կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-23 15:00
Սփյուռք

Տնտեսական Եւ Ընկերային Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

Տնտեսական Եւ Ընկերային Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի մէջ ընդունեց Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտը եւ խորհուրդի անդամներ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեանը եւ Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեանը:

Հանդիպումին ընթացքին Արպիտ ներկայացուց խորհուրդին ցարդ կատարած աշխատանքներուն ու հետագայի ծրագիրները:

Յաւելեալ զարկ տալու եւ իմաստաւորելու համար խորհուրդի գործունէութիւնը, պատրաստուած է օրինագիծ մը, որ ներկայացուեցաւ պլոքի ներկայացուցիչին` ապահովելու համար անոր ստորագրութիւնը այդ օրինագիծին խորհրդարան ներկայացուելու ի խնդիր:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի օրինագիծին շուրջ կարգ մը հարցադրումներ եւ մատնանշումներ կատարելէ ետք ստորագրեց առաջարկը:

aztagdaily.com