Փոխարժեքներ
12 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 394.35 |
EUR | ⚊ | € 413.87 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.8 |
GBP | ⚊ | £ 501.73 |
GEL | ⚊ | ₾ 139.79 |
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքային յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց.
«Ազրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը 18 մարտին վերջերս բռնագրաւուած Շուշիի մէջ մասնակցեցաւ Ազրպէյճանի` ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը բուռն կերպով կը դատապարտէ ՄԱԿ-ի գրասենեակին մասնակցութիւնը այդ ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հայկական պատմական այդ քաղաքին մէջ, որ գրաւուեցաւ պատերազմի մը ընթացքին, որուն ընթացքին ազրպէյճանական բանակը բազմաթիւ եւ լուրջ պատերազմական յանցագործութիւններ գործեց:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա) դեսպանները իրաւամբ մերժած էին մասնակցիլ այդ վայրին մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկին: Ազրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը պէտք էր հետեւէր միջնորդութեան միջազգային լիազօրութեան տէր միակ մարմինի անդամ պետութիւններու օրինակին: ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը ձեռնարկին մասնակցելով որդեգրեց ազրպէյճանական պնդումը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապն ու անոր կարգավիճակի հարցը լուծուած են, երբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի վերոնշեալ անդամները հակառակը կը յայտարարեն. անոնց յայտարարութիւնը նաեւ կը վերաբերի Շուշիին:
Ազրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը ձեռնարկին իր մասնակցութեամբ ճանչցաւ քաղաքին բռնագրաւումը եւ այդպիսով օրինականացուց վէճերը խաղաղ բանակցութիւններու փոխարէն բռնի ուժի կիրարկումով լուծելը` կտրուկ կերպով հակասելով ՄԱԿ-ի հիմնարար սկզբունքներուն ու առաքելութեան, ինչպէս նաեւ անոր ուխտին եւ Հելսինքեան վերջնական հռչակագիրին:
Ազրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը լուրջ վնաս պատճառեց ՄԱԿ-ի վարկին ու հեղինակութեան: Այդ ձեռնարկին մասնակցելով` գրասենեակը կանգնեցաւ նախայարձակին կողքին եւ ոչ թէ անոր զոհին, եւ սխալ պատգամ յղեց ամբողջ աշխարհին, «կանաչ լոյս» մը` Իլհամ Ալիեւի նման բռնատէրներուն, շարունակելու խնդիրները բռնի ուժի կիրարկումով, նախայարձակումի եւ բռնագրաւումի ճամբով լուծելը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ՄԱԿ-ին կոչ կ՛ուղղէ` սրբագրելու այս լուրջ սխալ քայլը եւ վերականգնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին նկատմամբ իր անկողմնակալ դիրքորոշումը»:
aztagdaily.com