կարևոր
2728 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-23 09:39
Քաղաքական

Սպասելով Ուաշինկթընի «Ամէնէն արդիւնաւէտ» քայլին

Սպասելով Ուաշինկթընի «Ամէնէն արդիւնաւէտ» քայլին

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Լին Թրէյսի, իր պաշտօնավարութեան ընթացքին, 11 Սեպտեմբեր 2021 թուականին յայտարարեց. «Չենք նկատեր, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը լուծուած է, եւ անիկա պիտի մնայ Մինսքի խմբակի օրակարգին վրայ»։ Ան 31 Յունուար 2022-ին վերահաստատեց ամերիկեան կողմի այդ կեցուածքը Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեանի հետ հանդիպումին ընթացքին՝ նշելով, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը լուծուած չէ, եւ այդ հոլովոյթը պէտք է իրականացուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքոյ։

19 Մայիս 2022-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի առթիւ «Արմէնփրես»-ի հետ հարցազրոյց ընթացքին ան դարձեալ ընդգծեց. «Անշուշտ, Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը տակաւին կը մնայ չլուծուած» , ապա դիւանագիտական մեղմասացութեամբ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը ընդգծելով աւելցուց.«Միացեալ Նահպանգներ կը ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դերակատարութիւնը իր ապագան որոշելու հարցին մէջ»։

Այդ օրէն ի վեր Արցախի վերաբերեալ ամերիկեան յայտարարութիւններուն նշաձողը իջած է։ Այնտեղ չենք տեսներ Արցախի կարգավիճակի վերաբերեալ ակնարկներ։ Բայց, ատրպէյճանցի «բնապահպաններու» կողմէ Բերձորի միջանցքի փակումէն ետք, ամերիկեան կողմէն տարբեր բարձր մակարդակներու վրայ աշխուժօրէն կը հնչեն զայն վերաբանալու, այդ միջանցքով ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը ապահովելու իրերայաջորդ կոչեր։

Բնութիւնը պարապութիւն չի հանդուրժեր, առաւել եւս քաղաքականութիւնը։ Ուքրայինայի հակամարտութեան լոյսին տակ երկրորդ ճակատի մը բացման նկատմամբ խոր մտավախութիւն ունեցող ռուսական կողմի ցուցաբերած ծայրայեղ զգուշաւորութիւնն ու անկէ բխող անվճռականութիւնը ստեղծած են թափուր մը, որ, ըստ երեւոյթի, լեցնելու կը պատրաստուի ամերիկեան կողմը։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս 19 Յունուար 2023-ին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին փոխանցեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ յառաջիկայ օրերուն նոյնպիսի հաղորդակցութիւն մը պիտի ունենայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

«Վերջին ժամանակներուն մէջ մենք յետընթաց տեսած ենք, երբ խօսքը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին։ Մենք կ’ուզենք, որ կառուցողական երկխօսութիւնը վերականգնուի։ Մենք պատրաստ ենք երկկողմանի համագործակցութեան։ Մենք պատրաստ ենք համագործակցելու գործընկերներու հետ, ԵԱՀԿ-ի միջոցով, եթէ ատիկա տեղին պիտի ըլլայ եւ երբ տեղին ըլլայ, եռակողմ ձեւաչափով, ինչպէս ատիկա անցեալին ըրած ենք», ըսաւ Փրայս աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին ընելու այն, ինչ որ ամէնէն արդիւնաւէտն է։

Ահա, այդ «պատրաստութեան» ծիրին մէջ հաւանաբար պէտք է դիտել 11 Յունուարին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շիայի Անթիլիասի մայրավանք այցելութիւնն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ հանդիպումը, որուն ընթացքին արծարծուած էր Բերձորի միջանցքի հարցը։ Այդ հանդիպումէն հազիւ երկու օր ետք, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մըն ալ հրաւիրուած էր Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն՝ քննարկելու համար Բերձորի միջանցքի արգելափակումով ստեղծուած կացութիւնը։

Յստակ է, թէ Ուաշինկթըն ծրագիր մը կը պատրաստէ, եւ կը թուի, թէ ռուսական կողմը ատոր «հոտը առած» է կամ պարզապէս կը գիտակցի, թէ ստեղծուած թափուրը այլեւս չի կրնար պարապ մնալ։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով 18 Յունուարին շտապեց յայտարարելու. «Տառացիօրէն երէկ կամ նախորդ օր հանդիպած են Ռուսիոյ խաղաղապահները, ատրպէյճանցիները եւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչները։ Կը կարծեմ՝ հարցը (միջացնքի բացումը) մօտ օրէն կը լուծուի»։

Ո՞վ պիտի տիրանայ Բերձորի միջանցքի վերաբացումը ապահոված ըլլալու դափնիին։ Կը թուի, թէ հարցումին պատասխանը շուտով կ’իմանանք։

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը, հաւանաբար շտապելուն պատճառով, սխալ գործեց, երբ վերոնշեալ յայտարարութիւնը կատարեց՝ յաչս հանրութեան հրապարակելով ռուսական նախաձեռնութիւնը։ Այժմ անոր մրցակիցները պիտի աշխատին ձախողութեան մատնել զայն. մանաւանդ, նկատի ունենալով որ Փառուխի, Բերձորի միջանցքի փակման, ռուսական խաղաղապահ ուժերու շարասիւնի անցումի արգիլման, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պաշտպանութեան տակ Արցախ վերադարձող արցախահայ երեխաներուն հետ պատահած միջադէպերէն ետք, ռուսական կողմին արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով շեփորածին չիրականանալը մեծապէս պիտի վարկաբեկէ Ռուսիան եւ ջուր լեցնէ հակառուսականութեան ջաղացքին մէջ ու խթանէ զայն։

Մինչեւ օրս կատարուած յայտարարութիւններն ու Պաքուի հետ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները որեւէ արդիւնքի չհանգեցան։ Այդ մէկը կու գայ վկայելու այդ յայտարարութիւններուն անլրջութեան ու զանոնք կատարողներուն անվճռականութեան, ինչպէս նաեւ ազդու ճնշումի բացակայութեան մասին։ Արցախի 12 Դեկտեմբեր 2022-էն ի վերջ շրջափակման շարունակումը այդ իրողութեան վառ ապացոյցն է։

Յուսանք, որ ստեղծուած մրցավազքի մթնոլորտն ու մեծ տերութիւններու դափնիի տիրանալու ցանկութիւնը կը հանգեցնէ հարցի դրական ու շուտափոյթ լուծման։

 

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Հայրենիք»