կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-09-05 20:09
Սփյուռք

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պէյրութի Հայկական Թաղամասերը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պէյրութի Հայկական Թաղամասերը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան շաբաթ առաւօտեան այցելեցին Պէյրութի հայկական թաղամասերը եւ մօտէն իրազեկ դարձան հայ բնակչութեան կրած վնասներուն։

Այս առիթով շրջանի «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Պէքէրէճեան եւ կոմիտէութեան անդամներ տեղեկութիւններ փոխանցեցին հայկական շրջաններու ընդհանուր իրավիճակին եւ վնասներու տարողութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձան վերաշինութեան ու վերականգնումի աշխատանքներուն։

aztagdaily.com