կարևոր
3721 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-11-17 14:05
Քաղաքական

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի բողոքի նամակը Կորընթոսի քաղաքապետութեան

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի բողոքի նամակը Կորընթոսի քաղաքապետութեան

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը իր հիաս­թա­փու­թիւ­նը եւ ան­հանգս­տու­թիւ­նը կը յայտ­նէ ­ Կո­րըն­թո­սի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ո­րո­շու­մին առն­չու­թեամբ, ստո­րագ­րե­լու գոր­ծակ­ցու­թեան նա­խադ­րու­թիւն ար­տա­յայ­տող հա­մա­ձայ­նա­գիր մը Ար­ցա­խի ­Շու­շի քա­ղա­քին հետ, որ կը գտնո­ւի ատր­պէյ­ճա­նա­կան գրա­ւու­մին տակ։ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը բո­ղո­քի նա­մակ ղրկեց ­Կո­րըն­թո­սի քա­ղա­քա­պետ ­Վա­սի­լիոս ­Նա­նո­փու­լո­սին, որ ծա­նու­ցո­ւած է նաեւ ­Պե­ղո­պո­նե­սի նա­հան­գա­պետ ­Փա­նա­յեո­թիս ­Նի­քա­սին եւ ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նա­կան մար­մի­նին (…)։

­Նա­մա­կին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս նշո­ւած է։

«­Մեծ հիաս­թա­փու­թեամբ, այ­լեւ սաս­տիկ ան­հանգս­տու­թեամբ Ատր­պէյ­ճա­նի լրա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րէն տե­ղե­կա­ցանք գոր­ծակ­ցու­թեան նա­խադ­րու­թիւն ար­տա­յայ­տող հա­մա­ձայ­նա­գի­րին մա­սին, որ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ ­Կո­րըն­թոս քա­ղա­քի եւ Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջեւ, Ար­ցա­խի (­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բաղ) ­Շու­շի քա­ղա­քի կա­պակ­ցու­թեամբ։

­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, ­Կո­րըն­թո­սի կող­մէ պ. Եոր­ղիոս ­Պա­քա­քիս, որ­պէս ներ­կա­յա­ցու­ցիչ քա­ղա­քա­պե­տին եւ քա­ղա­քա­պե­տու­թեան, մաս­նակ­ցե­ցաւ հնա­մեայ պատ­մա­կան քա­ղաք­նե­րու նո­ւի­րո­ւած մի­ջազ­գա­յին ժո­ղո­վի մը ­Հա­րա­ւա­յին ­Քո­րէա­յի մէջ, ուր ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ նշեալ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը յու­նա­կան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ։ ­Քայլ մը, որ դժբախ­տա­բար պա­տիւ չի բե­րեր ­Կո­րըն­թո­սի հնա­մեայ քա­ղա­քին, ոչ ալ իր բնա­կիչ­նե­րուն, ո­րոնք յա­տուկ զգայ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րած են մար­դա­սի­րա­կան հար­ցե­րու եւ մի­ջազ­գա­յի օ­րէն­քին հան­դէպ, ի­րենց պատ­մու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին։

Կ­՚ու­զենք ձեզ յայտ­նել, թէ ­Շու­շին հայ­կա­կան պատ­մա­կան տա­րածք­նե­րու մաս կը կազ­մէ հնա­մեայ դա­րե­րէն։ Ան ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­յե­րու խորհր­դա­նիշն է ու կը ցո­լաց­նէ մեր հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դի վե­րապ­րե­լու ու­ժը եւ հա­ւատ­քը ա­զա­տու­թեան ու ան­կա­խու­թեան հան­դէպ։ 44-օ­րեայ վեր­ջին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, Շու­շին ան­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի ա­պօ­րի­նի գրաւ­ման տակ եւ այ­նու­հե­տեւ վեր­ջի­նը կը փոր­ձէ պար­տադ­րել պատ­մու­թեան իր թիւր վար­կա­ծը, այ­լա­փո­խե­լով պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը եւ ա­պա­կողմ­նո­րո­շե­լով հան­րու­թիւ­նը։

­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի միա­ցեալ յար­ձա­կու­մը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի վրայ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի բա­ցա­յայտ խախ­տում մըն էր։ ­Նոյն զի­նակ­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ թի­րախ ու­նե­նալ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի հա­յե­րը, ծա­ւա­լե­լով զի­նո­ւո­րա­կան յար­ձա­կում­ներ, տնտե­սա­կան շրջա­փա­կում եւ ան­մարդ­կա­յին մի­ջոց­ներ, մինչ այլ եր­կիր­նե­րու առ­ջեւ կը ներ­կա­յա­նայ կեղ­ծա­ւոր խա­ղա­ղա­սի­րու­թեամբ մը, մի­տում ու­նե­նա­լով քա­ղել տնտե­սա­կան օ­գուտ։

­Լուրջ հար­ցա­կան կը դրո­ւի, թէ ին­չու ­Կո­րըն­թո­սի պատ­մա­կան քա­ղա­քը, որ ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք ա­ռա­ջինն էր, որ ըն­դու­նեց յոյն եւ հայ գաղ­թա­կան­նե­րը, պատս­պա­րե­լով թրքա­կան բար­բա­րո­սու­թեան հե­տե­ւան­քով հա­զա­րա­ւոր որբ փոք­րիկ­ներ, այ­սօր կը ծրագրէ գոր­ծակ­ցիլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կող­նե­րուն հետ, ո­րոնք այս­քան մեծ չա­րիք­ներ պատ­ճա­ռե­ցին մեր եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն։

­Կոչ կ­՚ուղ­ղենք վե­րա­նա­յիլ ձեր ո­րո­շու­մը եւ չե­ղեալ նկա­տել մօ­տա­լուտ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը»։