կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-05-04 23:42
Քաղաքական

Հայաստանի պարտուողական ընթացքը վերջ պիտի գտնա. ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

Հայաստանի պարտուողական ընթացքը վերջ պիտի գտնա. ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

Հայաստանը այս օրերուն կ’ապրի, չափազանց ճակատագրական պահեր, արդարեւ, երկրի ապագայով մտահոգուող, անվտանգութեանն ու ինքնիշխանութեան համար տագնապող, Արցախի Հայութեան ինքնորոշման իրավունքի ոտնահարմամբ մտատանջուող՝ Հայաստանի ազգաբնակչութեան լայն շերտեր սկսած են խաղաղ բողոքի եւ անհնազանդութեան բազմապիսի գործողութիւններ մայրաքաղաք Երեւանի եւ զանազան այլ քաղաքներու, համայնքներու եւ մարզերու մէջ։

Հայաստանի բազմահազար քաղաքացիներ մեկնարկած են երթեր, փողոց փակելու գործողութիւններ, յայտարարած են դասադուլ եւ գործադուլ, արտայատելով իրենց բողոքը Փաշինեանի տարած ոչ հայանպաստ քաղաքականութեան, ըլլան անոնք այսպէս կոչուած «խաղաղութեան դարաշրջան»ի մղումները, որը մեզ կը տանէ լրիւ անձնատուութեան դարաշրջան, կամ անոր նշած Արցախի կարգավիճակի «նշաձողի իջեցում»ը, որ պիտի յանգեցնէ Արցախի յայտնուիլը Ազրպէյճանի տարածքի մէջ եւ Արցախի հայաթափմանը, առաւել եւս Հայաստանի իշխանութեանց զիջողական դիրքերէ սկսած հայ-թուրքական սիրախաղութիւնը, որու պտուղներէն է Փաշինեանի յայտնելը՝ Հայ Դատի հետապնդումն ու պահանջատիրութիւնը Սփիւռքի հարցն է լոկ։

Բողոքի գործողութիւններուն առ ի հակազդեցութիւն՝ մենք ականատեսը եղանք Հայաստանի իշխանութիւններուն անհադուրժողութիւնը եւ իրենց ապօրինի հրահանքներուն ենթարկուող ուժային կառույցներու բռնութիւնը ընդդէմ խաղաղ ցուցարարներուն։ Արդարեւ, տարբեր գոյներով «բերետաւոր» ոստիկաններ չափազանց բիրտ եւ անհամաչափ ուժ կը կիրառեն խաղաղ բողոքի գործողութիւններ կատարող անմեղ քաղաքացիներուն հանդէպ, զրկելով անոնց ՀՀ Սահմանադրութեամբ արտօնուած խաղաղ բողոքի կամարտայատութիւնը։ Փաշինեանի տխրահռչակ «ասֆալտին փռել»ը եւ «ծնօտներ ջարդել»ը իրագործելով, ոստիկանները կոպտօրէն բերման են ենթարկած հարիւրաւոր ցուցարարներ։

Սա տեղի կ’ունենայ, իբրեւ թէ այսպէս կոչուած ժողովրդավարական «Brand» ունեցող թաւշեայ իշխանութիւններու օրօք։ Արդարեւ, 2018-ի Գարնան Հայաստանի փողոցներուն մէջ նոյնանման բողոքի գործողութիւններով իշխանափոխութիւն կատարած եւ իշխանութիւն դարձած Փաշինեանական վարչակարգը, մարդկային իրաւունքները ոտնահարելով, անկարելին կ’ընեն, փորձելով (ի զուր) կասեցնել համաժողովրդական ընդվզումի արդար ցասումները։

ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ անոնց կամակատար ոստիկաններու որդեգրած անընդունելի վարմունքը եւ գործադրուած բռնարարքները՝ հանդէպ խաղաղ բողոքի գործողութիւններ կատարող Հայաստանի քաղաքացիներուն։ Կոչ կ’ուղղենք Փաշինեանական վարչակազմին եւ Հայաստանի ոստիկաններուն զերծ մնալ մարդկային իրաւունքները խախտող ապօրինի հրահանքներ տալէ եւ գործադրելէ։

Միացեալ Թագաւորութեան ՀՅԴ-ի շրջանակը իր յարակից միութիւններով կը զօրակցին, յանուն հայրենիքի փրկութեան, Հայաստանի մէջ Դիմադրութեան Շարժում մղող իրենց հայրենակից քոյրեր եւ եղբայրներուն, հաւատալով որ իրենց տարած արդար պայքարը յաջողութեամբ պիտի պսակուի եւ Հայաստանի պարտուողական ընթացքը վերջ պիտի գտնայ, հաստատուելով ազգային արժանիքներու վրայ հիմնուած նոր կառավարութիւն։

Միացում, Պայքար, Յաղթանակ։

ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէ

4 Մայիս 2022