Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ստեփան Զօրեան-Ռոստոմ՝ առաւելաբար կենդանի գործի հետամուտ մարդկային տիպար, ե՛ւ խառնուածքի, ե՛ւ կեանքի ու գործի պայմաններու բերումով թողած է համեմատաբար փոքր ծաւալով նիւթեր՝ ուղղակի գաղափարաբանական բովանդակութեամբ:
Ասոնց մէջ առաջնահերթաբար տեղ կը գրաւեն «Դրօշակ»ի խմբագրութեան իր զոյգ շրջաններուն (1893-95 եւ 1896-98) պատկանող քանի մը խմբագրական անստորագիր նիւթեր՝ ծրագրային-ռազմավարական բնոյթի (ուրեմն՝ կենսական կարեւորութեամբ), ապա՝ պահպանուած ու մեզի հասած ժողովական նիստերու արձանագրութիւններ, յատկապէս՝ Դ. Ընդհ. ժողովէն (1907):
Վերջապէս, Ռոստոմի գրած կազմակերպական թէ անձնական բնոյթի հարիւրաւոր նամակներէն ոմանք եւս, թէեւ՝ հազուադէպօրէն, անուղղակի կը յղուին գաղափարաբանական ոլորտի, կը վկայեն իր գաղափարական աշխարհէն:
Յաճախ, Ռոստոմի եւ միւս հիմնադիրներուն մասին գրած ատեն, նախապատուութիւն տրուած է գործակից կամ յետնորդ դաշնակցական գործիչներէ բերուած վկայութիւններու, ի վնաս անմիջական փաստաթղթային նիւթերու:
Ճիշդ է, որ այս վերջինները կրնան լուսաւորուիլ, լուսաբանուիլ վկայութիւններով, երբեմն արժէքաւոր, բխած՝ այլ գրիչներէ, յատկապէս Ռոստոմի պարագային՝ մարդկային կերպարի, նկարագրային յատկութիւններու, չափով մըն ալ գաղափարական աշխարհի մասին (աւելի վար ասոնցմէ պիտի մէջբերեմ հպանցիկ, բայց կարեւոր վկայութիւն մը Ռուբէնէն): Սակայն ինծի կը թուի, որ որոշ վկայութիւններ, որոշ բնորոշումներ՝ Ռոստոմի գաղափարական դիմագիծին շուրջ, վիճելի են… Ամէն պարագայի, անուղղակի այդպիսի մօտեցում մը չ՛ունենար շահեկանութիւնը, որ պիտի ունենար քննարկումը Ռոստոմի անմիջական արտայայտութիւններուն, իր մտածողութենէն եւ գաղափարներու աշխարհէն իր իսկ թողած գրաւոր հետքերուն:
***
Այսպէս, ժամանակագրական կարգով, Ռոստոմէն մեզի հասած գաղափարաբանական բնոյթի առաջին փաստաթուղթերը 1894 թուակիր են. յաջորդաբար «Այբ ու բեն» յօդուածաշարքի՝ Ռոստոմի գրիչին պատկանող երրորդ-չորրորդ մասերը (1), եւ «Մեր Ծրագիրը», այսինքն՝ ՀՅԴ Ծրագրի ներածական մասը (2):
Այս փաստաթուղթերէն առաջինը մեզ կ՛առաջնորդէ քանի մը հաստատումներու, որ կը բանաձեւեմ՝ կարելի չափով խուսափելով գրութիւնը ծանրացնելէ փաստարկիչ մէջբերումներով:
Նախ՝ «Այբ ու բեն» յօդուածաշարքը իր չորս մասերով կը կազմէ գաղափարական դրոյթներու ամբողջութիւն մը՝ առանց ներքին հակասութիւններու կամ աններդաշնակութեան: Երբեմն տարբերութիւններ նշուեր են, կամ՝ ենթադրուեր, հետեւանք՝ վերջին երկու մասերու Ռոստոմին կողմէ գրուած ըլլալուն:
Ճիշդ է, որ այդ մասերու խմբագրման ոճը կը տարբերի նախորդներու ոճէն: Բայց ատիկա տարբերութիւն է գրութեան ոճի, եւ ո՛չ‘ գաղափարական դրոյթներու: Ռոստոմի անձնական ոճն է խնդրոյ առակայ՝ պարզապէս, աւելի եւս շեշտուած՝ իրեն բաժին ինկած նիւթի հարկադրաբար աւելի բանավիճային գունաւորումէն (ընդդէմ «Հնչակ»ի), երբ Քրիստափոր-Զաւարեան ստորագրուած առաջին մասերը պէտք էր ընէին կացութիւններու առարկայական վերլուծում մը, ապա՝ զարգացնելով թեթեւօրէն բանավիճային դրոյթներ միայն (ուղղուած՝ «Արմենիա»ի դէմ):
Գալով յօդուածաշարքի բովանդակութեան, առաջին մասերը կը տարազէին քանի մը հիմնական դրոյթներ. նախ՝ այն, որ հայ իրականութիւնը չի զերծանիր հասարակագիտական ընդհանրական օրէնքներէ, այլ կը հետեւի անոնց: Երկրորդ՝ որ ազատութեան (ազգային) պահանջը անհրաժեշտ է, բայց չի բաւեր. անոր կենսականականօրէն առնչուող երկրորդ փուլն է ընկերա-տնտեսական վիճակի բարելաւումը: Ապա՝ որ այդ բարելաւումը կը նուաճուի իրական ուժի ստեղծումով եւ պայքարով, «չի շնորհուիր» վարչական բարեփոխումներով, ինչպէս կը կարծէ Արմենական օրկան «Արմենիա»ն, եւ ինչպէս կը փաստէ, նոյնիսկ՝ արեւմուտքի «զարգացած» տնտեսութեամբ երկիրներու մէջ, թշուառ զանգուածներու առկայութիւնը: Վերջապէս՝ որ պարտաւոր ենք մեր ժողովուրդին այժմէն յայտնել ազգային պայքարի փուլի անբաւարարութեան այս իրականութիւնը, նախապատրաստել զայն հետեւելիք պայքարին, չսնուցանել պատրանքներով:
Ռոստոմի ստորագրած մասերը մէկ կողմէ, կ՛ըսէի, աւելի բանավիճային էին. միւս կողմէ՝ անոնք կը մուծէին քանի մը նոր դրոյթներ, որոնք սակայն, աւելի մասնաւոր, լրիւ կը տեղադրուէին Քրիստափորի եւ Զաւարեանի գծած սկզբնական ծիրին մէջ: Կեդրոնացած՝ ինքզինք երէկ սոցիալիստ-յեղափոխական, իսկ այսօր (հիմնադրումէն եօթը տարի ետք) սոցիալ-դեմոկրատ յորջորջած «Հնչակ»ի գաղափարներուն վրայ, Ռոստոմ նախ կը նշէր սխալը՝ մեքենականօրէն «անխուսափելի» նկատելու դրամատէր-ընչազուրկ երկուութիւնը, անոր սրումը: Ապա կը նշէր «Հնչակ»ի ինքնահակասումը, քանի որ ան դեռ երէկ «խուսափելի» նկատած էր այդ հոլովոյթը: Բայց մանաւանդ կ՛ընդգծէր հնչակեան տեսութեան մէջ անտեսումը գիւղական ազգաբնակչութեան, որ հայութեան եւ Հայաստանի պարագային կը կազմէր ջախջախիչ մեծամասնութիւն:
Երկու մատնանշումներու պարագային ալ բացատրութիւնը պարզ է Ռոստոմի համար. նախապէս «Հնչակ» հետեւորդ էր եղած պահու գաղափարական տիրող դաւանանքին՝ նարոդնիկական գունաւորումով, իսկ հիմա, նոյն հաւատարմութեամբ, կը հետեւէր ուղղափառ սոցիալ-դեմոկրատիային, ինչ որ զինք կը հեռացնէր հայութեան ու Հայաստանի իրականութենէն՝ միանգամայն խճճելով հակասութիւններու հանգոյցի մը մէջ:
Անցնելով 1894ի երկրորդ նիւթին՝ «Մեր Ծրագիրը» առաջնորդողին, կը յիշենք, որ անիկա գրուած-հրատարակուած էր Ռոստոմի կողմէ՝ իբրեւ ներածութիւն կազմակերպութեան Ա. Ընդհ. ժողովին մէջ երկու տարի առաջ մշակուած եռաբաժին Ծրագիրին: Այս փաստաթուղթն է, որ արժած է Ռոստոմին «մարքսիստ» յորջորջումը (3):
Ըսեմ անմիջապէս, որ այս առաջնորդողը, կամ ըսենք՝ ներածութիւնը, իբրեւ ամբողջութիւն առած, աւելի «մարքսիստական» չ՛երեւիր ինծի, քան «նարոդնիկ» Քրիստափորէ կամ «անարխիստ» Զաւարեանէ ստորագրուած էջեր: Նոյնիսկ եթէ պէտք է արտաքին յղումներու ապաւինիլ անպայման, Ռոստոմի «Մեր Ծրագիրը» նոյնքա՛ն նարոդնիկական է եւ նոյնքա՜ն՝ սոցիալ-յեղափոխական: Հոն, դասակարգերու պատմական հոլովոյթի եւ հակադրման մարքսեան շեշտադրումով շա՜տ ընդհանրական (ու որեւէ ընկերվարական կազմակերպութեան համար՝ ընդունելի, եթէ ոչ… պարտադիր) նախադրեալներու ներածութենէ մը ետք, «Դրօշակ»ի երիտասարդ խմբագիրը շատ արագօրէն կ՛անցնի մեր իրականութեան ու կը խարսխուի հոն, որովհետեւ՝ «Մենք ասպարէզ չենք եկել իբրեւ այս կամ այն ուտոպիական վարդապետութեան պատկանողներ, մենք չենք ձգտում մտցնել մեր կեանքի մէջ այս կամ այն «դաւանութիւնը»՝ հանդերձ իր «հանգանակներով», մենք մեր ժողովրդին չենք նկարագրում այս կամ այն իտէալական կազմակերպութիւնն իր բոլոր մանրամասնութիւններով: Մեր ձգտումն է, որ մեր ծրագիրը կենսական լինի. մեր ուշադրութիւնը գլխաւորապէս կեդրոնացած է մեր երկրի ներկայ դրութեան վրայ…» (ընդգծումները՝ բնագրէն):
Ուշագրաւ է կրկնակ մերժումը «ուտոպիական վարդապետութեան» եւ «դաւանութեան ու հանգանակներ»ու: Ասոնցմէ երկրո՛րդը յատկապէս, յաճախ՝ անտեսուած, պարզապէս մարքսեան դաւանապաշտութեան դէմ է, որ կ՛ուղղուի: Եւ անմիջականօրէն հետեւող, Ռոստոմի իսկ կողմէ ընդգծուած, կենսական (ծրագիր) եւ ներկայ (դրութիւն) որակումները աւելի եւս կ՛արժեւորեն դաւանութիւններու այդ մերժումը:
Եւ հաստատուած այս սկզբունքներուն ի կիրարկում՝ գրութիւնը իր աւարտին կը տարազէ ուրիշ առաջադրանք մը՝ հիմնուած նախադրամատիրական, նահապետական որոշ կառոյցներու հանդէպ դրական վերաբերումի վրայ, նոյնքան՝ քիչ «մարքսիստական», թէեւ «Տնտեսապէս կեղեքող դասի դէմ էլ մենք կը կռուենք այժմ». բայց եւ՝ «Գործ կը դնենք ամէն միջոց՝ պահպանելու գոյութիւն ունեցող համայնական սկզբունքները. մենք կ՛աշխատենք տարածել համայնական սեփականատիրութիւնը, համայնական աշխատանքը…»:
Այս հիմնական շեշտադրումները կատարող դրոյթներ դժուար պիտի ըլլար «մարքսիստական» կոչել, եւ անոնց հեղինակը՝ «մարքսիստ»… Անոնք թերեւս կրնան յիշեցնել Մարքսի յետին անդրադարձներէն ոմանք, բայց շատ աւելի կը թելադրեն առնչութիւններ՝ ուղղափառ մարքսականութենէ արդէն շեղած մտածումի զանազան հոսանքներու հետ, Եւրոպայի տարածքին: Ամէն պարագայի, իրենց ամբողջութեան մէջ առած, անոնք հեռու են «մարքսիստական» յորջորջումի ընդհանրապէս թելադրած բովանդակութենէն, յատկապէս՝ «երիտասարդ» Մարքսի դաւանապաշտութեան յղուող: Որակումը շատ-շատ կարելի է նկատել մէկ հետքը, մնացորդը՝ ընկերներու յիշողութեան մէջ՝ երբեմնի քսանամեայ ուսանող Ռոստոմի բուռն, արկածախնդրական վարքէն, որ իրեն արժած էր վտարում համալսարանէ, եւ վարչական կարգով չէզոքացուցիչ «աքսոր»՝ իր ծննդավայրին մէջ… Բայց որ այլեւս չի յարմարիր, քանի մը տարի անց ՀՅ Դաշնակցութեան «Կենտրոն»ի ամենագործօն օժանդակին, որ թէեւ դեռ շատ երիտասարդ շուտով, իբրեւ «Դրօշակ»ի խմբագիր, պիտի ստորագրէր «Մեր Ծրագիրը» առաջնորդողը՝ հոն մատնանշուած ոչ մարքսական բազմաթիւ դրոյթներով: Ուրեմն բերնէ բերան աւանդուած տպաւորութիւններ ու անոնցմէ բխած պիտակումներ պէտք չէ մեզ տանին ոչ քննական կրկնումներու, սխալ ընդհանրացումներու…
***
Հարցին առնչուող յաջորդ նիւթերը, միշտ՝ ժամանակագրական կարգով, կը պարտինք դարձեալ «Դրօշակ»ին՝ ուղղակի կամ անուղղակի. այս անգամ Ռոստոմի խմբագրութեան երկրորդ՝ երկամեայ (1896-98) շրջանին (4)քո:
Անոնք երկուքն են. նախ յօդուած մը՝ «Կրետէի Ինքնավարութիւնը» խորագրեալ, որուն առանցքն է կառավարչական ապակեդրոնացման եւ տեղական լայն ինքնավարութիւններու հրամայականը. ապա նամակ մը՝ (5) ուղղուած Արեւելեան Բիւրոյին, ուր նոյնպէս կ՛արծարծուի յիշեալ հարցը (6):
«Կրետէի Ինքնավարութիւնը» առաջնորդողին վրայ չեմ ծանրանար: Կը բաւէ նշել ու շեշտել, որ հոն Ռոստոմ բազմազգ ու խառն ազգաբնակչութիւններով երկրամասերու համար ջատագովումը կ՛ընէ արտահողային ինքնավարութեան տարազին, որ դեռ նոր կը մշակուէր իբրեւ տեսութիւն՝ Եւրոպայի կարգ մը ընկերվարական հոսանքներու կողմէ, այդպիսի խճանկարային բնակչագրական կառոյցներու մէջ ատակ՝ պահպանելու, փրկելու իւրաքանչիւր տեսակի ազգային-մշակութային ինքնութիւնը, եւ որ աւելի ուշ պիտի ընդգրկուէր ՀՅԴ ծրագրային փաստաթուղթերուն մէջ: Ազգային մշակոյթի, ազգային ինքութեան յղացքներ՝ այնքան խորթ՝ ուղղափառ մարքսականութեան համար. եւ որոնց առկայութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ (եթէ կար ատոր կարիքը…) Ռոստոմի հեռաւորութիւնը մարքսեան ուղղափառութենէն:
Նոյն տարիներուն կը վերաբերի «երկրորդ բերնէ» վկայութիւն մը, այնքան թանկագին՝ իբրեւ աղբիւր, որքան ճշգրիտ՝ իբրեւ բնորոշում. այս մէկը՝ ազգամիջեան եղբայրութեան մասին: Արձանագրողն է Ռուբէն Տէր Մինասեան, որ Ժընեւի մէջ Յ. Դաւթեանի հետ հանդիպումի մը առիթով, 1909ին, կ՛ոգեկոչէ Նիկոլ Դումանի հետ իր մէկ զրոյցը. «Նիկոլի ըսածին համաձայն, այս հիւանդ մարդը (Յոնանը) եւ Քոթոթը (Ռոստոմ), 1890 թուականներէն սկսած, ներշնչում կ՛ընէին եւ ոչ թէ ճառ կը խօսէին. «…բոլոր ազգերու ազատութեան, անկախութեան կողմնակից ենք: Թշնամի ենք բոլոր անոնց, որոնք կը բռնաբարեն ազգերու իրաւունքները: Ռուսիան եւ Թուրքիան մանր ազգերու սպանդանոց են կամ բանտ (…) Բոլոր ճնշուած ազգերը մեր եղբայրներն են, լինեն անոնք հայ, եզիտի, ասորի, հրեայ, քիւրտ կամ արաբ…»: Եւ եզրակացնելով՝ Ռուբէն կը նշէ այս գաղափարներու գործնականացումը՝ օտարազգի գործիչներու հայ յեղափոխական շարժման միացման փաստով: Միանգամայն փաստելով, որ 1890ական տարիներու կէսէն ետք Ռոստոմ իսկապէ՛ս, հեռու՝ մարքսեան ուղղափառութենէ, ազգամիջեան դաշինքի զէնքը նախ եւ առաջ կ՛ուղղէր զանոնք միասնաբար հարստահարող բռնատէր վարչակարգերու դէմ, եւ ո՛չ առաջնահերթաբար… դասակարգային թշնամիին:
***
Տասնամեակ մը ետք, 1907ին, Վիեննայի մէջ տեղի կ՛ունենար Դ. Ընդհ. ժողովը. բախտորոշ հանգրուան, որ կը յաջորդէր հոլովութային իմաստով այլապէ՛ս կարեւոր՝ 1905ի կովկասեան Ռայոնականին ու «Կովկասեան նախագիծ»ի որդեգրման:
Հոս տեղը չէ հարցերու մանրամասնումին: Յիշեցումի կարգով միայն ըսուած՝ կազմակերպութիւնը կը գտնուէր նոր բիւրեղացումի մը հարկադրանքին առջեւ, ստեղծուած երեւութական երկուութեամբ՝ ընդմէջ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրական պայքարին եւ անդրկովկասեան ընկերա-դասակարգային խմորումներուն: Ժամանակակիցներու միաձայն վկայութեամբ, ու մինչ տարամէտ ձգտումներու, հոսանքներու բացառիկ համադրիչ Քրիստափոր արդէն բացակայ էր (զոհուած՝ Վիտոշի լանջին), Ռոստոմն է, որ կ՛ապահովէր ներդաշնակում-համադրումը՝ երաշխաւորելով աշխարհահայեացքի առողջ աճումը, մշակելով նոյնքան «կենսական» եւ «մեր երկրի ներկայ կացութեան» ու հոլովոյթին համապատասխան երկրորդ ծրագիրը:
Երկրորդ ծրագիրը մշակումը եղաւ Ընդհ. ժողովէն բխած յատուկ յանձնախումբի մը, եւ ճիշդ չէր ըլլար զայն վերագրել Ռոստոմին, ինչպէս՝ առաջինի «Ներածական»ը. նոյնիսկ եթէ «անժխտելի է Ռոստոմի եթէ ոչ ոճին, գէթ շունչի՛ն ներկայութիւնը» (7) անոր մէջ եւս (Ռոստոմ ի հարկէ կը մասնակցէր յանձնախումբի նիստերուն): Բայց կ՛արժէ տեսնել Ընդհ. ժողովի ատենագրութիւնները, ուր Ռոստոմի միջամտութիւնները, յատկապէս՝ ազգային հարց-ընկերա-տնտեսական հարց (կեղծ) երկընտրանքի քննարկման մէջ, մեծապէս լուսաբանիչ են իր համադրական դիրքին ու վերաբերումին տեսակէտէն:
Այսպէս, համադրելով ժողովի 62րդ-63րդ նիստերուն ներկայացուած դրոյթները (ձախին՝ Ա. Ջամալեան եւ Շահխաթունեան, հակադրուած՝ Մուրատի, Վռամեանի, չափով մը եւ՝ Թոփչեանի եւ Արամի տեսակէտներուն), Ռոստոմ կը շեշտէ կարեւորութիւնը կովկասեան գործունէութեան, նախ՝ հերքելով նոր այս դաշտին մէջ ծաւալած գործէն՝ Թուրքիոյ ազգային պայքարի ճակատին կրած ենթադրեալ վնասը կամ նուազումը: «Կովկասում սկսած կռիւները հրապարակ հանեցին յեղափոխական բազմաթիւ անհատներ, բարձրացրին ընդհանրութեան ոգին, եւ այս բոլորից տաճկահայ դատը միայն շահ ունեցաւ…»: Պարզ է պատճառը. «Կովկասում մենք հիմնուեցինք աշխատաւորների դասակարգային ձգտումներին վրայ: Ու այս ձգտումների տեսակէտից հասկանում ենք եւ մեր ազգայնութիւնը… այս աշխատաւորական տեսակէտից մենք եղել ենք եւ պիտի մնանք ազգային…»: Ու կը հետեւի այժմէականացումը՝ «Մեր դաւանած ազգայնութիւնը տարբերում է բուրժուականից մանաւանդ այսօր, երբ մեր բանակի, աշխատաւորների եւ բուրժուազիայի միջեւ անխուսափելի բաժանումներ են առաջ գալիս…», յաւելեալ շեշտում-յիշեցումով՝ «…եւ ոչ միայն մեր կովկասեան գործունէութեան պատճառով է բուրժուազիան թշնամանում մեզ հետ. արդէն տաճկահայ յեղափոխութիւնն ինքնին՝ արհամարհանքի է հանդիպել նրա կողմից… տաճկահայ հարուստներից հէնց սկզբից ենք երես դարձրել… Մեզ՝ կովկասահայ աշխատաւորներիս մնում է միայն միանալ թրքահայ աշխատաւորների հետ, մանաւանդ որ մեր երկու հակառակորդները, երկու երկրների էլ բուրժուա դասակարգերը ձգտում են կապուել իրար հետ…»:
Այլապէս շահեկան, նաեւ վերի դրոյթներուն կարեւոր լրացուցիչ՝ նոյն ժողովի 68րդ-69րդ նիստերուն մէջ Ռոստոմի բերած ճշդում-ճշգրտումը՝ կազմակերպութեան գործի մարտավարութեան մասին. «Գալով այն հարցին, թէ ինչպէ՛ս է տարուել մեր կռիւը Տաճկահայաստանում, մի անգամ եւս պէտք է պնդեմ, որ նա չի տարուել «ազգովին»: Այո՛, նա եղել է ազգի համար, բայց՝ ո՛չ ազգովին: Դաշնակցութիւնը յենուել է միայն աշխատաւորական տարրի վրայ (…) Նիւթական օժանդակութեան վերաբերեալ, Կովկասում (…) ջերմ օժանդակութիւն էին ցոյց տալիս մանր բուրժուաները (միայն), բայց սահմանափակ շրջանում եւ ոգեւորութեան բացառիկ դէպքերում…» (8): Ապա Ռոստոմ բացառելով «շնորհիւ ձեռք առնուած մի քանի միջոցների» (իմա՛ «Փոթորիկ»ի գործ) քաղքենիութեան բերած հարկադրական նպաստի պարագան՝ կ՛եզրակացնէ. «…այդ տարրը ոչ մի բնական ձգտում չունի որեւէ օգնութիւն հասցնելու յեղափոխական գործին…»:
***
Ռոստոմի կեանքին ու գործին յաջորդող փուլերը, կենդանի գործի, ապա եւ՝ հայ ժողովուրդի ապրած ողբերգական իրադարձութիւններու յորձանքներուն մէջ, անշուշտ նուազ առիթ կամ պատճառ պիտի տային գաղափարական այսօրինակ ելոյթներու, յստակացումներու:
Բայց ի մտի ունենալով, իր կեանքի վերջին տասնամեակին, նախ՝ Իրանի սահմանադրականներու կողքին տարած պայքարը. ապա՝ իր ճիգերը Ռուսիոյ փետրուարեան յեղափոխութեան եւ ընկերվար շարժումի զոյգ ճակատներուն վրայ՝ Փեթրոկրատէն մինչեւ Սթոքհոլմ, ու, ի վերջոյ, Պաքուի գոյամարտին իր ղեկավար մասնակցութիւնը՝ ընդդէմ փանթուրանական վոհմակներու՝ ջանալով գործակցութեան բերել պոլշեւիկ կոմիսարները, բաւարարուիմ ընդգծելով, անգամ մը եւս, որ այս բոլորը կը վկայեն գաղափարական նո՛յն ամուր, համադիր կառոյցին մասին, որ վերը փորձեցի ուրուագծել: Ուրիշ բան չեն ըսեր՝ 1907ի Ընդհ. ժողովէն ետք՝ Ատրպատականէն ու Թեհրանէն մինչեւ Պոլիս, Պալքաններ ու Կարին, ապա՝ Կովկաս ու եւրոպական զանազան կեդրոններ Ռոստոմի հեւիհեւ վազքը «ազգի համար» (թէեւ իր շատ ճիշդ բանաձեւումով՝ «ոչ ազգովին»), հայթայթած անդադրում աշխատանքը՝ անհաւատալի իբրեւ քանակ ե՛ւ որակ, մինչեւ հիւծած, թիֆուսի հարուածներէն սպառած շիջումը 1919ի Յունուարին, Թիֆլիս. ապա եւ այդ տասներկու տարիներու ընթացքին իր գրած նամակները, որոնք արդէն նշուած «Նամականի» հատորին մէջ կը մօտենան երկու հարիւրի: Այս բոլորով դեռ հազիւ կ՛ունենանք մօտաւոր պատկեր մը՝ Ռոստոմի կերպարէն, եւ՝ այդ կերպարի կուռ, ի սկզբանէ հաստատուն, ինքնահաստատ գաղափարական լիցքէն (9): Հաւանօրէն այն ատեն աւելի լաւ կ՛ըմբռնենք վկայութիւնները՝ խոր համարումէն մինչեւ պաշտամունք գացող, որ իր մասին՝ իբրեւ մտածող եւ գործող ղեկավար ուժի՝ կտակած են գործակիցներ, ժամանակակից թէ հետեւող սերունդէն (10):
———————-
Ռոստոմ, «Դրօշակ»ի պատասխանատու կարգուած, Ընդհ. ժողովէն ետք կը խմբագրէր «Մեր Ծրագիրը» առաջնորդող յօդուածը, որ իբրեւ ներածական կը կցուէր մնացեալին, ու կը հրատարակուէր իբրեւ ամբողջութիւն (տեսնել «Դրօշակ», 1894 Օգոստոսի եւ Սեպտեմբերի թիւեր):
Առ ի նախազգուշացում՝ կ՛արժէ նշել, որ Ռոստոմի այս երկրորդ «դրօշակեան» շրջանը չէ յիշատակուած իր մասին գրուած «դասական» զոյգ կենսագրական յօդուածներուն մէջ՝ Ս. Վրացեանէն: Մոռացումը, լրիւ պատահական (Ռոստոմ քիչերէն էր, որուն հանդէպ Վրացեան ունէր անսակարկ հիացում…), բարեբախտաբար չեն կրկնած՝ աւելի ետք՝ փաստաթղթային նիւթերու իմաստով աւելի բարենպաստ պայմաններ վայելող եւ յատկապէս այդ ժամանակամիջոցին Ժընեւէն եւ շրջակայ վայրերէ Ռոստոմին գրած բազմատասնեակ նամակները աչքի առաջ ունեցող հրատարակութիւններ:
Ռոստոմի ժընեւեան երկրորդ այս շրջանի մանրամասնութիւններուն համար տեսնել «Ռոստոմ» եւ «Ռոստոմ – Նամականի» զոյգ հատորները, խմբագիր՝ Հ. Տասնապետեան, յաջորդաբար՝ 1979 եւ 1999, Պէյրութ: Տեսնել նաեւ «Պատմագրութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան», Ա., Յ. Քիւրքճեան, 1990, Աթէնք:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ