Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Շաբաթ, 19 դեկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, այցելեց 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած լիբանանահայերու ընտանիքներուն` ՀՅԴ Բիւրոյի զօրակցական եւ ցաւակցական խօսքը ուղղելու անոնց:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ծանօթացաւ Մար Մըխայէլի եւ ընդհանրապէս Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող վերաշինութեան աշխատանքներուն: Այցելեց կարգ մը հայկական բնակարաններ:
Երէկ` կիրակի, 20 դեկտեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, այցելեց Արագածի շրջան, ուր ծանօթացաւ շրջանի ընկերային կարիքներու բաւարարման ուղղուած ծրագիրներու գործադրութեան:
Նոյն օրը, կիրակի կէսօրին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին, մասնակցեցաւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած` Շուշիի պաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին նահատակուած ՀՅԴ-ի անդամներ Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սեքլեմեանի քառասունքին առիթով կազմակերպուած յիշատակի հաւաքին:
Հանդիպում Երիտասարդութեան Եւ Ուսանողութեան Հետ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շաբաթ, 19 դեկտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) անդամներուն հետ:
Հանդիպումին հիմնական նիւթն էր հայրենիքը` Հայաստանն ու Արցախը, հրադադարի ազդանշանը տուած չարաբաստիկ յայտարարութենէն ետք տիրող ընդհանուր կացութիւնն ու ապագայի ծրագիրները:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ դաշնակցական երիտասարդներուն ու ուսանողներուն միջեւ զրոյցը յանգեցաւ այն ըմբռնումին, որ ինչքա՛ն ալ դժուար ըլլան տիրող կացութիւնը եւ հայ ժողովուրդին դիմաց ծառացող մարտահրաւէրները, պայքարը պիտի շարունակուի հայութեան վերադարձնելու իր յոյսը, վերականգնելու ազգային արժանապատուութիւնը եւ անկոտրում կամքով շարունակելու Հայ դատի հետապնդումը:
aztagdaily.com