Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած ահաւոր պայթումը, որ խլեց աւելի քան հարիւր զոհ եւ հազարաւոր վիրաւորներ, իր տեսակին մէջ եւ իր ուժգնութեամբ աննախընթաց էր տասնամեակներ քաղաքացիական պատերազմ «ճաշակած» լիբանանցի ժողովուրդին համար:
Կեդրոնական Պէյրութի, Էշրէֆիէի, Ժըմմէյզիի, Մար Մխայէլի շրջանները կրած են աննկարագրելի վնասներ: Տուեալ շրջաններուն մէջ նկատառելի է նաեւ հայ համայնքին ներկայութիւնը, որ իր հերթին բնականաբար անմասն չէ մնացած աղէտէն:
Պայթումէն ծանր վնասուած են նաեւ Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերը. մարդկային կորուստներ, քանդուած վաճառատուներ եւ բնակարաններ: Ծանրօրէն վնասուած են նաեւ ազգային տարբեր կեդրոններ: Այս դժնդակ կացութեան ի տես, խորապէս կը ցաւակցինք բոլոր զոհերուն հարազատներուն, իսկ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք բոլոր վիրաւորներուն:
Աղէտի առաջին իսկ պահէն, Կեդրոնական Կոմիտէս անմիջական կապի մէջ էր Լիբանանի պատասխանատու մեր ընկերներուն հետ եւ մօտէն կը հետեւէր աստիճանական զարգացումներուն:
Մեր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնենք Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին եւ անոր ճամբով` անխտիր ամբողջ լիբանանահայութեան: Վստահ ենք, որ Սփիւռքի սիրտն ու բազկերակը հանդիսացող լիբանանահայութիւնը այս հարուածէն ալ դուրս պիտի գայ աննահանջ, թէկուզ ծանրօրէն վնասուած: Վստահ ենք նաեւ, որ համահայկական զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը պիտի չզլացուին մայր գաղութի պահապան մեր կառոյցներուն ու աննման մեր տղոց, որոնք ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս օրն ի բուն կը գտնուին մեր ժողովուրդի բարոյական, ֆիզիքական թէ ֆինանսական ծառայութեան մէջ: Խաղաղութիւն` Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին, յաւելեալ կորով` Լիբանանի մեր համայնքին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Փարիզ, 5 Օգոստոս 2020