Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կիրակի, 12 Դեկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանի դիմատետրի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ Խորհդարանէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Ուրբաթ եւ Շաբաթ, 10 եւ 11 Դեկտեմբեր 2021-ին մասնակցեցաւ Յունաստանի «Քորֆօ» կղզիին մէջ տեղի ունեցած միջազգային ուղղափառ խորհրդարանական միութեան երկօրեայ ժողովներուն։ Պատուիրակութեան անդամներն էին՝ Ժիրայր Րէիսեան, Մարի Պիթար, Թոնի Հաննա, Մահէր Աուըրմա եւ Իսքենտէր Հատտատ։ Ժողովներուն ընթացքին, պատուիրակութիւնը ներկայացուց Սուրիոյ իրավիճակը եւ տասնեամեայ պատերազմին ընթացքին ահաբեկչական պատերազմէն ժողովուրդին կրած տառապանքը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց ԱՄՆ-ի Սուրիոյ դէմ պարտադրած տնտեսական պատժամիջոցներուն եւ անոնց աղէտալի հետեւանքներուն Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ։
Պատուիրակութեան անդամները յայտնեցին, որ ժողովուրդը դժուարութեամբ կ՚ապահովէ իր օրապահիկը, դեղորայքը, մանուկներուն կաթը եւ առօրեայ այլ անհրաժեշտ պէտքերը։ Անդամները կոչ ուղղեցին ժողովի մասնակիցներուն, հանդէս գալու միացեալ յայտարարութեամբ՝ պատժամիջոցներուն վերջ տալու, յատկապէս պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ պայքարի լոյսին տակ։
Պատուիրակութեան անդամները դատապարտեցին նաեւ թրքական ուժերուն Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ իրագործած ոճիրները, սուրիական հողատարածքներ բռնագրաւելը, Հասիչէի մէջ աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացի ջրազուրկ պահելը, ինչ որ խախտում կը համարուի ՄԱԿ-ի մարդկային օրէնքներու եւ իրաւունքներու վերաբերող պայմանագրութիւններուն։ Անդամները պահանջեցին Սուրիոյ Հանրապետութեան գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան յարգումը եւ սուրիական հողերուն թափանցած օտար, ապօրինի ուժերուն դուրս բերումը։
Նշենք, որ երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան հանդէս եկաւ զեկոյցով, լուսարձակի տակ առնելով Թուրքիոյ բռնարարքներն ու տարիներու ընթացքին վարած զաւթիչ քաղաքականութիւնը դրացի երկիրներու նկատմամբ՝ Կիպրոսէն մինչեւ Սուրիա, ապա Արցախ։
kantsasar.com