Պահանջատէր հայը միշտ կը սպասէ այդ սիրելի րոպէին՝ հարուածելու ի խնդիր Հայաստանին ու ի սպաս հայ ժողովրդին։ Եւ որքա՜ն ճիշդ են երգին բառերը, որովհետեւ «Ամէն հայ քաջ սպասում է այն սիրելի րոպէին...»
Սիրելի րոպէն հասաւ Պոլսոյ Պանք Օթոմանի պատերէն ներս՝ 124 տարի առաջ, Օգոստոս 14, 1896ին։ Ա՛յդ օրը, ա՛յդ րոպէին, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հաւանութեամբ, նախաձեռնուեցաւ յեղափոխական աննախընթաց գործողութիւն մը՝ ընդդէմ Օսմանեան կայսրութեան բռնակալութեան։ Դաշնակցութիւնը որոշած էր յանդուգն հարուածով գրաւել Պանք Օթոմանը, որ Արեւելքի մէջ Եւրոպական դրամատէրերու եւ ելեւմուտքի կեդրոնն էր։
Զէնքերով եւ ռումբերով սպառազինուած 26 Դաշնակցական մարտիկներ, Բաբգէն Սիւնիի ղեկավարութեամբ, Պոլսոյ կեդրոնին մէջ գրաւեցին Պանք Օթոմանի շէնքը։ Գործողութեան ընթացքին ռումբի պայթումով նահատակուեցաւ Բաբգէն Սիւնի։ Գործին ղեկավարութիւնը ստանձնեց Արմէն Գարօ։
Գործողութիւնը շառաչուն պատասխան էր Սուլթան Ապտուլ Համիտի կողմէ Հայութեան դէմ շարունակուող համատարած հալածանքին ու սպանդին։ Իսկ թիրախը կը հանդիսանար Եւրոպական դրամագլուխի կեդրոնը պայթեցնելու սպառնալիքով մղել Եւրոպական տէրութիւններուն, որպէսզի գործադրեն Հայկական նահանգներու մէջ իրենց խոստացած բարեկարգումներու ծրագիրը։
Մինչ Պանք Օթոմանի գրաւումը ընթացքի մէջ էր, Պոլսոյ Եւրոպական դեսպանատուները խուճապի մատնուած էին եւ կը փորձէին որոնել ելքեր՝ հանգուցալուծելու համար գրաւման գործողութիւնը։ Եւրոպական դեսպանատուներու լիազօրութեամբ, Ռուսիոյ դեսպանատան դիւանագէտ Մաքսիմով սկսաւ բանակցիլ Արմէն Գարոյի հետ։ Արմէն Գարօ ներկայացուց այն պահանջները, որոնց յարգումի պարագային հայ մարտիկները խաղաղօրէն պիտի դուրս գային դրամատան շէնքէն, այլապէս՝ պատրաստ են պայթեցնելու ե՛ւ շէնքը ե՛ւ իրենք զիրենք։
Հայ մարտիկներու ներկայացուցած պահանջներուն շարքին հիմնական երկու կէտեր կային։ Առաջին, կասեցնել հայութեան դէմ Օսմանեան պետութեան սպանդն ու ջարդերը։ Երկրորդ, Եւրոպական տէրութիւնները տէր կանգին իրենց խոստումին եւ Հայկական նահանգներու տարածքին սկսին գործադրել իրենց խոստացած բարեկարգումներու ծրագիրը։
Երկար բանակցութիւններէ ետք, Մաքսիմով խոստացաւ Եւրոպական դեսպանական ներկայացուցիչներու անունով, որ ֆետայիներու դրած պահանջները պիտի յարգուին եւ գործադրուին։ Այս հիմամբ, Օգոստոս 15ին Դաշնակցական մարտիկները իրենց զէնքերով եւ ռումբերով դուրս եկան Պանք Օթոմանի շէնքէն եւ ուղղուեցան դէպի ֆրանսական «Ժիրոնտ» նաւը, որ զիրենք պիտի փոխադրէր Եւրոպական ցամաքամաս։
Պանք Օթոմանի գրաւումը տեւեց 14 ժամ։ Հայ մարտիկները յարգանքով եւ մեծ զգուշութեամբ վարուեցան դրամատան անձնակազմին հետ։ Անոնք որեւէ ձեւով չդպան դրամատան մէջ գտնուող միլիոնաւոր գումարներուն։
Հազիւ ֆրանսական նաւը Մարսէյ հասաւ, անոնք ձերբակալուեցան։ Յանուն Եւրոպայի Մաքսիմովի կատարած խոստումը չյարգուեցաւ։ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ շարունակեց Հայութեան դէմ իր սպանդի վարքագիծը։ Իսկ բարեկարգումները ծրագիրը գործադրելու խոստումը մնաց թուղթի վրայ։
Հայութեան նկատմամբ Արեւմուտքի խոստմնադրժութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Սակայն, Բաբգէն Սիւնիի օրինակով սնանող ու Պանք Օթոմանի խիզախումի ոգիով հասակ առնող մեր յաջորդական սերունդները գիտակից են այդ խոստմնադրժութեան։
Հայ Դատի պայքարը կը շարունակուի այդ գիտակցութեամբ, եւ ամէն հայ քաջ միշտ կը սպասէ այդ սիրելի րոպէին...։
Սեդօ Պոյաճեան