգեւորութեամբ ու ոգիով ներկայացան աշակերտները ու սորվեցան երգը: Վստահ եմ, որ մեր նպատակը երբեք տկարութիւն չի ճանչնար, այս աշակերտներուն հետ միասին վաղ թէ ուշ պիտի վերադարձնենք մեր Արցախը», նշեց ան:
Արցախեան երգերու ուսուցման պարտականութիւնը ստանձնած Շաքէ Պաղտասարեան ըսաւ. «Քաջալերական է Արցախին նուիրուած օր ունենալը, յոյսով եմ, որ մեր հայկական բոլոր դպրոցներն ալ իրենց ծրագիրներուն մէջ կը ներառեն Արցախի օր կազմակերպելու աշխատանք մը, որովհետեւ աշակերտներուն մէջ պէտք չէ սերմանենք այն մտածումը, որ մենք Արցախը կորսնցուցինք եւ վերջ, պայքարը մեր մէջ վառ պէտք է մնայ` օր մը վերատիրանալու Արցախին, եւ բոլորիս պարտքն է նման քայլերով այս պայքարի շունչը փոխանցել յառաջիկայ սերունդներուն:
«Անձնապէս ուրախ եմ, որ հրաւիրուեցայ իմ ներդրումս ունենալու արցախեան օրուան աշխատանքներուն, աշակերտներուն սորվեցուցի «Իմ Ղարաբաղ» երգը, զոր բոլոր աշակերտները օրուան աւարտին միասնաբար երգեցին: Աշակերտները լսեցին նաեւ «Ղարաբաղ» երգը եւ «Եկ քինենք Արցախ»-ը, որ արցախեան բարբառով է, իրենց բացատրեցի տողերուն իմաստները, անոնք բաւական լաւ ալ գիտէին այս երգերը: Շատ ուրախացան, մասնակցեցան, շուտով սորվեցան: Ունէին նաեւ ազատ երգեր մեկնաբանելու եւ երգելու առիթ, ընտրեցին «Սարդարապատ», «Հայեր միացէք» եւ այլն, ինչ որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց աշակերտութեան մէջ, որոնք մասնակցեցան երգեցողութեան, շուտով սորվեցան:
«Նախքան երգերու ուսուցումը, աշակերտներուն բացատրեցի մեր երգերուն տեսակները` գեղջկական, օրօրոցային, մանկական, աշուղական, էսդրատային, ժողովրդական եւ այլն: Իրենց խօսեցայ նաեւ այն մասին, որ շատ լաւ ձայն ունենալը պայման չէ երգելու, այլ բոլորը պէտք է երգեն, մասնակցին, հեռու չմնան երգէն ու երաժշտութենէն», յայտնեց Շ. Պաղտասարեան` շնորհակալութիւն յայտնելով դպրոցի տնօրէնութեան, որ առաջին անգամ ըլլալով նման փորձառութիւն ունենալու առիթ տուած էր, որ մեծապէս տպաւորած է զինք:
Աւարտին բոլոր աշակերտները` մանկամսուրի փոքրերէն մինչեւ աւարտականի երիտասարդները, համախմբուեցան բակին մէջ, երգեցին Արցախի մասին, պարեցին Արցախի համար, Արցախի դրօշակները ծածանեցին եւ իրենց մարմինով շինեցին Արցախի դրօշակը` այն հաւատքով, յոյսով եւ մաղթանքով, որ այս բոլորը օր մը պիտի կարենան ընել Արցախի հողին վրայ, անոր երկինքին տակ, ուր կրկին պիտի փողփողի Արցախի դրօշակը:
Յուզիչ եւ միեւնոյն ատեն մեծապէս տպաւորիչ էր վերջին բաժինը, երբ բոլորը աշակերտները միաբերան, խրոխտ կեցուածքով ու վճռական ձայնի հնչեղութեամբ երգեցին «Ղարաբաղ իմ» երգը, ձեռք ձեռքի տուած պարեցին, որպէսզի իրենց ձայնն ու ոտքերուն վճռական հարուածները լսէ ամբողջ աշխարհը` հաստատելով, որ Արցախը վերադարձնելու կամքը կը մնայ զօրեղ ու անսասան:
Արցախի նուիրուած ողջունելի օրը աւարտեցաւ, սակայն մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, նաեւ անոնց ծնողներուն մօտ շարունակուեցան արցախեան հարազատ մթնոլորտն ու շունչը փոխանցող պատգամները` տուն տարուած ձեռային աշխատանքներով, դրօշակներով եւ աշակերտներուն բերնէն կրկնուող Արցախի նուիրուած երգերով: