Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ընդամէնը քանի մը շաբաթներ առաջ, Հայաստանի սահմաններուն մօտ բազմամիլիառ տոլար արժող արդիական զէնքերով զինավարժութիւններուն վերաբերեալ՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն զգուշացում ստանալէ ետք, անցեալ Կիրակի, Ատրպէյճան ձեռնարկեց լայնածաւալ զինուորական գործողութեան մը՝ ընդդէմ Հայաստանի սահմանային գիւղական շրջաններու խաղաղ քաղաքացիներուն, երկրին հիւսիս-արեւելեան Տաւուշի մարզին մէջ: Յարձակումը կը զուգադիպէր ՄԱԿի կոչին՝ համաշխարհային զինադադար հաստատելու, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին մահաբեր տագնապի պայմաններուն մէջ:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը այս առիթով կոչ կ՛ընէ՝ համընդհանուր ձեւով դատապարտելու միջազգային օրէնքներու խախտումով Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի վրայ եւ կասեցնելու միջազգային ընտանիքին կողմէ բոլոր տեսակի զէնքերու վաճառքը Ալիեւի փտած բռնապետութեան, որ իր ռազմատենչութեամբ եւ անպատասխանատուութեամբ ապացուցած է խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով հարցեր լուծելու փոխարէն՝ ապաւինելու զէնքի ուժին վստահելու իր վարքագիծը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը կրկին անգամ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի ժողովուրդին, խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի բնակչութեան դէմ կատարուած այս վայրագ յարձակումը եւ անվերապահօրէն զօրավիգ կը կանգնի Հայաստանի՝ իր ժողովուրդը պաշտպանելու իրաւունքին:
Այսպիսի յարձակումներ համանման են ցեղային ատելութեամբ դրդուած այն յարձակումներուն, որոնք գործադրուեցան Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ առաւել քան դար մը առաջ եւ որոնց իբրեւ արդիւնք՝ հայրենիքին երեք քառորդը բռնագրաւուեցաւ եւ մեր ժողովուրդին առաւել քան երկու երրորդը սպաննուեցաւ:
Նոյն այս ատելութիւնը ի յայտ եկած էր Ատրպէյճանի մէջ, երբ 1988ին Սումկայթի եւ 1990ին Պաքուի մէջ խաղաղ հայ բնակչութիւնը զոհ դարձաւ յայտնի բոկրոմներուն, երբ 1990ական թուականներուն հայկական բնակավայրերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անխնայ կերպով ռմբակոծուեցան, եւ երբ՝ 2016ին, Արցախի Հանրապետութիւնը լայնածաւալ յարձակումի ենթարկուեցաւ:
Բնաւ զուգադիպութիւն չէ, որ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի քրիստոնէական մեծագոյն եւ հնագոյն եկեղեցին՝ Այա Սոֆիան, մզկիթի վերածելու քայլին անմիջապէս յաջորդեց Պաքուի յարձակումը Հայաստանի վրայ եւ այս յարձակումին առիթով Ատրպէյճանի իր ցեղակից եղբայրներուն զօրակցելու յայտարարութիւն մը կատարեց Թուրքիա, միաժամանակ զգուշացնելով Հայաստանը՝ չհակադարձելու, նոյնիսկ ինքնապաշտպանութեան նպատակով:
Դեռ կը յիշենք եւ աշխարհը չի կրնար մոռնալ, որ Թուրքիա ցարդ չէ մեղանչած յաչս հայութեան ցեղասպանական իր անցեալին համար:
Ամբողջովին թիկունք կը կանգնինք Հայաստանի հերոսական բանակին, որ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործը ճակատամարտերուն մէջ տարաւ ամենայն արհեստավարժութեամբ:
Իբրեւ ընկերային եւ քաղաքական գործիչներ՝ մեր բոլորին պարտաւորութիւնն է՝ միահամուռ ճիգով մեր մասնակցութիւնը բերելու հայրենիքի պաշտպանութեան գործին:
Արդ, այս շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ տասնամեակ մը առաջ ստեղծուած «Մեր Զինուորներուն Հետ» նախաձեռնութիւնը այս օրերուն դարձեալ ի գործ կը դրուի, հայ զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն մեր զօրակցութեան բաժինը բերելու համար:
Իր կարգին, Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է Ազգային Պաշտպանութեան Լիազօրութեան (National Defense Authorization Act) թիւ HR6395 բանաձեւին մէջ շարք մը բարեփոխումներու, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ նուազեցնել Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ատրպէյճանին տրուող զինուորական աջակցութիւնը:
Կոչ կ՛ընենք Միացեալ Նահանգներու բոլոր հայորդիներուն, անկախ իրենց քաղաքական պատկանելիութենէն՝ միանալու մեզի՝ զօրակցութեան այս եւ յետագայ արշաւներուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները պաշտպանելու ի խնդիր: