Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Քրիսթին Արզումանեան, Ճօ Զուլիքեան եւ Ցոլեր Թալաթինեան, չորեքշաբթի, 22 սեպտեմբերին այցելեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուի հետ:
Աւելի քան մէկուկէս ժամ բացառիկ փոխադարձ հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող հարցեր եւ զարգացումներ:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպանին ներկայացուց արցախեան Բ. պատերազմի զարգացումներն ու հետեւանքները` նշելով, որ հայկական ու կիպրական կողմերը նոյնանման խնդիրներ կը դիմագրաւեն եւ նոյն յարձակողապաշտ հակառակորդները ունին:
Դեսպան Քիրիաքու հասկացողութիւն ցուցաբերեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի արծարծած հարցերուն ու մտահոգութիւններուն նկատմամբ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նմանօրինակ հանդիպումները շարունակելու:
Կիպրոսի դեսպանը կարեւորութեամբ շեշտեց անցեալէն դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ իր անցեալը մոռցողը դատապարտուած է անոր կրկնութեան: Ան նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի հարցին` նշելով, որ կիպրական կողմը կառչած կը մնայ միջազգային օրէնքին ու կիպրական հարցին վերաբերեալ ՄԱԿ-ի որոշումներուն, որոնց վրայ միայն կրնայ հիմնուիլ կղզիի հարցի արդար եւ մնայուն լուծումը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպան Քիրիաքուի յանձնեց արցախեան Բ. պատերազմի Ա. տարելիցին առիթով իր պատրաստած նամակը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղէ` չընդունելու Արցախի հարցի ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափէն դուրս գոյացած որեւէ լուծում, ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնն ու վերականգնելու անոր հողային ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանելու Պաքուի մէջ անօրինաբար պահուող հայ պատերազմական գերիներու եւ քաղաքայիններու Հայաստան վերադարձին համար:
aztagdaily.com