Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայ պատանին ու երիտասարդը իրազեկ դարձնելու Հայ Դատին ու անոր առաքելութեան, ինչպէս նաեւ հայ աշակերտին առօրեայ հետաքրքրութիւններուն եւ ընթերցումներուն անբաժան մասը դարձնելու համար Արցախի պատմութիւնն ու գոյամարտը, Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբը դասախօսական շարք մը կազմակերպեց եւ ներկայացուց Հալէպի Կրթասիրաց – Ս.Չ. Երկրդ. Վարժարանի, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրդ. Վարժարանի եւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 7-րդ, 8-րդ, 10-րդ եւ 11-րդ կարգերու աշակերտութեան։
Դասախօսն էր Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահուէճեան: Ան նախ հակիրճ ձեւով ներկայացուց Հայ Դատ հասկացութիւնն ու անոր նպատակը, անդրադառնալով Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու այլազան աշխատանքներուն, ապա անդրադարձաւ Արցախեան հարցին՝ լուսարձակի տակ առնելով Արցախի աշխարհագրութիւնը, պատմութիւնը, ներկայ քաղաքական իրավիճակն ու շրջափակումը։
Աւարտին, դասախօսը լուսարձակի տակ առաւ Արցախեան հարցին կարեւորութիւնը, զայն առնչելով հայ ազգին գոյութեան ու ինքնութեան պահպանման հետ։
Եզրափակելով դասախօսը շեշտեց, որ Արցախը հայութեան համար սուրբ հայրենիք է, կարեւոր համարելով Հայ Դատի աշխատանքներուն ընդմէջէն հայ երիտասարդութեան ներդրումը մեր ժողովուրդի դատին, ինչպէս նաեւ հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումը։
Յ. Գ.։ Յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ հոգաբարձութեանց՝ ջերմ գործակցութեան համար։