կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-10-27 20:47
Հասարակություն

Գաղափարին Համար, Ազգին Համար (Փորձ` Սիմոն Զաւարեանի Կերպարին Ընդմէջէն Բնորոշելու Դաշնակցականն Ու Դաշնակցութիւնը)

Գաղափարին Համար, Ազգին Համար (Փորձ` Սիմոն Զաւարեանի Կերպարին Ընդմէջէն Բնորոշելու Դաշնակցականն Ու Դաշնակցութիւնը)

108 տարի առաջ, 27 Հոկտեմբերի այս օրը, ճակատագիրը կտրեց կեանքի թելը Հ.Յ.Դաշնակցութեան խիղճի, բարոյականութեան եւ գաղափարական սկզբունքներու մարմնաւորումը հանդիսացող Սիմոն Զաւարեանին։ Անոր, որուն բովանդակ կեանքը ամբողջական ընծայաբերում մը եղաւ իր ժողովուրդի ազատագրութեան դատին եւ կուսակցութեան յեղափոխական պայքարին։

Թիֆլիսէն Տրապիզոն, Մետեխի բանտէն մինչեւ Պեսարապիոյ իր աքսորավայրը, Ժընեւէն մինչեւ Պէյրութ ու Կիլիկիա եւ, տակաւին, Պոլիսէն մինչեւ Տարօն ու Սասուն, Զաւարեան եղաւ գործի՛ մարդ, հողի եւ աշխատանքի երկրպագու։ «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է» դաւանեցաւ ան եւ գործեց անվերջ։ Իր կեանքը եղաւ տեւական մաշում, դանդաղ շիջում իր ժողովուրդի ծառայութեան ճամբուն վրայ։ «Էսպէ՛ս է. ով ուզում է լոյս տայ՝ պէտք է էրուի», գրեց իր մասին լոռեցի միւս մեծը՝ Յովհաննէս Թումանեանը, պարզ ու ճշմարիտ պատկերի մը մէջ խտացնելով Զաւարեանի կեանքին իմաստը։

Զաւարեան լոյս տուաւ։ Լոյս եւ ոգի։ Լոյս եւ խիղճ։ Եւ դեռ, բարոյական անսակարկելի սկզբունքներ, որոնք իր օրով եւ իրմէ ետք դարձան իր կուսակցութեան նկարագրային բնորոշ յատկանիշները, դարձան Զաւարեանական աւանդներ, իբրեւ Դաշնակցականութեան անգիր, բայց իրական չափանիշներ։ Իբրեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարական, քաղաքական եւ կազմակերպական արժէքներու շէնքը ամրացնող յեղափոխական-բարոյական անգնահատելի հարստութիւն։

Կը բաւէ վկայակոչել Հ.Յ.Դ. Երրորդ Ընդհանուր Ժողովին իր իսկ ձեռքով գրուած եւ «Կարգապահական» մակագրուած այն բանաձեւը, որ ցուցանիշը կը հանդիսանայ մեծ յեղափոխականին բարոյական անբասիր էութեան։

«Նկատելով,- կ’ըսէ Զաւարեան,- որ Հայ Յեղափոխական շարժումը առօրեայ կռիւը տանելու հետ միասին հանդիսանում է եւ հայ ժողովրդի գիտակցութիւնը լայնացնող եւ նրա հոգեկան մակերեւոյթը բարձրացնող խոշոր հասարակական երեւոյթ,

«Նկատելով որ աշխատանքի շահերի պաշտպանութիւնը հանդիսանում է մեր նպատակի հիմնական կէտերից մէկը, իսկ անգործունէութիւնը տանում է մարդկանց անբարոյականութեան ու ապրուստի թեթեւ բայց ծուռ միջոցների դիմելու, որ գցում է կազմակերպութեան վարկը,

«Որոշեց՝

«ա) Որ ամէն մի դաշնակցական օժտուած է լինելու ազնիւ մարդին յատուկ եւ հայ յեղափոխականին վայել բարոյական ու յեղափոխական յատկութիւններով.
«բ) Որ ամէն մի դաշնակցական, ուր որ էլ նա գտնուի, տարածելու է իր գաղափարները քարոզով եւ մանաւանդ կոնկրէտ գործերով, նայած իր ապրած վայրի պահանջներին,
«գ) Որ ամէն մի զինուոր կամ այլ կարգի յեղափոխական, արտասահմանում կամ երկրում, երբ նա ամբողջովին կազմակերպութեան տրամադրութեան տակ չէ, իր ապրուստը ապահովելու է իր ազնիւ աշխատանքով»։

Յեղափոխական-բարոյական մաքրամաքուր ըմբռնումի Զաւարեանական այս բանաձեւումը, անկասկած, ուրուագծումն է Դաշնակցական մարդու ազնիւ, անկաշառ եւ իտէալական տիպարին, որ հաւաքականութեան մէկ մասնիկն է, իսկ առանձին գործած ժամանակ՝ ամբողջ հաւաքականութիւնը, կուսակցութիւնը կը ներկայացնէ։ Մարդ, որ ունի անհատական նկարագիր, բայց որ կ’առաջնորդուի, պէտք է առաջնորդուի «հայ յեղափոխականին վայել բարոյական ու յեղափոխական յատկութիւններով»՝ մաքուր գաղափարապաշտութեամբ, ջինջ բարոյականութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով։

Դաշնակցութիւնը սովորական կեանք ունեցող մարդոց կուսակցութիւն մը չէ, Զաւարեանի համար։ Այդ կեանքը իմաստաւորուած է գործո՛վ, աւելի ճիշդը՝ գործով ու պայքարով՝ յանուն հայ մարդու, հայ հողի եւ հայ դատի իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Դաշնակցականը չի կրնար կրաւորական ըլլալ, այնքան ատեն որ ան կրողն է կուսակցութեան պատմական առաքելութեան եւ ազգային առաջադրանքներուն։ Ան իր միտքն ու հոգին ամբողջութեամբ կը նուիրէ իր պատկանած կուսակցութեան, զինք ծնած ժողովուրդին, անոր հոգերուն եւ ապագային։ Երդումով եւ Ծրագիր-Կանոնագիրով կուսակցութեան կապուած Դաշնակցականէն կը պահանջուին «կոնկրէտ գործեր»՝ կուսակցութեան առաջադրանքներուն եւ որոշումներուն գործադրութեան համար։ Այլապէս, ան կը դառնայ Դաշնակցական մտայնութեան տէր մարդ, բայց ոչ՝ Դաշնակցական մարդ, արժանի՝ ընկեր կոչումին։

Դաշնակցական ընկերը, Զաւարեանի համար, կոչուած է հանդիսանալու հանրային ուղղամտութեան, անշահախնդրութեան եւ նիւթական պարկեշտութեան օրինակ։ Ան պարտաւոր է ապրիլ «ազնիւ աշխատանքով», հեռու փարթամ կեանքի շուայտ վայելքներէն։ Եթէ երջանիկ ապրիլը լաւ բան է,- իսկ հակառակը ո՛չ ոք կրնայ պնդել,- երջանկութիւն պէտք է ապահովուի բոլորին եւ, ուրեմն, պէտք է ապրիլ ու գործել բոլորին համար, կը գրէ Զաւարեան առիթով մը եւ, ընկերվարական շեշտուած տրամադրութիւններով կը հաստատէ. «Ամէն մարդ իր քրտինքով պիտի աշխատի իր կերած հացը. որ հաւասար աշխատանքի հետ անհատը պիտի ունենայ նոյնպէս հաւասար իրաւունք կեանքից օգտուելու»։

Ի հարկէ, Զաւարեանին բազմաթիւ առիթներ ներկայացան «կեանքից օգտուելու»։ Իր մասնագիտութեամբ եւ վկայականով (ան փայլուն գիւղատնտես էր, Մոսկուայի նշանաւոր «Փեթրովկա» ճեմարանը առաջին կարգի մրցանակով աւարտած էր եւ նոյն հաստատութեան մէջ դասախօսելու հրաւիրուած), մտաւոր զարգացումով եւ գիտնականի հակումներով, ան կրնար բարձր դիրքեր եւ պաշտօններ գրաւել, մեծ տիտղոսներու եւ գումարներու տիրանալ, սակայն այդ բոլորը չհրապուրեցին զինք, որովհետեւ քրիստոնէական առաքեալի նուիրումով ան սիրե՛ց իր ժողովուրդը եւ կրթական գործի ճամբով ծառայե՛ց անոր ամէնէն տառապեալ, իրաւազուրկ եւ ընչազուրկ խաւերուն, խորապէս համոզուած՝ որ «Մեր հաւասարութեան, մեր գոյութեան միակ զէնքը կրթութիւնն ու լուսաւորութիւնն է»։

Զաւարեան ունեցաւ կրթութեան իր ուրոյն ըմբռնումները, որոնց համար ան ճշդեց օրին յեղափոխական թուացող, իսկ մեր օրերուն այնքա՜ն այժմէական հնչող չափորոշիչներ. «Զարգացնել անհատի գիտակցութիւնը, քննադատական ընդունակութիւնները, անհատականութիւնը ամենալայն եւ ամենաազատ կերպով»։ Չքաշուել այդ քննադատութիւնից առաջ եկող երեւոյթին «անցանկալի» հետեւանքներէ»,- որովհետեւ,- «Հայրենիքի եւ մարդկութեան լայն շահերի տեսակէտից աւելի լաւ է ունենալ զարգացած, ուղղամիտ եւ ազնիւ հակառակորդ, քան թէ անկամք, երկդիմի ու թութականման հետեւորդ»։

Դաշնակցութիւնը ունեցաւ գաղափարի բազմաթիւ առաքեալներ, բայց Զաւարեան զատորոշուեցաւ բոլորէն։ «Գաղափարի տէրվիշ»ի բարոյական իր հմայքով ու հեղինակութեամբ, հազուագիւտ անկեղծութեամբ եւ ժողովրդասիրութեամբ, ան սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ ընկերութեան բոլոր խաւերէն, նոյնիսկ՝ քաղաքական իր հակառակորդներէն, որոնք կրնային տարակարծիք ըլլալ հետը, բայց չէին կրնար չխոնարհիլ իր բարոյական ուժին եւ հոգիի մաքրութեան դիմաց, որովհետեւ «Սիմոն Զաւարեան Դաշնակցական գործիչ մը ըլլալէ աւելի՝ պայծառ ու անապակ իտէալի մարդն էր, անձնուէր, անկեղծ, անշահախնդիր», Երուանդ Օտեանի բնորոշումով։

Կռուի ճակատին վրայ չինկաւ Զաւարեան։ Ո՛չ ալ ֆետայի, զինուոր կամ ահաբեկիչ եղաւ։ Ան ընտրեց ամէնօրեայ կենդանի նահատակութեան ուղին, երբ կեանքի հեւքն ու շունչը սպառեց իր բազմաչարչար ժողովուրդին ընկերային ու ազգային ազատագրութեան ի խնդիր, դառնալով իր ժամանակի «Ընկերային Նազովրեցին»։ Նազովրեցին աշխարհ եկաւ մարդկութեան փրկութեան համար, զայն խաչեցին ու ան օրինակ դարձաւ։ Զաւարեան ծնաւ ու ապրեցաւ հայութեան իտէալներով, մեռաւ պարտականութեան ճամբուն վրայ, «Ազատամարտ»ի խմբագրատուն մեկնած ժամանակ, Պոլսոյ Աշխատանքի Տան առջեւ, կեանքով ու մահով օրինակ դառնալով յաջորդական սերունդներու։

Զաւարեան ապրեցաւ «Աշխարհիկ սուրբ»ի խստակրօն կեանքով։ Ան բծախնդիր ու պահանջկոտ եղաւ նախ իր անձին, ապա՝ ուրիշներու նկատմամբ։ Կուսակցութեան մէջ չհանդուրժեց թերացումներն ու բարոյական ընկրկումները։ Մերժեց սուտն ու կեղծիքը։ Խարազանեց ցուցամոլներն ու դասալիքները։ Ատեց ճառախօսութիւնն ու ամբոխավարութիւնը, զանոնք նկատելով ժամանակաւոր եւ փուճ ոգեւորութիւն։ Իր նկարագիրի յատկանիշներէն եղան խնայասիրութիւնն ու ժուժկալութիւնը՝ յատկապէս կուսակցական եկամուտներու հանդէպ։ Հանրային կեանքին մէջ, ան նիւթը, դրամը նկարագիրի խաթարման պատճառ նկատեց. «Ուր դրամը շատ է, այնտեղ տիրում է անմաքրութիւնը. ընդհակառակն, այնտեղ ուր քիչ դրամ կայ, տիրում է մաքրութիւն, անձնուիրութիւն։ Մեր գործունէութիւնը կարող է առաջ գնալ եւ յաջողութեամբ պսակուել այն ժամանակ, երբ խիստ ներդաշնակութիւն կը լինի բոլոր ճիւղերի- դրամականի, բարոյականի եւ զինականի միջեւ», պատգամեց ան։

Զաւարեան միակն էր, որ անձամբ այցելեց իրեն այնքան ծանօթ հայկական գաւառներն ու շրջանները, շրջեցաւ պատմական Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա (Սահմանադրական ազատութենէն իսկ առաջ, Համիտեան բռնապետութեան ամէնէն դաժան օրերուն), ուսումնասիրեց իր ժողովուրդին վիճակը եւ մօտէն ծանօթացաւ անոր ազգային-քաղաքական, կրթական-տնտեսական հարցերուն։ Աշխատեցաւ ժողովուրդին մէջ, ժողովուրդին համար։ Եղաւ ընկերային արդարութեան մնայուն ջատագով։ Եղաւ հո՛ն, ուր տառապանքը ներկայ էր։ Հոն ուր զրկանք եւ յետադիմութիւն կար։ Ապրեցաւ տառապանքը, բաժնեկցեցաւ զրկանքը եւ յետադիմութիւնը յառաջդիմութեան վերածելու համար, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան ռայոնական ժողովի ամպիոնէն, 1906-ին, պատգամեց. «Մեր ժողովուրդը պատմական անբարեյաջող պայմաններից ցեխոտուել է, խաբեբայ, ստրուկ է դառել. պէտք է դրանից մաքրել նրան. իսկ հայ ժողովուրդը մաքրելու, բարձրացնելու համար, նրա առաջ դնելու է մի այնպիսի նպատակ, որը կարողանար ոտքի կանգնեցնել նրա մեծ մասը։ Այդպիսի նպատակ կարող է լինել միայն ազգային կատարեալ հաւասարութեան եւ Թրքահայաստանի հարցը»։

Զաւարեան պաշտամունքի աստիճան սէր ունեցաւ հայ գիւղացիին եւ հայ հողին հանդէպ, այդ պատճառով ալ ան մինչեւ վերջ պայքարեցաւ «կատարեալ հաւասարութեան» ձեռք բերման եւ «Թրքահայաստանի հարց»ին լուծման ի խնդիր։ «Լոռիի լռին զաւակը», այսպէս, իր կեանքի օրինակով յետնորդ սերունդներուն սորվեցուց լուռ ու յարատեւ աշխատանքի եւ աննահանջ պայքարի արուեստը։ Սորվեցուց, թէ միջավայրի մը մէջ գործելու նպատակը ունեցող կուսակցութիւն մը ի՞նչպէս կրնայ ծանօթանայ այդ միջավայրի պայմաններուն, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական վիճակին։ Սորվեցուց մանաւա՛նդ կուսակցական համոզումները ինչպէ՛ս ներդաշնակել ազգային ու համամարդկային տենչանքներու հետ։

Շատ բան գրուած է Զաւարեանի առինքնող կերպարին մասին։ Իսկ իրմէ մեզի հասած բազմաթիւ գրութիւններէն կամ գրութեան վերածուած բանաւոր արտայայտութիւններէն ամէնէն ուշագրաւը, անկասկած, Դաշնակցութեան կենսունակութեան գաղտնիքը բնորոշող անոր պատմական մէկ ելոյթն է Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովի փակման նիստին, ուր ան կը հաստատէ. «Նրա [Դաշնակցութեան] կենսունակութեան եւ բարոյական բարձրութեան հիմքը ես երեք բանի մէջ եմ տեսնում.

«ա) Նրա անդամների մեծագոյն մասը նպատակ է ունեցել հայ աշխատաւոր ժողովուրդի շահերը պաշտպանել, որի վրայ եւ նա յենուել է գլխաւորապէս,
«բ) Որ նա միշտ կարողացել է ըմբռնել մոմենտը եւ ժամանակի ու տեղի պայմաններին յարմարուել,
«գ) Մեր բարոյական տիսցիպլինան։ Թէպէտ մեր սիստեմը եղել է ապակենտրոնացում, բայց եւ դրա հետ միասին եղել է խիստ տիսցիպլինա, այսինքն, որքան էլ մասնաւոր կարծիքների տարբերութիւններ են եղել անհատների մէջ, բայց ամէնքն էլ պարտաւորութիւն են զգացել ենթարկուել ընդհանուր որոշումներին եւ սկզբունքներին. եւ այդ վերաբերմունքն է, որ ոյժ է տուել մեր կազմակերպութեան եւ ամրապնդել նրան»։

Ահա՛, Զաւարեանական բացատրութեամբ, ուժին եւ մեծութեան աղբիւրը այն կուսակցութեան, որ անցնող 131 տարիներուն հետամուտ եղաւ «մշակ, բանուոր, ռէնչպէր ախպեր»ներու շահերու պաշտպանութեան, մերժելով կեղեքման, շահագործման, իրաւազրկման ամէն փորձ, խորապէս համոզուած, որ այդ երեւոյթներուն դէմ պայքարը կ’ենթադրէ քաղաքական եւ տնտեսական ազատութիւններու ձգտում, թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ եւ, այդ երկու ճակատներու գոյութեան գիտակցութիւնը եւ անոնց համագործակցութիւնն է, որ կրնայ ապահովել անհատի, ընկերութեան եւ մարդկութեան ազատագրութիւնն ու բարօրութիւնը։

Ահա՛ նաեւ յարատեւման եւ հզօրութեան գաղտնիքը այն կուսակցութեան, որ անցնող 131 տարիներուն մնայուն ներկայ մը եղաւ հայ կեանքի բոլոր բեմերուն վրայ (Երկիր, Անդրկովկաս, Սփիւռք) եւ պատմական բոլոր «մոմենտ»ներուն (յեղափոխութիւն, Հայ Դատի պայքար, Հայաստանի վերանկախացում, Արցախի ազատագրում, քառօրեայ եւ 44 օրեայ պատերազմներ…), կուսակցական իր գործունէութիւնը հմտօրէն պատշաճեցնելով յարափոփոխ վայրերու եւ պայմաններու պահանջներուն հետ, տեղ մը հանդէս գալով ժողովրդային ինքնապաշտպանութեամբ, այլուր՝ քաղաքական-դիւանագիտական պայքարով, մէկ ուրիշ տեղ՝ հայապահպանման եւ գաղութներու կազմակերպման պարտականութեամբ, միշտ եւ ամէնուր սակայն յանձնառու մնալով հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման եւ ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիք կերտելու պատմական անհրաժեշտութեան։

Վերջապէս, ահա՛, 131-ամեայ կուսակցութեան մը կազմակերպական կառոյցը կուռ եւ միաձոյլ պահող ամրապինդ այն շաղախը, որ ծանօթ է Զաւարեանական «խիստ տիսցիպլինա»՝ խիստ կարգապահութիւն բացատրութեամբ։ Կարգապահութիւնը հիմնական պայման է որեւէ հաւաքականութեան յաջողութեան համար։ Կարգապահութիւնը կը կայանայ տուեալ կառոյցի մը կամ հաւաքականութեան մը անդամներէն իւրաքանչիւրին իրեն վստահուած պարտականութիւնը լրիւ եւ անշեղ կատարելուն մէջ, յօգուտ ամբողջութեան եւ գործին։

Այդպէս է, որ նորագիր մը իր երդումը կատարած պահէն կը դառնայ Դաշնակցութեան դրօշին զինուորեալ՝ իր կեանքին գնով հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութեամբ։ Ան կը դադրի սոսկ անհատ մը ըլլալէ։ Ազգային-քաղաքական անձնական նախասիրութիւնները կը վերապահէ իրեն եւ կը գործէ կուսակցութեան Ծրագիր-Կանոնագիրին եւ Ընդհանուր Ժողովներու որոշումներով միայն։ Մինչեւ որոշումի մը կայացումը ան կրնայ ազատօրէն ընդդիմանալ անոր, սակայն կայացումէն ետք՝ իրեն կը մնայ «ամէն ջանք ի գործ դնել» որոշումին յաջողութեան համար։ Շատ պարզ ու յստա՛կ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կազմակերպական իր ապակեդրոնացման հետ միասին ունի բարոյական եւ գաղափարական կեդրոնացում, ուրկէ կը բխին կուսակցութեան մարտունակ նկարագիրին պահանջած այս խստութիւնը եւ կարգապահութիւնը՝ կուսակցական բոլոր ձեւի աշխատանքներուն մէջ։

Ու կը մնայ հաստատել, որ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութենէն իւրաքանչիւրը, Դաշնակցականի ընդհանուր եւ հասարակաց յատկութիւններէն վեր ու անկախ, ինքզինք բնորոշող յատկութեամբ մը զանազանուեցաւ մնացեալներէն։ Սիմոն Զաւարեան եղաւ բիւրեղացած առաքինութիւն մը։ Յեղափոխական թէ հասարակական գործիչ, գիւղատնտես թէ կրթական գործիչ, հալածուած կամ աքսորուած, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի թէ Լեռնավայրի Պատասխանատու Մարմինի անդամ, ան մնաց նոյնը, Դաշնակցականի հարազատ տիպարով ու բարոյական անբասիր դիմագիծով, հասաւ ամէն տեղ եւ ամէնուն, գաղափարի՛ն համար, ազգի՛ն համար, բոլոր մարդոց համար անխտի՛ր, իր շունչն ու դրոշմը դնելով ամբողջ ժամանակաշրջանի մը, ամբողջ կուսակցութեան մը եւ ամբողջ սերունդներու վրայ։

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

aztagdaily.com