կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-09-29 13:24
Սփյուռք

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

Իրենց ձախող յուլիսեան արկածախնդրութենէն անճրկած՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները անցնող ժամերուն ձեռնարկեցին նոր արկածախնդրութեան մը՝ լայնածաւալ յարձակումի դիմելով Արցախի Հանրապետութեան հետ սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին:

Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւններու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ ծանր մարտեր տեղի կ՛ունենան բոլոր ճակատներուն վրայ, ուր Հայաստանի եւ Արցախի բանակները փայլուն կերպով կը կատարեն հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործը:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն խստագոյնս կը դատապարտէ մեր հայրենիքին դէմ կատարուած ատրպէյճանական նորագոյն այս յարձակումը, որ 1994ին կնքուած զինադադարէն ետք աննախդէպ է իր ծաւալով:

Այս առիթով, Կեդրոնական կոմիտէս իր ամբողջական աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն, ի մասնաւորի հայկական զոյգ բանակներուն, որոնք մեր համազգային պարծանքն են: Մեր կարգին եւ մեր կարողութիւններով պիտի ընդառաջենք Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Ջալալ Յարութիւնեանի մարտակոչին՝ մեր բոլոր հնարաւորութիւնները ի սպաս դնելով մեր պետականութեան եւ հայրենի մեր ժողովուրդին: Մեր կարելի բոլոր միջոցները ի գործ պիտի դնենք, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու պետական շրջանակները ծանրագոյն դատապարտանքի խօսքերով ուշքի բերեն խելագարութեան հասած ատրպէյճանական իշխանութիւնները: Պիտի աշխատինք օրն ի բուն, որ ամերիկեան իշխանութիւնները ամբողղջովին վերջ տան Ատրպէյճանին ռազմական օժանդակութիւն տրամադրելու քաղաքականութեան:

Դարձեալ կ՛ուզենք յիշեցնել Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Մեր Զինուորներուն Հետ» նախաձեռնութիւնը եւ անգամ մը եւս կը դիմենք մեր համայնքի զաւակներուն՝ զօրավիգ կանգնելու մեր սահմանները պահող հայ զինուորին:

Կասկած չունինք, որ «Յաղթելու ենք» այս անգամ եւս, եւ ամէն անգամ:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ