Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն դէմ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը Ատրպէյճանին, եւ Հայաստանի դէմ ուժ գործադրելու անոր արդարացումները, որոնց արձագանգն էր Էրտողանի ազդարարութիւնը՝ որ Թուրքիա պիտի «աւարտէ այն, ինչը նախնիները սկսած էին» Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրումով:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող ատելութեան այս քաջալերումով է որ բռնութիւնները ծայր առին Հայաստանի սահմանին վրայ, երբ ատրպէյճանական զինեալ ուժերը յարձակում գործեցին հայկական քաղաքացիական թիրախներու եւ բանակային դիրքերու վրայ, Տաւուշի շրջանին մէջ, խախտելով Հայաստանի տարածքային ինքնիշխանութիւնը:
Մարդկային իրաւունքի բիրտ անտեսումի ատրպէյճանական այս վարքագիծը շուտով տարածուեցաւ աշխարհի զանազան քաղաքներ, ինչպէս՝ Մոսկուա, Քիեւ, Պերլին եւ Լոնտոն, ուր ատրպէյճանցի խուժաններ յարձակեցան անմեղ հայերու վրայ, այրեցին եւ կողոպտեցին հայկական գործատուներ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ, կրակի տուին Հայաստանի դեսպանատան պատկանող ինքնաշարժ մը Գերմանիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ յարձակեցան հայ ցուցարարներու վրայ, ինչպէս էր պարագան անցեալ շաբաթ, Լոս Անճելըսի մէջ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակերպած ցոյցին:
Հիմնականօրէն, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հակահայ պետական քաղաքականութիւնը դուրս յորդած է տարածաշրջանէն եւ գործի դրուած՝ մոլեռանդներու կողմէ, որոնք անցեալ շաբաթ վանտալութեան ենթարկեցին Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զագարեան-Վասպուրական վարժարանը եւ Հայ կեդրոնը՝ պատերուն վրայ գրելով ցեղապաշտական գռեհիկ խօսքեր եւ ազդարարութիւններ:
Մենք չենք սարսափիր, ոչ ալ պիտի վախնանք թուրք-ատրպէյճանական համագործակցութեամբ ի գործ դրուած բռնութեան եւ յարձակումի այս արարքներէն, որոնք կը կատարուին Սփիւռքի հայկական համայնքներուն դէմ: Կը շարունակենք զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն զինուորական ուժերուն: Կը մնանք ճշմարտութեան եւ արդարութեան կողքին, եւ պիտի շարունակենք մեր հաստատակամ յանձնառութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի՝ միջազգային ճանաչման հետապնդման նկատմամբ:
Մեր համայնքին հանդէպ գործադրուած այս բռնարարքներուն եւ ատելութեան յանցագործութիւններուն լոյսին տակ, կոչ կ՛ընենք իշխանութիւններուն, որ ապահովական յաւելեալ քայլեր առնեն՝ երաշխաւորելու համար ծագումով հայ ամերիկացի խաղաղասէր քաղաքացիներու ապահովութիւնը Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներուն տարածքին, ինչպէս նաեւ կը յորդորենք պատկան իշխանութիւնները՝ հետապնդելու եւ դատելու բոլոր անոնք, որոնք գործադրեցին քստմնելի այս արարքները:
Մեր համայնքին կը յանձնարարենք ըլլալ աչալուրջ, սակայն հաստատակամ՝ հայ ազգին նկատմամբ արդարութեան ձեռքբերման, այստեղ թէ արտասահմանի մէջ, ըլլալ գործօն եւ սատարել Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութիւններուն եւ նեցուկ կանգնիլ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Մեր Զինուորներուն Հետ» ծրագիրին՝ օժանդակելու համար սահմանին կանգնած մեր զինուորներուն եւ մեր նահատակ հերոսներու ընտանիքներուն:
asbarez.com