կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-09-03 17:12
Սփյուռք

Շնորհակալութիւն դեսպան Թաթուլ Մարգարյանին արդիւնաւէտ եւ սերտ համագործակցութեան համար

Շնորհակալութիւն դեսպան Թաթուլ Մարգարյանին արդիւնաւէտ եւ սերտ համագործակցութեան համար

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Պելճիքայի Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) նախկին արտակարգ եւ լիազոր դեսպան, Եւրոպական Միութեան մէջ ՀՀ առաքելութեան նախկին ղեկավար Նորին Գերազանցութիւն պարոն Թաթուլ Մարգարյանին բազմամեայ սերտ եւ ջերմ համագործակցութեան համար։

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահը Հայ Դատի յանձնախումբերու գործունէութեան հիմքն է։ Այս սկզբունքին՝ երկուստեք բարձր գիտակցումը, դեսպան Մարգարյանին պաշտօնավարման վեց տարիներուն ընթացքին եղած է մեր արդիւնաւէտ եւ սահուն համագործակցութեան հիմքը։

Կրկին ջերմօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ դեսպան Մարգարյանին եւ կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ իր մասնագիտական եւ անձնական նախաձեռնութիւններուն մէջ։

Հարգանքով՝

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ  Գասպար Կարապետեան