կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-11-15 23:39
Սփյուռք

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբերին, հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ թրքական կառավարութիւնը ուղղակի պատասխանատուն համարեց Գամիշլիի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի եւ անոր հօր սպաննութեան: Յայտնենք, որ ժողովրդապետ Պետոյեան եւ անոր հայրը գազանաբար սպաննուած էին «Իսլամական պետութեան» զինեալներուն կողմէ Երկուշաբթի օր, Տէր Զօրի մէջ:

Ստորեւ՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը.

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն իր զայրոյթը կը յայտնէ Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբերին, Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մօտակայքը «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն կողմէ անմարդկային սառնասրտութեամբ ժողովրդապետ Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի եւ անոր հօր՝ Աբրահամին սպանութեան նկատմամբ:

Գամիշլիի Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետին սպանութիւնը այն վայրին մէջ, ուր դար մը առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ջարդի, համաճարակներու ու սովահարութեան պատճառով սպաննուած էին մէկ միլիոն հայեր, այս համայնքը չի կրնար անտեսել, երբ տակաւին պահանջատէր է Օսմանեան պետութեան ժառանգորդը հանդիսացող Թուրքիոյ Հանարապետութենէն՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում վճարելու հայ ժողովուրդին:

«Զուգադիպութիւն չէ, որ այս սպանութիւնը տեղի ունեցաւ Թրքական բանակի հիւսիսային Սուրիա ներխուժումէն ետք: Ներխուժումին պատճառով ստեղծուած անկայուն եւ խառնաշփոթ կացութենէն օգտուելով՝ «Իսլամական պետութեան» պատկանող հազարաւոր ահաբեկիչներ խոյս տուին բանտերէն եւ թրքական կառավարութեան խրախուսանքով սկսան յարձակումներ գործել խաղաղ բնակչութեան դէմ: Այս բնակչութիւնը անցնող վեց տարիներուն, ամերիկեան բանակին օգնութեամբ կրցած էր կայունացնել իրավիճակը շրջանին մէջ եւ յաջողապէս պայքարիլ ցեղային թէ կրօնական ծայրայեղ շարժումներու դէմ:

«Սառնասիրտ այս սպանութեան համար թրքական կառավարութիւնը ուղղակիօրէն պատասխանատու կը համարենք եւ կոչ կ՛ուղղենք միջազգային հանրութեան, որ անմիջապէս քայլեր առնէ՝ դուրս բերելու համար թրքական ուժերը սուրիական տարածքներէն, վերահաստատելու համար խաղաղութիւնը շրջանին մէջ եւ պատժելու՝ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչները, որոնք գազանաբար սպաննեցին խաղաղութեան նուիրեալ քրիստոնեան եւ անոր հայրը»:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

asbarez.com