կարևոր
3928 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-04-19 11:09
Քաղաքական

Ազգային մարմիններու եւ ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին հետ

Ազգային մարմիններու եւ ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին հետ

Երեքշաբթի, 18 Ապրիլի երեկոյեան, ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, ազգային մարմիններու եւ ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու անդամները հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս։

Հանդիպումը վարեց Ազգային Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը լուսարձակի տակ առաւ արցախեան եւ հայաստանեան հիմնախնդիրներն ու կուսակցութեան մօտեցումները։ Անդրադարձաւ նաեւ Սփիւռքի ներկայ իրավիճակին եւ համահայկական օրակարգերու մէջ կարեւոր դերակատարութեան։

Տէր Խաչատուրեան զօրակցութիւն յայտնեց աղէտալի երկրաշարժի հետեւանքները տակաւ թօթափած եւ տնտեսական ծանր պայմաններու տակ մաքառող սուրիահայութեան, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կազմակերպուած ձեւով կը շարունակէ իր գոյերթը։ Այս առիթով ան շնորհակալութեամբ յիշեց երկրաշարժէն ետք Արցախի կողմէ սուրիահայութեան կատարուած նիւթաբարոյական աջակցութիւնը, որ միասնականութեան գեղեցիկ արտայայտութիւն կը հանդիսանայ։

Այնուհետեւ, ուղեկից միութիւններու շրջանային վարչութիւններու ատենապետները եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները հակիրճ կերպով ներկայացուցին իրենց աշխատանքները։