կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-03-07 17:36
Քաղաքական

Յունաստանի նախագահը ընդունած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչին

Յունաստանի նախագահը ընդունած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչին

Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ պրն. Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, Աթէնքի նախագահական ապարանքին մէջ, Ուրբաթ 6 Մարտի երեկոյեան, ընդունեց Հ.Յ.Դ. ներկայացուցչութեան այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեանի եւ անդամ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի։

Նախագահ պրն. Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, ջերմօրէն ողջունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչի այցելութիւնը Յունաստան, անդրադառնալով իր սերտ ու երկարատեւ կապերուն Յունաստանի հայ համայնքին եւ Հ.Յ.Դ Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ, ապա նաեւ խօսեցաւ անցեալ տարուայ վերջաւորութեան Հայաստան կատարած իր այցելութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ պրն. Արմէն Սարգսեանի հետ կայացած հանդիպման բարձր մակարդակին մասին։ Ան խանդավառութեամբ խօսեցաւ Երեւանի մէջ ունեցած պետական շփումներու բեղուն արդիւնքներուն մասին եւ զօրակցական իր անվերապահ կեցուածքը արտայայտեց հայ ժողովուրդին հանդէպ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։

Խօսակցութիւն ծաւալեցաւ Յունաստանի սահմաններուն վրայ ստեղծուած լարուած ու բարդ իրավիճակին շուրջ, որ անգամ մը եւս ցոյց կուտայ համայն հանրութեան առջեւ Թուրքիոյ որդեգրած ծաւալապաշտ գործելաձեւը, որ ճնշումներու ու սպառնալիքներու լեզուով՝ իր օգտին կը փորձէ պարտաւորեցնել Եւրոպան եւ մարդկութիւնը։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը վստահեցուց Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, իր աշխարհասփիւռ կազմակերպական կառոյցով, Յունաստանի եւ յոյն ժողովուրդի անկեղծ ու պատրաստակամ գործակիցն է։ Շնորհակալութիւն յայտնեց, յունահայութեան հանդէպ երկար տարիներէ ի վեր իր ունեցած անկեղծ վերաբերմունքին համար ու համոզում արտայայտեց, թէ բարձրամակարդակ ու ջերմ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն պահպանուիլ ապագային եւս, բոլոր այն մարզերէն ներս, ուր Յունաստանի նախագահը պիտի շարունակէ իր գործունէութեան շրջագիծը։