կարևոր
2353 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-23 14:46
Քաղաքական

Ակնարկ. Ուքրանիոյ Ներկայութիւնը Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին

Ակնարկ. Ուքրանիոյ Ներկայութիւնը Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին

Մայիս 22, 2023 | Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական

Ուքրանիոյ նախագահին Արաբական վեհաժողովին յայտնուիլը անակնկալ էր: Ժողովի ձեւաչափն ու օրակարգը նկատի ունենալով նոյնիսկ հակաօրինաչափ երեւոյթի համազօր էր անոր ժամանումը Ժետտա եւ մասնակցութիւնը Արաբական լիկայի սպասուած վեհաժողովին: Նախապէս Զելենսքիի մասնակցութեան մասին յայտարարութիւններ չկային: Գրեթէ նոյն օրն էր, որ անոր մասնակցութեան լուրը պաշտօնականացաւ:

Ուքրանիոյ նախագահը արաբական երկիրներուն կոչ ուղղեց օգնելու ուքրանացի ժողովուրդին` վստահեցնելով, որ իր երկիրը երբեք պիտի չընդունի ռուսական ախորժակները: «Այն ինչ որ մեր երկրին մէջ տեղի կ՛ունենայ, պատերազմ է եւ ոչ թէ պարզապէս տագնապ մը», ըսաւ Զելենսքի` կոչ ուղղելով պաշտպանելու Ուքրանիան, անոր ժողովուրդն ու «մեր երկրի իսլամները»` մատնանշելով, որ Խրիմի թաթարներու ներկայացուցիչը իրեն հետ ներկայ է վեհաժողովին:

Խրիմի խնդիրը նախկին զգայնութիւնը կորսնցուցած է Անգարայի մօտ: Այդ չի նշանակեր, որ հարցը սուր կերպով չի վերադառնար. յայտնապէս ժամանակաւոր է սուր հակազդեցութիւններու բացակայութիւնը` Էրտողան – Փութին համաձայնութիւններու շրջանակներուն մէջ:

Հիմա Խրիմի իսլամ թաթարներու ներկայացուցիչը ուղեկցած էր Ուքրանիոյ նախագահին` արաբական իսլամական միջավայրի մէջ: Խրիմը սակայն ռուսական ազդեցութեան տակ գործող շրջան է եւ արաբական միջավայր այս ձեւով Խրիմի ներկայացուցիչ բերելը Ռուսիա-արաբական աշխարհ հակադրելու մարտավարութիւնը կ՛ենթադրէ:

Զելենսքին, Խրիմի թաթար ներկայացուցիչին ընկերակցութեամբ, Արաբական լիկայի վեհաժողովին չէր կրնար երթալ առանց Ռիատի հրաւէրին: Ռիատ նման հրաւէր կը յղէր յայտնապէս Ուաշինկթընի պատուէրով:

Ուղերձը բազմակողմանի է այս պարագային: Միացեալ Նահանգները ոչ միայն Ռուսիոյ, այլ նաեւ Չինաստանին կը յուշեն, որ հակառակ անոր որ Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւնը Փեքինի մէջ տեղի ունեցաւ, այդուհանդերձ գործընթացները առնուազն ի հեճուկս Միացեալ Նահանգներուն չէ, որ կ՛ընթանան:

Յանկարծակի այս երեւումին դիմաց Սուրիոյ նախագահը իր անհամաձայնութիւնը յայտնեց դիւանագիտական ժեսթերով: Զելենսքիի խօսած պահուն թարգմանութիւնը լսելու գործիքը անջատելով ան պարզ դարձուց, որ չ՛ուզեր լսել Ուքրանիոյ նախագահին խօսքը: Մանաւանդ որ Դամասկոսը ճանչցած էր Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ անկախութիւն հռչակած եւ ռուսական զօրքերու տեղակայումը ընդունած շրջանները:

Իրադարձութիւնը սակայն աշխարհաքաղաքական շարժառիթներ ունի եւ ամերիկեան ազդեցութեան գօտիներու վերասահմանումներուն հետ առնչուած է: Ինչ որ իր հերթին կը նշանակէ ռուսական գործօնի չէզոքացման քաղաքականութիւն:

Ուաշինկթընի ներկայացուցիչը այս բոլորին առընթեր յայտարարեց, որ իրենք չեն կարծեր, որ Սուրիա ներկայիս արժանի է Արաբական լիկա վերընդունուելու, եւ թէ այս կէտը ուղղակի քննարկած են շրջանային եւ արաբական աշխարհին մէջ իրենց գործընկերներուն հետ:

Դժուար համոզիչ դառնայ այն, որ Ռիատ իր յարաբերութիւնները կը բնականոնացնէ Դամասկոսի հետ եւ Սուրիոյ նախագահը կը հրաւիրէ Արաբական լիկայի վեհաժողովին, առանց ամերիկեան թոյլտուութեան:

Հիմա Ուաշինկթընը կը յայտարարէ, որ Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները չեն վերացած: Դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումները եւ Սուրիոյ արաբական լիկա վերադարձը սակայն այլ բան կը յուշեն:

«Ա.»
aztagdaily.com