կարևոր
2212 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-06-23 12:10
Քաղաքական

Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Եւ Ազգային Ուժերու Պատուիրակութիւնը Այցելեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի

Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Եւ Ազգային Ուժերու Պատուիրակութիւնը Այցելեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի

Կուսակցութիւններու պատասխանատուներու կատարած իր այցելութիւններու ծիրին մէջ, Լիբանանեան կուսակցութիւններու եւ ազգային ուժերու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումը ներկայացնող համակարգումի մարմինը այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ տեղական թէ արտաքին իրադարձութիւններուն վրայ:

Հանդիպումի աւարտին անոնք հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, ուր քննադատեցին կարգ մը կողմերու ցուցաբերած կեցուածքը: «Լիբանանի մէջ քաղաքականութեան անունով ոմանց որդեգրած քայլերը պարզապէս «յիմարներու ողբերգութիւն» կարելի է անուանել», նշեց հաղորդագրութիւնը` դիտել տալով, որ երկրի տագնապներուն լուծման բնական ու հեզասահ ընթացքը կը կայանայ նախագահի ընտրութեան շուրջ երկխօսութեան մէջ:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ քննադատեց «սիոնական յարձակումները պաղեստինցի խիզախ ժողովուրդին վրայ` փորձելով ջլատել անոր դիմադրողական կամքը»:

Այս առիթով հաղորդագրութիւնը նոյնպէս բուռն կերպով քննադատեց Ազրպէյճանի կողմէ աւելի քան 180 օրերէ ի վեր Արցախի շրջափակումը, որ շրջանի բնակչութիւնը կը մատնէ ծանր տագնապի ու կ՛արգելակէ մարդասիրական օժանդակութեան փրկարար բոլոր քայլերը, անտեսելով միջազգային օրէնքներն ու միջպետական համաձայնութիւնները: Այս գծով ժողովականները կոչ կ՛ուղղեն միջազգային ընկերութեան` «անյապաղ ձեռնարկելու գործնական քայլերու, վերջ տալու համար այս անմարդկային կացութեան», եզրափակեց հաղորդագրութիւնը: