Փոխարժեքներ
12 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.17 |
EUR | ⚊ | € 423.33 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.03 |
GBP | ⚊ | £ 505.68 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.05 |
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Եղիա Թաշճեան այսօր` 3 յուլիս 2023-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ փոխդեսպան Հերմոկենես Լոփեզի հետ:
Պատուիրակութիւնը իր շնորհաւորութիւնը փոխանցեց Սպանիոյ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ստանձնելուն առիթով: Փոխդեսպան Լոփեզ նշեց, որ մարմինը առաջինն է, որ այս առիթով կապ կը հաստատէ Սպանիոյ դեսպանատան հետ:
Աւելի քան կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութեան անդամները ներկայացուց դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Բերձորի միջանցքի փակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապը` ընդգծելով, որ Ազրպէյճան կ՛անտեսէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին ու Արդարութեան միջազգային դատարանին Բերձորի միջանցքը վերաբանալու եւ Արցախի պաշարումը վերացնելու պահանջները:
Հայ դատի պատուիրակութիւնը` ներկայացնելէ ետք Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ հռետորաբանութիւնները, արարքներն ու նոր յարձակումներու պատրաստութիւնը, իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի հարցին Հելսինքիի վերջնական հռչակագիրի հիմամբ լուծման` նշելով, որ Պաքուն կ՛անտեսէ այդ հռչակագիրի երեք սկզբունքներէն երկուքը` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքն ու բռնարարքերէ հրաժարումը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամները ընդգծեցին, որ կնքուելիք որեւէ պայմանագիր եւ որեւէ լուծում պէտք է նկատի ունենայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` աւելցնելով, թէ որեւէ այլ լուծման պարագային Արցախը եւս պիտի մատնուի Նախիջեւանի ճակատագիրին:
Սպանիոյ փոխդեսպանը հասկացողութիւն ցուցաբերեց` նշելով, որ Սպանիա կը զօրակցի Միջազգային օրէնքին եւ «ձեր նշած Հելսինքիի վերջնական հռչակագիրին »:
Ան յայտնեց, որ կը հասկնայ Արցախը «Նախիջեւան 2 »-ի վերածուելու նկատմամբ պատուիրակութեան մտավախութիւնը, եւ խոստացաւ Հայ դատի մարմինի մտահոգութիւններն ու տեսակէտները փոխանցել Մատրիտին ու Երեւանի մէջ Սպանիոյ դեսպանատան գործավարին:
Սպանիոյ փոխդեսպանը ՀՅԴ Հայ դատի մարմինը հրաւիրեց որեւէ նոր զարգացումի պարագային իր տեսակէտներու փոխանցման համար դեսպանատան հետ կապի մէջ մնալու: