Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կլենտէյլի Հանրային Կեդրոնական գրադարանի գլխաւոր սրահին մէջ, Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» խորագրուած հանրային հաւաքը, որուն նպատակն էր դրուատել Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու արշաւը յաջողութեամբ պսակած քոնկրեսականներու տարած աշխատանքը։
Հանրային հաւաքին ներկայ էին Ներկայացուցիչներու տան թիւ 296 բանաձեւի համահեղինակ Էտըմ Շիֆ, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ Հայաստանին եւ Արցախին զօրակցութիւն ապահովելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ բանաձեւի գլխաւոր հովանաւորներէն՝ Ճուտի Չու։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին փոխատենապետը՝ իրաւաբան Րաֆֆի Գասապեան կատարեց հաւաքին բացումը՝ խօսելով Ցեղասպանութեան բանաձեւին ճանաչումը ապահովելու նպատակով Հայ Դատի տասնամեակներու պայքարին մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր քոնկրեսականներուն, որոնք զօրակցեցան անոր, դէմ դնելով Անգարայի ճնշումներուն։
Ապա, քոնկրեսական Շիֆ խօսեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ զոհերը այդպիսով յարգելու կարեւորութեան մասին, բանաձեւին ընդունումը յատկանշական քայլ մը համարելով ապագային ցեղասպանութեան կանխարգիլման պայքարին համար։ Ան նաեւ ճանաչման պայքարէն, ինչպէս նաեւ անոր դէմ Անգարայի ուրացման արշաւէն դրուագներ պատմեց եւ «հոյակապ» արդիւնք համարեց այն, որ բանաձեւը կարելի եղաւ ընդունիլ 405 քուէներով։
Իր կարգին, քոնկրեսական Չու յայտնեց, թէ գիտէ, որ հայ համայնքին համար որքան կարեւոր էր Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունումը Քոնկրեսին կողմէ եւ դրուատեց այդ նպատակով համայնքին տարած աննկուն աշխատանքը։ Ան ընդունեց, որ միայն 25 տարի առաջ ծանօթած էր Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւններուն, երբ հրաւիրուած էր մասնակցելու Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցող տարեկան ոգեկչման հաւաքին, իբրեւ Մոնթերէյ Փարքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։
Ներկայացումներուն աւարտին, «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանի համադրութեամբ տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին մը, որմէ ետք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան քոնկրեսականներուն՝ առ ի երախտագիտութիւն անոնց նուիրեալ սպասարկութիւններուն։
Նշենք, որ քոնկրեսական Շիֆի ելոյթին ընթացքին, նախագահ Թրամփի պաշտօնազրկման դէմ բողոքող խումբ մը ցուցարարներ ժամանակաւորապէս խանգարաեցին հաւաքը։ Այս անարգալից արարքը օրին խստօրէն դատապարտուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։ Քանի մը թուրք ցուցարարներ եւս ներկայ էին։
Յիշեցնենք նաեւ, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը իր կարգին միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Ծերակոյտին կողմէ։ Այդ բանաձեւին համահեղինակներն էին ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Թետ Քրուզ, իսկ Շիֆի կողքին, թիւ 296 բանաձեւին համահեղինակն էր Կաս Պիլիրաքիս։
asbarez.com