|
Փոխարժեքներ
19 06 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 368.19 |
| EUR | ⚊ | € 422.02 |
| RUB | ⚊ | ₽ 5.0067 |
| GBP | ⚊ | £ 487 |
| GEL | ⚊ | ₾ 138.94 |
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Տենիզլի նահանգին մէջ իր համակիրներուն առջեւ արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Թուրքիոյ` Սուրիոյ եւ Իրաքի վերաբերեալ կատարած քայլերը նեղութիւն պատճառեցին շրջանին նկատմամբ կեղտոտ հաշիւներ ունեցողներուն»:
«Անոնք, որոնք փորձեցին Թուրքիան վախցնել ահաբեկչական կազմակերպութիւններով եւ դրամանիշերու արժէքներով չյաջողեցան իրագործել իրենց նպատակը», նշեց ան:
«Այն ուժերը, որոնք տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ հրամաններ կու տային ներկայիս իրենց նեղութիւնը կ՛արտայայտեն Անգարայի անկախ գործելուն նկատմամբ», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:
«Անոնք, որոնք հովանաւորեալութեան ժամանակաշրջանին ժողովուրդին կամքը գրաւ դրին, եւ անոնք, որոնք իրենք զիրենք ժողովուրդէն վեր կը դասեն, այժմ նեղութիւն կը զգան թրքական պետութեան ուժգին կեցուածքէն», յայտնեց Էրտողան:
Ազդակ օրաթերթ