|
Փոխարժեքներ
06 11 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 360.4 |
| EUR | ⚊ | € 404.66 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.4134 |
| GBP | ⚊ | £ 485.13 |
| GEL | ⚊ | ₾ 138.98 |
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Յակոբ Բագրատունիի, այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմին առընթեր ներկայ էին նաեւ Պէյրութի մէջ գործող ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէներու ներկայացուցիչները:
Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց հոգեւոր տիրոջ ընտրութիւնը եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն իր հետագայ գործունէութեան մէջ:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խօսելու Հայաստանի, սփիւռքի եւ Լիբանանի իրավիճակին, վերջին իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ թէ՛ հայաստանեան, թէ՛ լիբանանեան ճգնաժամերուն մասին:
Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ արցախեան եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութիւններով Հայ դատի յանձնախումբերուն տարած աշխատանքներուն:
Հոգեւոր տէրը շնորհակալութիւն յայտնելով շեշտեց հետեւողականօրէն միասնական աշխատանքներով դիմագրաւել հայութեան դէմ ծառացած մարտահրաւէրները:
aztagdaily.com