Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ֆրանսիահայ դաշնակցական հասարակական֊քաղաքական գործիչ Հրաչ Վարժապետյանը գրում է.
«Մինչ վերջին գրեթէ մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստանի Ազգային Ժողովի ամպիոնէն պատգամաւորը կը յայտնէ, թէ անհանգիստ կը զգայ «խփում ենք թուրքին ախպերս ու ես» լսելով, կամ մինչ Սփիւռքէն ու Հայաստանէն ինքնակոչ յայտարարութիւններ կը լսուին «լաւ» թուրքին ներելու (չգիտես, թէ ո՞վ է տուած այդ իրաւունքը իրենց` համազգային տարողութեամբ զգայուն ու նուրբ այս հարցին մասին նման արտայայտութիւն ունենալու), կամ երբ արցախեան տագնապի լուծման գծով բանակցութեանց ընթացքին հայրենի իշխանութիւնները «փուլային» տխրահռչակ, վտանգաւոր, պարտուողական անընդունելի տարբերակին նկատմամբ լպրծուն եւ երկդիմի կեցուածքներ կը ճշդեն ու կը մտածեն, որ «ազրպէյճանի ժողովուրդին տեսակէտն ալ պէտք է նկատի առնուի», անդին էրտողան երկու օր առաջ մատ կը թօթափէ եւ կը սպառնայ «կռիւը շարունակել հայկական վատթար լոպիին դէմ», պարզ խօսքով` ի խնդիր Հայ Դատին պայքարող Սփիւռքին դէմ: Եւ հետաքրքրական «զուգադիպութեամբ», յանկարծ, յաջորդող օրը, երէկ, թուրքիոյ մէջ ստեղծուեցաւ այսպես կոչուած «արեւմտեան ազրպէյճանի աքսորեալ կառավարութիւնը», որ զինեալ եւ դիւանագիտական պայքար պիտի մղէ եղեր` «ազատագրել»-ու համար ներկայ Հայաստանը եւ զայն կցելու այսպէս կոչուած «միացեալ ազրպէյճանին»: