Փոխարժեքներ
18 01 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 398.94 |
EUR | ⚊ | € 410.95 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.8929 |
GBP | ⚊ | £ 486.63 |
GEL | ⚊ | ₾ 140.52 |
Ըստ «Ճումհուրիեթ»-ի. Էրտողան Երկու Անգամ Մերժած Է Փութինի` Ուքրանիոյ Եկեղեցւոյ Եւ Պոլսոյ Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքարանի Գործողութիւններուն Միջամտելու Դիմումը
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկու անգամ մերժած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Ուքրանիոյ եկեղեցւոյ եւ Պոլսոյ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ գործողութիւններուն միջամտելու դիմումը: Այս մասին յայտնած է պատրիարքութեան` Պուրսայի առաջնորդ Էլֆիտոֆորոս Լամպրինիատիսը թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Յոյն բարձրաստիճան հոգեւորականը նշած է, թէ հակառակ Անգարայի եւ Մոսկուայի սերտ յարաբերութիւններուն` Թուրքիոյ ղեկավարը մերժած է միջամտել ուղղափառ եկեղեցւոյ գործերուն` շեշտելով, որ Թուրքիան աշխարհիկ պետութիւն է, եւ իշխանութիւնները չեն խառնուիր եկեղեցական ներքին հարցերուն:
Լամպրինիատիս նշած է, թէ Փութին Ուքրանիոյ եկեղեցւոյ առնչուած խնդիրներուն Էրտողանի միջամտութիւնը ակնկալած է երկու անգամ` 2008-ին եւ 2018-ին: Էրտողան երկու անգամ ալ բացասական պատասխան տուած է Ռուսիոյ նախագահին:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուընէ Ուքրանիան Պոլսոյ պատրիարքութենէն անկախացման մասին հրամանագիր խնդրած է: Յունուար 2019-ի սկիզբը Պոլսոյ յոյն ուղղափառ Բարթողիմէոս պատրիարքը Քիեւին փոխանցած է «նոր եկեղեցւոյ» անկախացման մասին հրամանագիրը:
Պոլսոյ պատրիարքութեան կողմէ այդ քայլին պատճառով Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցին յայտարարած էր Պոլսոյ պատրիարքութեան հետ հաղորդակցութեան դադրեցման մասին:
Ազդակ օրաթերթ