կարևոր
4753 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-11-13 16:20
Աշխարհ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը՝ Ալմելոյի մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը՝ Ալմելոյի մէջ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Եւրոպայի աշխատանքային այցելութիւններու երկիրներու շարքին էր նաեւ Նիդերլանդները։ Առաջին ժողովրդային հանդիպումը հայաշատ քաղաքի՝ Ալմելոյի հայրենակիցներուն հետ էր։

Հանդիպման ընթացքին հայրենակիցներուն ներկայացուեցաւ Հայաստանի եւ Հայութեան այսօրուան իրավիճակը եւ հիմնական խնդիրները, ինչպէս նաեւ՝ Դաշնակցութեան առաջադրանքներն ու ծրագիրները: Ներկաները նաեւ հարցումներ ուղեցին օրուան բանախօսին եւ ստացան սպառիչ բացատրութիւններ:

Բիւրոյի ներկայացուցիչի երկրորդ հանդիպումը Նիդերլանդներու ՀՅԴ շարքերուն հետ էր: Այդ հանդիպման օրակարգը ընդգրկեց Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, Դաշնակցութեան մօտակայ եւ երկարաշունչ ծրագիրները եւ ուղեկից միութիւններու Լիբանանի մէջ գումարելի համագումարը։