կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-02-11 12:01
Սփյուռք

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչը Այցելեց ՀՕՄի Կլենտէյլի Կեդրոնը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչը Այցելեց ՀՕՄի Կլենտէյլի Կեդրոնը

Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութիւնը Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարի երեկոյեան հիւրընկալեց Լոս Անճելըս գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:

Հայրենի հիւրին կ՛ընկերանային ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ տոքթ. Գարմէն Օհանեան, իրաւաբան Կարօ Մատէնլեան, Այտա Տիմիճեան եւ Հրայր Կարապետեան: Հանդիպման ներկայ եղան ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան եւ անդամներ Մարալ Մաթոսեան եւ Արուսեակ Մելքոնեան: Սոյն հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան անդամներ Նորա Չափարեան եւ Րաֆֆի Վարժապետեան, Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Քնար Գորթոշեան եւ անդամներ՝ Լիւսի Չուխաճեան եւ Գարմէն Լիպարիտեան:

Բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեան, որ ողջունեց հիւրը ՀՕՄի տան մէջ եւ ծանօթացուց բոլոր ներկաները: Փօլատեան յայտնեց, թէ ՀՕՄը հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ զանազան ծրագիրներ կ՛իրականացնէ եւ պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը ցուցաբերել: Փօլատեան յաջողութիւն մաղթեց Իշխան Սաղաթէլեանին՝ իր պատասխանատուութեան եւ հայրենանուէր առաքելութեան մէջ:

Սաղաթէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց առիթին եւ ջերմ ընդունելութեան համար, ապա տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին: Ան բարձր գնահատեց ՀՕՄի մարդասիրական, բարեսիրական եւ հայ ժողովուրդին ծառայական աշխատանքները եւ հայապահպանման մէջ ՀՕՄի կարեւոր դերակատարութիւնը:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ հիւրերը շրջագային կեդրոնին մէջ՝ ծանօթանալով ՀՕՄի Հոգեբանական կեդրոնի եւ Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի գործունէութեանց:

Հանդիպումին աւարտին, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան կողմէն Սաղաթէլեանին յանձնուեցաւ ՀՕՄը խորհրդանշող յուշապնակ մը:

asbarez.com