կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-04-27 10:46
Հասարակություն

Յունաստանի նախագահը պատուեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը

Յունաստանի նախագահը պատուեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը

Է. ­Սա­քե­լա­րո­փու­լու՝ «­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճզմեց
քրիս­տո­նէա­կան բար­գա­ւաճ կո­րիզ մը եւ ոչն­չա­ցուց հնա­մեայ
ժո­ղո­վուրդ մը»

 

 

Ք. ­Մի­ցո­թա­քիս՝ «1915-ի ո­ճի­րէն հա­րիւր վեց տա­րի ետք,
մարդ­կու­թիւ­նը չի մոռ­նար ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի մը բնաջն­ջու­մը»

 

­Հա­կա­ռակ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ հա­մա­վա­րա­կին պատ­ճա­ռով ստեղ­ծո­ւած ծանր պայ­ման­նե­րուն, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս նշեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-ա­մեա­կը, Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ծրագ­րո­ւած ու հա­մադ­րո­ւած պատ­շաճ ե­լոյթ­նե­րով եւ մա­նա­ւանդ՝ ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ա­մե­նա­բարձր մաս­նակ­ցու­թեամբ, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ տ. Է­քա­թէ­րի­նի ­Սա­քե­լա­րո­փու­լո­ւի մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ վար­չա­պետ պ. ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քի­սի ուղ­ղած նա­մա­կով ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին։

ԴԱՓՆԵՊՍԱԿԻ ԶԵՏԵՂՈՒՄ

­Շա­բաթ՝ 24 Ապ­րիլ 2021-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10-ին, ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գահ տ. Է­քա­թե­րի­նի ­Սա­քե­լա­րո­փու­լու դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց երկ­րի խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ գտնո­ւող Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին վրայ, իր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­լով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մէկ ու կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րու ան­մեռ յի­շա­տա­կին։

­Հե­տե­ւե­լով թա­գա­վա­րա­կի կան­խար­գիլ­ման պե­տա­կան խիստ կա­նոն­նե­րուն, դափ­նեպ­սա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը սահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ միայն պաշ­տօ­նա­կան ան­ձե­րու ներ­կա­յու­թեան, ա­ռանց ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան մաս­նակ­ցու­թեան։

Արարողութեան՝ կառավարութեան կողմէ ներկայ եղան Կրթութեան եւ կրօնից փոխնախարար Ակելոս Սիրիղոս, Յունաստանի խորհրդարանի ներկայացուցիչ երեսփոխան Տիմիթրիս Մարքոփուլոս, Յունաստանի Զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարի ներկայացուցիչ զօրավար Եորղոս ֆասուլաս, Ատիկիէ մարզպետ Եորղոս Փաթուլիս եւ Աթէնքի քաղաքապետ Քոսթաս Պաքոեանիս։

Հայկական կողմէ ներկայ եղան Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան, Յունաստանի հայոց Թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեան։

Որոշեալ ժամուն, զինուորական նուագախումբը տուաւ ազդանշանը եւ նախագահը դափնեպսակը խոնարհեց դամբանին առջեւ, որմէ յետոյ հնչեց ոգերգը։

Արարողակարգին համաձայն, որուն կը հսկէին նախագահական պալատի եւ պետական արարողակարգի պատասխանատուները, հանրապետութեան նախագահը մօտեցաւ ներկայ եղող պաշտօնական հիւրերուն եւ իր ողջոյնները փոխանցեց բոլորին։
Յաջորդաբար, տեղւոյն վրայ պետական հեռատեսիլի ΕΡΤ կայանի եւ «Ազատ Օր»ի ներկայացուցիչներուն նախագահը կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը։

«Հարիւր վեց տարի կը բոլորենք մէկ ու կէս միլիոն հայերու հետեւողական բնաջնջումէն, որ պատահեցաւ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն։ Այն ողբերգութիւն մըն է, որ իր անջնջելի հետքը թողեց 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն, ցեղասպանութիւն մը՝ որ հարաւային Կովկասի մէջ ճզմեց քրիստոնէական բարգաւաճ կորիզ մը եւ գրեթէ ոչնչացուց հնամեայ ժողովուրդ մը։

Այսօր, կը միանանք Յունաստանի եւ ամբողջ աշխարհի հայ համայնքներուն հետ՝ պատուելու համար նահատակներու յիշատակը, բայց նաեւ՝ կորովը, արժանապատուութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը, որոնցմով Հայերը դիմադրեցին այլասերումի եւ ստրկացումի վտանգը։ Անոնց հետ միասին կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը՝ ի խնդիր խտրականութեան եւ հալածանքներու վերացման աշխարհի վրայէն, ուր բոլորը պիտի կարողանան ապահով զգալ, անկախ իրենց ինքնութենէն, ծագումէն եւ համոզումներէն»։

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի նախօրեակին, վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս զօրակցական նամակ մը ուղարկեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, որուն մէջ ան նշեց, թէ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը հաւաքական եւ հետեւողական ոճիր մըն էր։ Նշենք, որ վարչապետի նամակը հրապարակուեցաւ նաեւ իր պաշտօնական կայքէջին վրայ, իսկ 24 Ապրիլի օրը ան նաեւ յատուկ գրառում մը կատարեց ընկերային ցանցերու մէջ պահած իր էջերուն վրայ։ Վարչապետի նամակը առանձին կը հրատարակենք։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար պ. Նիքոս Տենտիաս, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին, յայտնեց՝ «Յիշողութեան պահպանումը եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ընդլայնումը ամբողջ մարդկութեան նուազագոյն պարտականութիւնն է»։ Նախարարի յայտարարութեան կցուած էր նաեւ նկար մը՝ 2016-ին Հայաստան կատարած այցելութենէն, ծաղկեպսակի զետեղումով Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին առջեւ։
Նախկին վարչապետ եւ «Սիրիզա» կուսակցութեան առաջնորդ պ. Ալեքսիս Ցիփրաս, «Թուիթըր»ի իր էջին մէջ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը։

«Հայոց ցեղասպանութիւնը կը հանդիսանայ համաշխարհային պատմութեան սոսկալի էջերէն մէկը, այն կը շարունակէ կենդանի մնալ Յոյներու յիշողութեան մէջ, որոնք դարաւոր կապերով առնչուած են հայ ժողովուրդին հետ։

Պարտաւոր ենք կենդանի պահել պատմական յիշողութիւնը, ո՛չ թէ ատելութիւն սերմանելու համար, այլ ընդհակառակը՝ դէմ կանգնելու համար ատելութեան եւ բռնութեան փորձերուն, յառաջ մղելու համար խաղաղութեան եւ փոխադարձ յարգանքի կապերը մեր շրջանէն ներս, կանխելով նման սարսափելի արարքներու կրկնումը»։

«Քինալ» կուսակցութեան առաջնորդ տիկ. Ֆոֆի Ենիմաթա «Թուիթըր»ի վրայ հետեւեալ անդրադարձը կատարեց։
«Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակ։ Կարելի չէ պատմութիւնը խեղաթիւրել։ Թուրքիան պարտի ընել նուազագոյնը՝ ընդունիլ իր ոճիրները եւ ներողութիւն խնդրել այդ տառապանքը կրած ժողովուրդներէն»։

Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւններով հանդէս եկան նաեւ «Յունական լուծում» կուսակցութեան ղեկավար Քիրիաքոս Վելոփուլոս եւ Յունաստանի համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Տիմիթրիս Քուցումպաս։

Նշենք, որ մեծ թիւով երեսփոխաններ, հայասէր քաղաքապետներ եւ այլ քաղաքական ու ակադեմական անձնաւորութիւններ, համացանցի վրայ պահած իրենց ընկերային ցանցերու էջերուն մէջ, յատուկ նշումներ կատարեցին Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով։

azator.gr