Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան խօսեցաւ յունահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներու հաւաքին
Իր աշխատանքային այցելութեան առիթով, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ Կեդր. կոմիտէի կազմակերպութեամբ, տեսակցեցաւ յունահայ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, Ուրբաթ՝ 6 Մարտ 2020ի երեկոյեան, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ։
Հրաւէրին ընդառաջած էին եւ ներկայ եղան Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապէտ Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեան, հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, քահանայից դասը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան եւ անդամները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդր. վարչութեան անդամ Արմէն Տէրեան, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութիւններու անդամները, Հ.Յ.Դ. կոմիտէներու անդամներ, Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու տնօրէնները եւ ուսուցչական կազմերը, ինչպէս նաեւ տեղական մասնաճիւղերու վարչականներ։
Երեկոյի բացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեան, որ հակիրճ կերպով բացատրեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչի աշխատանքային այցելութեան մանրամասնութիւնները, յատուկ անդրադարձ ընելով նոյն երեկոյ՝ Յունաստանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին ստեղծուած ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտին ու արծարծուած հարցերուն։ Յաջորդաբար, ան կարեւորեց յունահայ կառոյցներուն հետ հանդիպումը, որ առիթ կը ստեղծէ գաղութային գործօններուն անմիջական կերպով իրազեկ ըլլալու Հ.Յ.Դաշնակցութեան գործունէութեան՝ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին։
Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաղորդական կերպով լայն տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքաքան, ընկերային եւ տնտեսական իրականութեան մէջ Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութեան մասին, նշելով այն բոլոր հարցերը, որոնց համար կուսակցութիւնը դիմած է գործնական քայլերու, կամ՝ յստակ քաղաքական կեցուածքներու եւ առաջարկներու ներկայացումին։
Յաջորդաբար, ընկ. ներկայացուցիչը ծանրացաւ Արցախի մէջ եւ անոր համար կատարուած քաղաքական գործունէութեան, Արցախի հիմնախնդիրի լուծման ներկայ զարգացումներուն, ապա ներկայացուց Դաշնակցութեան մասնակցութեան առաջադրանքները նախագահական եւ խորհրդարանական զոյգ ընտրութիւններուն։
Յատուկ անդրադարձ եղաւ Հայ դատի աշխատանքներուն, որոնք կը կատարուին աշխարհասփիւռ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յաձնախումբերուն կողմէ, կարեւորելով տարբեր ցամաքամասերուն մէջ տասնեակ տարիներ գործող կեդրոնական գրասենեակներու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը եւ նշանակալից նուաճումները։
Իր խօսքի աւարտին, ընկ. Տէր Խաչատուրեան մասնաւորեց Հ.Յ.Դ. դերակատարութիւնը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման համար, Սփիւռքի դիմագրաւած հարցերուն վրայ, հայրենիքէն հեռու հայու ինքնութեան եւ հայեցի կրթութեան տագնապներու դիմագրաւումին, հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան, հայրենադարձութեան զարգացման եւ սփիւռքի ներուժը հայրենիքի ի սպաս դնելու հնարաւորութիւններուն։
Լայն եւ բովանդակալից զեկոյցի աւարտին, ներկաները բազմաթիւ հարցումներով եւ տեսակէտներու արտայայտութեամբ, հետաքրքրական եւ շինիչ զրոյց մը ծաւալեցին ընկերոջ հետ, որ իր սպառիչ պատասխաններով ներկայացուց Հ.Յ.Դաշնակցութեան բազմածաւալ գործունէութիւնը։ Ելոյթի աւարտին, պատրաստուած հիւրասիրութեան առիթէն օգտուելով, զրոյցը շարունակուեցաւ աւելի մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը Թեսաղոնիկէի մէջ
Կիրակի՝ 8 Մարտ 2020ի առաւօտուն, Հ.Յ.Դ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեանի, այցելեց Թեսաղոնիկէ՝ հանդիպումներ ունենալու համար շրջանի հայութեան հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցելու հիւսիսային Յունաստանի կոմիտէութիւններու ժողովին։
Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ ներկայ եղան շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, Ազգային վարչութեան անդամներ Վերա Պլէճեան եւ Զապէլ Պալատլեան, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթին Աբրահամեան եւ անդամները, Հ.Գ.Խաչի Շրջ. վարչութիւնը եւ տեղական մասնաճիւղի վարչութեան անդամները, «Ծաղկոց» միօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմը, Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան խումբի անդամներ եւ նկատարելի թիւով ժողովուրդ։
Հաւաքին բացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. «Գասապեան» կոմիտէին կողմէ ընկ. Յովիկ Գասապեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, հրաւիրեց ընկերոջ, որպէսզի իր խօսքը ուղղէ ներկաներուն։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ներկայ ըլլալուն համար Թեսաղոնիկէի համայնքէն ներս, ապա մանրամասն կերպով ներկայացուց Հ.Յ.Դաշնակցութեան գործունէութիւնը հայրենիքի մէջ, իր քաղաքական եւ հասարակական երեսներով, անդրադարձ կատարեց Դաշնակցութեան հիմնական կեցուածքներուն եւ դիրքորոշումներուն մասին Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի առնչութեամբ, ապա նաեւ լայնօրէն խօսեցաւ Արցախի, Հայ դատի աշխատանքներուն եւ սփիւռքեան իրականութեան մէջ անոր հիմնական գործունէութեան մասին։ Ներկաներուն առիթը տրուեցաւ հարցումներու ճամբով ստանալ յաւելեալ բացատրութիւններ, ինչպէս նաեւ զրոյցը ընթացաւ յատկապէս Հայաստանի ներքաղաքական իրականութեան շուրջ։ Ամփոփելով ժողովրդային հաւաքի ընթացքին արտայայտուած միտքերը, ընկ. Սերգօ Գույումճեան մատնանշեց, որ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչի այցելութիւնը Յունաստան՝ կը միտէր մեր հայրենակիցներուն աւելի հաղորդ դարձնել Հ.Յ.Դաշնակցութեան համահայկական օրակարգերուն եւ գործունէութեան, մասնաւորելով Դաշնակցութեան կենսական դերակատարութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին։
6 նորագիրներ անցան Հ.Յ.Դ. շարքերը Աթէնքի մէջ
Անցնող շաբաթավերջին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Աթէնք ներկայութեան առիթով, տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին 6 նորագիրներ մուտք գործեցին Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը։ Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի կնքահայրութեամբ, նորագիրները կատարեցին իրենց երդումը, հաւատարիմ մնալով հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան վսեմ սկզբունքին եւ յանձնառութեան։ Հ.Յ.Դ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նորագիրներուն իր ուղղած խօսքին մէջ մատնանշեց Հ.Յ.Դ. 130ամեայ ծառայութեան մեծութիւնը եւ յորդորեց նորագիր ընկերներուն ծառայել հայ ժողովուրդին, կառչիլ հայրենիքի գաղափարին եւ հաւատարմօրէն նուիրաբերել իրենց ամբողջ ուժը հայութեան արդար դատի իրականացման։ Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան՝ նաեւ ընկերական ժողովի ընթացքին, լայնօրէն զեկուցեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան հայրենի եւ աշխարհասփիւռ գործունէութեան մանրամասնութիւններուն մասին։
azator.gr