Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
2022ը Պէտք Է Ըլլայ Արդարութեան Եւ Մեր Սկզբունքներուն Նկատմամբ Մեր Յանձնառութեան Ամրապնդման Տարին:
Մինչ 2021ը արդէն հասած է իր աւարտին, մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այն մեծ դժուարութիւններուն, զորս դիմագրաւեցինք թէ՛ իբրեւ ազգ եւ թէ՛ իբրեւ համայնք։
Ամէնէն առաջ կը խոնարհինք Հայաստանի հանրապետութեան եւ Արցախի ազատութեան համար նահատակուած մեր զինուորներուն եւ հայրենակիցներուն յիշատակին առջեւ։ Անոնք զոհ գացին մեր ժողովուրդի երդուեալ թշնամիներուն՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախայարձակումին։ Մենք ամրօրէն կանգնած ենք Արցախի անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին կողքին։ Անգամ մը եւս կոչ կ՚ուղղենք, որ ազատ արձակուին մեր բոլոր ռազմագերիները ու ետ պիտի չկանգնինք մեր այս պահանջէն, մինչեւ որ անոնք վերադառնան իրենց ընտանիքներուն։ Մենք նաեւ յարգանքի մեր տուրքը կու տանք աշխարհասփիւռ մեր համայնքներուն, որոնք տոկունութեամբ կը դիմագրաւեն ծանր վերիվայրումներ Մ. Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ։
Անցնող տարուան ընթացքին, մեր բոլորին ամենամեծ յուսախաբութիւնը հանդիսացան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ձախողած վարչակազմը ու իր անդադրում ու յանձնուողական զիջումները Հայաստանի թշնամիներուն՝ առանց դոյզն իսկ հաշուետուութիւն պահանջելու պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ անոնց գործած ոճիրներուն նկատմամբ։ Փաշինեանի ամենավերջին յանձնուողական դրսեւորումը հանդիսացաւ Արցախի իրաւունքներուն նկատմամբ, որ յառաջիկայ տարուան համար իր բուն մտադրութեան ցուցանիշն է։
Արեւմտեան Ամերիկայի պարագային, մեր համայնքը եւս զերծ չմնաց զանազան մարտահրաւէրներէ՝ ըլլան ատոնք համավարակը, կամ համայնքի ծառայութեան կոչուած հաստատութիւններուն ամրապնդումը։ Մեր համայնքէն ներս եւս մեծ յուսախաբութիւն կայ, երբ ոմանք կորսնցուցին իրենց կողմնացոյցը՝ իրենց անձը առաջնահերթ նկատելով ազգէն եւ համայնքէն։
Յառաջիկայ տարին պէտք է հանդիսանայ այն փուլը, ուր մենք պիտի ամրապնդենք մեր յանձնառութիւնը ի խնդիր մեր ժողովուրդին համար արդարութեան։ Մենք պիտի ամրապնդենք մեր յանձնառութիւնը՝ սպառնալիքներու դէմ յանդիման կագնելով, պաշտպանելու համար մեր սկզբունքները՝ ըլլայ ատիկա հոս, թէ հայրենիքէն ներս։ 2022ը պիտի ըլլայ այն փուլը, ուր մենք վճռակամօրէն պիտի կանգնինք ի խնդիր մեր սրբազան իտէալներուն, որոնք հիմնական են Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար։ Մենք տեղի պիտի չտանք բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք կը ձգտին մեզ տկարացնելու՝ Սփիւռքը բաժնելու, կամ զայն հայրենիքէն հեռացնելու միջոցով։ Սա այն տարին է, երբ պիտի կանգնինք մեր մարտահրաւէրներուն դիմաց ու աշխարհին ցոյց տանք, որ հայութիւնը ծունկի պիտի չգայ, այլ՝ պիտի շարունակէ առաջ ընթանալ, առաջնորդուելով Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»ի սկզբունքով։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէութիւնը ամուր կանգնած է մեր արդար Դատին ետին ու վստահ ենք, որ բոլորիս միասնութեամբ, մեր համայնքը պիտի իրագործէ իր նպատակները։
Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ