կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-05-24 17:32
Սփյուռք

­Յոյն եւ­րոե­րես­փո­խա­նը կը պա­հան­ջէ Ատր­պէյ­ճա­նէն հայ գե­րի­նե­րու ան­մի­ջա­կան վե­րա­դար­ձը

­Յոյն եւ­րոե­րես­փո­խա­նը կը պա­հան­ջէ Ատր­պէյ­ճա­նէն հայ գե­րի­նե­րու ան­մի­ջա­կան վե­րա­դար­ձը

Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի լիա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին, յոյն ե­րես­փո­խան Ս­թե­լիոս ­Քիմ­պու­րո­փու­լոս Ատր­պէյ­ճա­նէն պա­հան­ջեց հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու ան­մի­ջա­կան վե­րա­դար­ձը՝ մի­ջազ­գա­յին կա­նոն­նե­րուն հի­ման վրայ։

Հ­րա­պա­րա­կո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ, եւ­րոե­րես­փո­խա­նը կը նշէ.

«2020-ի ըն­թաց­քին, Ատր­պէյ­ճա­նի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ կանգ ա­ռաւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցի խա­ղաղ լուծ­ման հա­մար Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ­Մինս­քի խում­բի երկ­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քը։ ­Պա­տե­րազ­մի հրահ­րու­մը պատ­ճառ դար­ձաւ հա­մա­տա­րած բռնու­թեան ծա­ւա­լու­մին, ո­րուն զոհ գա­ցին բազ­մա­թիւ քա­ղա­քա­ցի­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ մահ­մե­տա­կան վարձ­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, ո­րոնք ղրկո­ւե­ցան ­Թուր­քիոյ ան­մի­ջա­կան օգ­նու­թեամբ»։

Ե­րես­փո­խա­նը շեշ­տեց, որ հրա­դա­դա­րը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու նո­ւաս­տա­ցու­մով եւ մին­չեւ այ­սօր բազ­մա­թիւ ար­գելք­ներ դրո­ւած են ա­նոնց վե­րա­դար­ձին առ­ջեւ։ ­Նաեւ, մեծ թի­ւով հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին եւ կրօ­նա­կան կո­թող­ներ ոչն­չա­ցած են ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու գրա­ւու­մին տակ գտնո­ւող տա­րածք­նե­րուն մէջ։ «Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը բա­ցար­ձա­կա­պէս ան­պատ­րաստ գտնո­ւե­ցաւ հա­կազ­դե­լու ­Թուր­քիոյ ու իր դաշ­նա­կից­նե­րու նո­րօս­մա­նա­կան նկրտում­նե­րուն», մատ­նան­շեց Ս­թե­լիոս ­Քիմ­պու­րո­փու­լոս։

«Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը պար­տա­ւոր է գէթ հի­մա ցոյց տալ իր վճռա­կա­նու­թիւ­նը, յա­ջո­ղե­լով հայ գե­րի­նե­րու շու­տա­փոյթ վե­րա­դար­ձը եւ մի­ջազ­գա­յին կա­նոն­նե­րու հի­ման վրայ` Ատր­պէյ­ճա­նի դրսե­ւո­րած բռնու­թեան կանգ­նու­մը։

­Մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցած է հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու լուծ­ման լու­սա­ւոր օ­րի­նա­կը եւ մենք պար­տա­ւոր ենք տա­րա­ծել այդ տի­պա­րը»։

azator.gr