կարևոր
3511 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-04-18 23:17
Աշխարհ Հասարակություն

Հայ երեք համայնքապետները հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին հետ

Հայ երեք համայնքապետները հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին հետ

Երեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի հիւրընկալութեամբ, հայ երեք համայնքապետներ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը զօրակցութիւն յայտնեց հալէպահայութեան, իր երեք համայնքներով։

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ սուրիահայութեան կեանքին մասին, յատկապէս երկրաշարժէն ետք եւ տնտեսական պայմաններու լոյսին տակ։ Ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւններ կատարուեցան ապագայի նախաձեռնութիւններուն մասին։

Երեք համայնքապետները աստուածային օրհնութիւններով լեցուն բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին։