Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ցեղասպանութենէն վերապրած գանատահայ Էօժէնի Փափազեան 105 տարեկանը բոլորած՝ կնքեց իր մահկանացուն
Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն վերջին բեկորներէն մին՝ գանատահայ Էօժէնի Փափազեան (Գոգորեան-Երկանեան), Հինգշաբթի, 14 Յունուար 2020-ին, Թորոնթոյի մէջ, 105 տարեկանի սեմին, կնքեց իր մահկանացուն:
Էօժէնի Փափազեան ծնած է Թուրքիոյ Սամսոն նահանգի Սեւ Ծովի ափին գտնուող Իոնիէ գաւառին մէջ, 1915-ին: Ան բնաւ չէ ճանչցած իր ծնողները: Հայրը 1915-ին զինակոչուած է եւ չէ վերադարձած, իսկ մայրը մահացած է իր ծնունդէն անմիջապէս ետք:
Էօժէնիի ընտանիքը եղած է բազմանդամ: Ունեցած է երկու քոյր՝ Արուսեակ եւ Ազնիւ, երեք եղբայր, երեք մօրաքոյր եւ քեռի, որոնց բնաւ չէ հանդիպած:
1915-ի տեղահանութիւններուն սկիզբը իր ընտանիքի բոլոր անդամները կ’ապաստանին լեռները, ապա կ’իջնեն ձոր, ուր կը ծնի Էօժէնին: Մօր տկար վիճակը տեսնելով՝ հարազատները խորհուրդ տուած են, որ հոն թողու իր նորածին զաւակը, բայց, բնականաբար, մայրը չէ ընդունած, մինչ հարազատներէն ոմանք եւս դէմ եղած են նորածինը ճամբան թողելուն, զայն նկատելով Աստուծոյ կամքին դէմ գործուած մեղք: Նորածինը անուանած են Ոսկի, նկատի առած անոր աստուածատուր գեղեցկութիւնն ու ոսկեգոյն մազերը: Անկէ ետք, փախուստի ճամբուն վրայ մայրը աւանդած է իր հոգին:
Երեք տարի մեծ մայրը կը խնամէ զինք, որմէ ետք, երբ այլեւս անկարող կ’ըլլայ խնամելու երեխան, զինք կը յանձնէ որբանոց: Էօժէնիի ոդիսականը կը շարունակուի, երբ կը յայտնուի Յունաստանի որբանոցներէն մէկուն մէջ, շնորհիւ Ամերիկեան Օգնութեան Միութեան, որ փրկելով 13 հայ որբեր, զանոնք կ՚ուղարկէ Յունաստան։ Հայ ընտանիք մը կ’որդեգրէ Էօժէնին եւ կը տանի Եգիպտոս, Գահիրէ, ուր յետագային կը հանդիպի իր ամուսնոյն՝ Կարապետ Գոգորեանի, եւ 15 տարեկանը հազիւ բոլորած՝ կ’ամուսնանայ անոր հետ:
1973-ին Գանատա ներգաղթելով կենքի մնացեալ հանգրուանը կ՚անցընէ Թորոնթոյի մէջ։ Էօժէնիի ժառանգը՝ 5 զաւակ, 9 թոռ, 14 ծոռ եւ 1 կոռ:
2019 թուականին, «Հորիզոն»ի աշխատակից Սարին Փօլատեան յատուկ հարցազրոյց մը կատարած էր Էօժէնիին ու անոր զաւկին՝ Պետրոս Գոգորեանի հետ, որ օրին հրատարակուեցաւ առցանց:
horizonweekly.ca