կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-09 17:16
Մշակույթ

Սիրիացի գրող, հայագետ Նիզար Խալիլին կնքեց իր մահկանացուն

Սիրիացի գրող, հայագետ Նիզար Խալիլին կնքեց իր մահկանացուն

«Ազդակ»- 

Չորեքշաբթի, 8 մայիս 2019-ին իր մահկանացուն կնքեց քեսապաբնակ սուրիացի գրող, մանկավարժ եւ հայագէտ, 93-ամեայ Նիզար Խալիլին:

Նիզար Խալիլի ծնած է Հալէպ 1925-ին, բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Պէյրութ, Լիբանան:

1943 – 1946 թուականներուն պաշտօնավարած է Հալէպի Նոր Գիւղ հայկական թաղամասի Զաւարեան վարժարանին մէջ` իբրեւ արաբերէնի ուսուցիչ:

Հայերէնին տիրապետած է մանկավարժական իր աշխատանքին ընթացքին: Նիզար Խալիլի ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, մշակոյթը եւ մասնաւորապէս` գեղարուեստական գրականութիւնը: Քանի մը անգամ այցելած է Հայաստան:

Նիզար Խալիլի հայ մշակոյթին եւ հայ-արաբական գրականութեան նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ է: Ան առանձին գրքոյկներով արաբերէնի թարգմանած ու հրատարակած է Յովհաննէս Թումանեանի, Գրիգոր Զոհրապի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի ստեղծագործութիւնները:

Նիզար Խալիլի նաեւ հայերէնի թարգմանած է արաբ հեղինակներու գործերը, ինչպէս նաեւ գրած է բազմաթիւ հայերէն բանաստեղծութիւններ: