կարևոր
2461 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-24 12:08
Քաղաքական

Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի

Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի

Վերջին շրջանին Հայաստան-Ատրպէյճան իրերայաջորդ քաղաքական հանդիպումներու լոյսին տակ կատարուող զարգացումները՝ միայն զայրոյթ եւ կտրուկ մերժում կը յառաջացնեն իւրաքանչիւր հայ անհատի մօտ, որ խորապէս մտահոգուած է Արցախի Հանրապետութեան շուրջ քննարկումներով։

Երկուշաբթի 22 Մայիսին Հ.Հ. վարչապետի արտայայտութիւնը՝ թէ Հայաստան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը 86.600 քառակուսի քիլոմեթրի սահմանումով, կը բացայայտէ Արցախի ժողովուրդի կամքի եւ իրաւունքի լրիւ անտեսումի մտադրութիւնը։ Արցախի ժողովուրդը իր կամքը արտայայտած է 10 Դեկտեմբեր 1991-ի համաժողովրդային կեցուածքով եւ որեւէ իշխանութիւն իրաւասու չէ զայն վտանգի տակ առնելու կամ բեկանելու։ Որեւէ կոշտ ու անիրաւ ձեւակերպում, որ նկատի չ’առներ Արցախի հերոսական ժողովուրդի կամքն ու ինքնորոշման իրաւունքը, միաժամանակ խախտում է Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակագրի եւ երկրի Սահմանադրութեան։

Ցեղասպանութենէն ետք Սփիւռքի մէջ ապրող սերունդներու հայկական ինքնութեան պահպանումն ու ապագան, ամբողջականօրէն կապուած են Հայ Ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան հոլովոյթով, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ապրող մեր ժողովուրդի ազատութեան ու ապահովութեան իրաւունքներու պաշտպանութեամբ։ Այս պատճառներով է, որ Սփիւռքի հայութիւնը երբեք չի կրնար հանդուրժել հայութեան իրաւունքներու ոտնահարում ու շրջանցում որեւէ պարագայի։

Պարտք կը զգանք նշելու, թէ հաստատ կը մնանք Արցախի հերոսական ժողովուրդի կողքին՝ իր հայրենիքին մէջ ապրելու ու խաղաղ արարելու իրաւունքն ու կամքը պաշտպանելով։ Այս իրաւունքները անտեսելու կամ մերժելու միտուած որեւէ նկրտում՝ կտրուկ մերժելի է։

 

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէ
Աթէնք, 23-5-2023