կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-19 10:05
Քաղաքական

Ատելութիւն սերմանող իշխանական համատարած մթնոլորտը, այդ մթնոլորտէն խրախուսուած փողոցային խուժանը լեցուցած են Հ.Յ.Դ. համբերութեան բաժակը.ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ԿԿ

Ատելութիւն սերմանող իշխանական համատարած մթնոլորտը, այդ մթնոլորտէն խրախուսուած փողոցային խուժանը լեցուցած են Հ.Յ.Դ. համբերութեան բաժակը.ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ԿԿ

Մայիս 18, 2019-ին , ՀՅԴ Բիւրոյի բազմամեայ ներկայացուցիչ եւ Արցախեան ազատամարտին մէջ իր պատկառելի ներդրումը ունեցած ընկ. Հրանդ Մարգարեան, իր մանկահասակ թոռնիկներուն հետ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ զբօսնելու ժամանկ, յարձակման ենթարկուած է մարդկային ու ազգային նկարագիրէ զուրկ ամբոխի մը ։

Յարձակումը եւ անոր ընթացքին Դաշնակցութեան հասցէին հնչած անպատկառ ու անբարոյ արտայայտութիւններն ու սպառնալիքները կը վկայեն անոնց հեղինակներու ստորութեան մասին, եւ կ'արդարացնեն ամիսներ շարունակ հնչած այն նախազգուշացումները, որ կ'ահազանգէին մեր հայրենիքէն ներս սերմանուող ու քաջալերուող ատելութեան ու թշնամանքի հետեւանքներուն մասին:

ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէն վերոյիշեալ յարձակումը կը նկատէ երկրէն ներս ատլեութիւն ու թշնամութիւն սնուցանող ընդհանուր քաղաքակնութեան մը հետեւանք եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքին դէմ շղթայազերծուած ու ակնյայտօրէն ուղղորդուած արարք:

Իշխանութիւններէն կը պահանջենք անյապաղ գնահատական տալ կատարուածին և օրէնքի ողջ խստութեամբ պատժել մեղաւորներուն, եւ վերջ տալ ատելութիւնն ու պառակտումը խրախուսող ոճին:

Մայիս 18, 2019

ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու
Կեդրոնական Կոմիտէ